ժագ Տամատեան
Հայաստանը կը մասնակցի Փարիզի Ողիմպիական մրցումներուն 15 մարզիկներով, 7 մարզաձեւերու, ընկալելով մետալներ։ Հին ժամանակներուն, Յունաստանի Օլիմպիա քաղաքի մրցումներուն, երկու հայ թագաւորներ դուրս եկան յաղթականներ` Տրդատ Գ. եւ Վարազդատ։ Արդի Ողիմպիական մրցումներուն առաջին հայկական ներկայութիւնը արձանագրուած է 1912 թուականին Սթոքհոլմ. Մկրտիչ Մկրեան եւ Վահրամ Փափազեան, յոյն Ալեքոս Մօուլոսի հետ, Օսմանեան կայսրութեան պատուիրակութեան միակ ներկայացուցիչներն էին։ 1920-ին` հայազգի ջրացատկորդ Հայկ Փրիսթ կը դառնայ պրոնզէ մետալակիր, Ա.Մ.Ն.-ի ազգային խումբով։
Հայկը լոյս աշխարհ եկաւ 1896-ին Ֆրեսնօ` Գալիֆորնիա։ Իր ծնողքը, Մամաս (Մարք) եւ Հայկանուշ Քէշիշեաններ, հասած էին Ա.Մ.Ն. իր ծնունդէն առաջ փրկուելով համիտեան ջարդերէն։ Հոգեբանական վախերու ստուերին տակ կ‘որդեգրեն «Փրիսթ» (Քահանայ) մականունը (թրքերէնով` «քէշիշ» նոյնպէս կը նշանակէ «քահանայ»)։
Ա. Համաշխարհային պատերազմին կը ծառայէ Ա.Մ.Ն.-ի բանակի նաւաստիական ուժերուն։ Այնտեղ աոաջին անգամ յայտնի կ‘ըլլայ իր տաղանդը իբրեւ լուղորդ եւ ջրացատկորդ։
Զօրացրումէն ետք, հետեւելով համապատասխան յորդորումները, կը մասնակցի որակաւորման խաղերուն, գրաւելով առաջին հորիզոնականը։ Ատուերբի Ողիմպիական մրցումներուն, արդարացնելով սպասումները, կը դրսեւորէ իր բարձրորակ տաղանդը նուաճելով պրոնզէ մետալը, 10 մեթրի աշտարակացատկի մարզաձեւին։
Յաջորդաբար զբաղուեցաւ լարախաղացութեամբ, գեղասահորդութեամբ եւ դերասանութեամբ։ Հանդէս եկած է Պրոտղուէյ, ստանձնելով զաւեշտալի դերեր վոտեվիլ տեսակի թատերախաղերու (յատուկ թեթեւ թատերական կատակերգութիւն)։ Համր շարժապատկերի` յաճախ կը մասնակցէր իբրեւ «keystone kop», խնդալիք սխալներ գործող ոստիկան։ Նաեւ նկարահանուած է 25 ժապաւէններու, Չարլի Չաբլինի եւ Հարոլտ Լոյտի կողքին։
1997-ին Ա.Մ.Ն.-ի Ողիմպիական յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին` 101 տարեկան հասակի Հայկ Փրիսթ կը ստանայ հրաւիրագիր, իբրեւ ամէնէն տարեց մետալակիրը։ Այնտեղ կը բացայայտուի առեղծուած մը, կապուած առաջին ողիմպիական դրօշակին անհետացման. 5 օղակները կրող խորհրդանիշը առաջին անգամ լոյս տեսաւ` Ատվերբ։
«Այս հարցով ես կրնամ օգնել ձեզի», նշեց հայազգի պատուոյ հիւրը։ «Դրօշակը կը գտնուի ճամպրուկիս մէջ»։
Փակման արարողութենէն ետք, խաղընկերոջ մը խրախուսանքով, մագլցելով ձողին վրայ տարաւ դրօշակը իբր յուշանուէր, առանց գիտնալու իր արժէքը։
«Շատ բարեկամներ տեսած են։ Այդպիսի հարցով, անկարելի է դառնայի եսասէր», շեշտեց։
Պատմական դրօշակը յանձնուեցաւ անվնաս, յատուկ արարողութեամբ մը, որ կատարուեցաւ Սիտնէյի Ողիմպիական մրցումներուն ընթացքին, 2000 թուականին. Խուան Անթոնիօ Սամարանք, Միջազգային Ողիմպիական յանձնախումբի Նախագահ, անձամբ պարգեւատրեց հայազգի մարզիկին։
Հայկ Փրիսթ, բնական լաւ վիճակի մէջ, վախճանեցաւ յաջորդ տարին` Նիւ Ճերսէյ։ Ցայսօր Ողիմպիական մրցումներուն պատմութեան ամենատարեց մետալակիրն է։