Կիրակի, 19 Ապրիլին, Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի Հայ դատի յանձնախումբը, շրջանի մարզպետարանի համակազմակերպութեամբ, իրագործեց յիշատակի ձեռնարկը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։
Ելոյթը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 11-ին, Թեսաղոնիկէի Սպայից ակումբի հանդիսասրահին մէջ, արժանանալով համայնքային եւ քաղաքական շրջանակներու լայն մասնակցութեան։
Ներկայ եղաւ եւ խօսք ուղղեց փոխնարար Տիմիթրիս Կիուլեքան։ Ներկայ էին նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, քաղաքապետական եւ մարզպետական ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, ինչպէս նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա Վրդ. Մալխասեան, հայ գաղութի միութենական գործօնները եւ մեծ թիւով ժողովուրդ։
Բացման խօսքը արտասանեց ընկ. Կիւլա Պէքթաշեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան ոգեկոչական ելոյթի նպատակը՝ շեշտելով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի պահպանման, պատմական արդարութեան պահանջի եւ նոր սերունդներուն մէջ ազգային գիտակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։
Այնուհետեւ, քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Քրիս Ղալիլէաս իրենց խօսքերը ուղղեցին ներկաներուն՝ ընդգծելով յիշողութեան, ճանաչման եւ համամարդկային արժէքներու պահպանման նշանակութիւնը։
Օրուան կեդրոնական խօսողն էր դոկտ. Եորղոս Ք. Ֆիլիս, միջազգային յարաբերութիւններու եւ աշխարհաքաղաքական հարցերու մասնագէտ ու համալսարանական դասախօս, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը. պատմութիւնն ու աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնը 20-րդ դարու եւ 21-րդ» խորագիրին՝ ներկայացնելով ոչ միայն պատմական փաստերը, այլեւ անոնց ազդեցութիւնը ժամանակակից միջազգային յարաբերութիւններու վրայ։
Դասախօսութենէն ետք կատարուեցաւ երաժշտական բաժին, մեկնաբանութեամբ Թեսաղոնիկէի երաժշտական միութեան փոքրիկներու երգչախումբին, որ յուզիչ մթնոլորտ ստեղծեց եւ աւելի խորացուց օրուան իմաստը։
Ելոյթի աւարտին, բոլոր ներկաները միասնաբար քայլարշաւ կատարեցին դէպի «Հերոսներու Յուշարձան ΑΣΔΗΜ», ուր քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ ներկայացուցիչները, առ ի յարգանք, դափնեպսակներ զետեղեցին՝ յիշատակելով Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերը, մինչ 3 -րդ զօրաբանակի նուագախումբը հնչեցուց զոյգ ոգերգները։
Ոգեկոչական ելոյթը հանդիսացաւ յիշողութեան եւ վերարժեւորումի կարեւոր պահ մը, միաժամանակ վերահաստատելով հայ ժողովուրդի արդար պահանջները եւ շարունակական պայքարը՝ ի նպաստ պատմական ճշմարտութեան ճանաչման։
ԹՂԹԱԿԻՑ










