­Կի­րա­կի, 22 ­Մարտ 2026-ին, Ս. ­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­զան կա­մար­նե­րուն տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան մշա­կու­թա­յին եւ հո­գե­ւոր ձեռ­նարկ մը, որ խոր տպա­ւո­րու­թիւն ձգեց ներ­կա­նե­րուն վրայ։ ­Հա­յաս­տա­նի Ա­լա­ւեր­տի քա­ղա­քէն ժա­մա­նած յու­նա­կան հա­մայն­քի «­Քա­լիո­բի» երգ­չա­խում­բը ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան ազ­գա­յին ու հո­գե­ւոր եր­գե­րու հա­րուստ ծրա­գիր մը։ Երգ­չա­խում­բի կա­տա­րու­մով հնչե­ցին հո­գե­ցունց շա­րա­կան­ներ, ինչ­պէս նաեւ ժո­ղովր­դա­կան մե­ղե­դի­ներ, ո­րոնք ի­րենց խոր ար­մատ­նե­րով կա­պո­ւած են եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թեան եւ հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թեան։
Ե­րաժշ­տա­կան ձեռ­նար­կը դար­ձաւ մշա­կու­թա­յին կա­մուրջ մը ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ՝ ընդգ­ծե­լով եր­կու քրիս­տո­նէա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ հո­գե­ւոր ընդ­հան­րու­թիւն­նե­րը։ ­Յատ­կա­պէս տպա­ւո­րիչ էին այն պա­հե­րը, երբ հայ եւ յու­նա­կան եր­գե­րը ի­րա­րու միա­խառ­նո­ւե­լով՝ ստեղ­ծե­ցին միաս­նա­կան ա­ղօթ­քի եւ եղ­բայ­րու­թեան մթնո­լորտ։
­Միա­ժա­մա­նակ, ­Տէր ­Զա­քա­րեան սրա­հէն ներս, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Կի­լի­կիա» փոք­րիկ­նե­րու պա­րա­խում­բը եւս ու­նե­ցաւ իր գու­նա­գեղ ե­լոյ­թը՝ ներ­կա­յաց­նե­լով հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան պա­րեր։ ­Փոք­րիկ­նե­րու կեն­դա­նի եւ ո­գե­ւո­րիչ կա­տա­րում­նե­րը ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտան հան­դի­սա­տե­սին կող­մէ՝ հա­ղոր­դե­լով ու­րա­խու­թիւն եւ ազ­գա­յին հպար­տու­թիւն։ Ն­շենք նաեւ, որ ամ­բողջ ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր եւ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ո­րուն ջան­քե­րով նման մշա­կու­թա­յին ար­ժէ­քա­ւոր պա­հեր կը շա­րու­նա­կեն կեան­քի կո­չո­ւիլ հա­մայն­քին մէջ։
­Ներ­կա­ներն ու հիւ­րե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ եւ ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րով ըն­դու­նե­ցին օ­րո­ւան բո­լոր ե­լոյթ­նե­րը՝ գնա­հա­տե­լով մաս­նա­կից­նե­րու բարձր կա­տա­րո­ղա­կան մա­կար­դա­կը եւ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը ազ­գա­յին ու հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման գոր­ծին։ Այս­պի­սի ձեռ­նարկ­նե­րը ոչ միայն կը հարս­տաց­նեն հա­մայն­քա­յին կեան­քը, այ­լեւ կը զօ­րաց­նեն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ մշա­կու­թա­յին եւ հո­գե­ւոր կա­պե­րը՝ փո­խան­ցե­լով սէր, յար­գանք եւ միաս­նու­թեան պատ­գամ։

ԹՂԹԱԿԻՑ