Յունաստանի տարածքին իրագործուած ելոյթներու ծիրէն ներս, ուշագրաւ հաւաք մը եւս աւելցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի նշումներու շարքին։ Այս անգամ, Նաուսայի «Էւքսինոս Փոնտոս» պոնտական ակումբի վարչութիւնը եւ քաղաքապետարանը յուզիչ միջոցառում մը կազմակերպեցին, ուր հայկական ներկայութեամբ լուսարձակի տակ առնուեցան Հայոց մեծ Եղեռնի արհաւիրքի օրերը։
Ներկայ եղան շրջանի քաղաքական, քաղաքապետական, կրօնական եւ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Ակումբին անունով բացումը կատարեց Խարալամպոս Ֆանիատիս, որ նշեց ելոյթի կազմակերպման իմաստը։
Յաջորդաբար, ակումբի նախագահ Ֆոթիս Ֆանիատիս անդրադարձ կատարեց հայ եւ պոնտական աւանդական կապերուն մասին, շեշտը դնելով հասարակաց ողբերգութիւններուն վրայ, որոնք կատարուեցաւ ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ։
Յատուկ ուղերձներով հանդէս եկան շրջանի հոգեւոր հովիւը, երեսփոխան Անասթասիոս Պարծոքաս եւ փոխքաղաքապետ Թամարա Լոկինիտու։
Հայկական կողմէն կատարուած ներկայացումներէն առաջ, ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն մէջ տեղ գտած էին պատմական տուեալներ Ցեղասպանութեան մասին։
Ելոյթի գլխաւոր մասը հանդիսացաւ յատուկ ներկայացումներու բաժինը։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան անդամ ընկ. Աննա Մարիա Ալեքսանեան, Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ընկ. Յովիկ Գասապեան եւ Թեսաղոնիկէի համայնքին անունով Անուշ Պապոյեան ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրադարձութիւնները, մանրամասն նկարագրելով ջարդի եւ տեղահանութեան տարիները, որոնց ընթացքին բնաջնջուեցաւ ամբողջ ժողովուրդ մը։ Անոնք նաեւ անդրադարձան Հայ դատի պահանջատիրական իւ իրաւական ծալքերուն, պաշտօնական ճանաչումներուն եւ հայութեան պայքարի ջանքերուն՝ ի խնդիր արդարութեան վերականգնումին։ Արժանի է նշել, թէ Նաուսայի պոնտական միութիւնը կը պահէ հին հրատարակութիւններու գնահատելի հաւաքածոյ մը իր ընդարձակ գրադարանին մէջ։ Անոնց մէջ կային նաեւ հայկական հին եւ արժէքաւոր հատորներ։ Յատկանշական է, թէ նման գիրքի մը էջերուն մէջ գտնուեցաւ այն ատենին գրուած հետեւեալ վկայութիւնը. «13 Յունիս 1915-ի Շաբաթ օրը, Արղիրուպոլսոյ մէջ ծայր առաւ հայերու ընդհանուր սպանդը։ Այրեր, կիներ, երեխաներ եւ մանուկներ ամբողջովին ջարդուեցան։ Ի թագաւորութիւն Սուլթան Մեհմետ Ե.-ի, ի պատրիարքութիւն Գէորգ Ե.-ի, յառաջնորդութիւն Լաւրենտիոս Մետրոպոլիտի եւ ի հովուութիւն Վասիլիոս քահանայի»։
Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրազեկման ծիրէն ներս, սոյն հին վկայութիւնը կու գայ տալու անմիջական պատմական վկայութիւն մը Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին գործուած ջարդերուն մասին։










