­Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած քաղաքական եւ ցուցական ելոյթները Յունաստանի մէջ

0
12

Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին, Ա­թէն­քի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յա­հոծ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դի եւ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րը։
Ա­թէն­քի մէջ, քա­ղա­քա­կան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յու­թեամբ ու խօս­քով, ժո­ղովր­դա­յին թա­փո­րով եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մով։ Ն­մա­նօ­րի­նակ ե­լոյթ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ ­Գա­վա­լա­յի մէջ։ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հա­մա­ժո­ղովրդա­յին ցոյ­ցե­րը դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տու­նը եւ հիւ­պա­տո­սա­րա­նը հա­մախմ­բե­ցին յու­նա­հա­յու­թիւ­նը՝ որ­պէս պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում­ներ։ Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, ­Գա­լա­մա­թա­յի եւ Թ­րա­կիոյ մէջ, ժո­ղո­վուր­դի եւ յոյն պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու ներ­կա­յու­թեան կա­տա­րո­ւե­ցան բա­րե­խօ­սա­կան ա­ղօթք­ներ, ի յի­շա­տակ մէ­կու­կէս մի­լիոն սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն։
­Յա­ջոր­դա­բար, մեր թեր­թի է­ջե­րէն ման­րա­մասն պի­տի անդ­րա­դառ­նանք բո­լոր ե­լոյթ­նե­րուն։