­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նը հա­սաւ իր ա­ւար­տին, վա­յե­լած ըլ­լա­լով նաեւ իւ­րա­քան­չիւր վար­ժա­րա­նի ա­մա­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը, որ­պէս ամ­փո­փում տա­րո­ւան մը ծաղ­կուն եր­թին հա­յակր­թու­թեան աշ­խար­հին մէջ։ Ակ­նար­կը հա­ւա­սա­րա­պէս կ­՚եր­թայ ոչ միայն Ա­թէն­քի մէջ գոր­ծող Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն, այ­լեւ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ գոր­ծող Հ.Գ.­Խա­չի միօ­րեայ կրթա­րան­նե­րու նո­ւա­ճում­նե­րուն վրայ։
­Կա­րե­լի չէ տա­րե­վեր­ջի գնա­հա­տու­մը սահ­մա­նա­փա­կել միայն յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու ար­ձա­նագ­րու­մով կամ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով։ Այս հանգ­րո­ւա­նը, ա­ռիթ մըն է նաեւ վե­րար­ժե­ւո­րե­լու հա­յակր­թու­թեան դե­րը եւ սթափ աչ­քով դի­տար­կե­լու այն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ո­րոնք կը դի­մագրա­ւէ մեր գա­ղու­թը։
Ս­փիւռ­քի պայ­ման­նե­րուն մէջ հայ դպրո­ցը կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը ըլ­լա­լէ ան­դին, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման, լե­զո­ւի զար­գաց­ման, պատ­մա­կան ար­ժէք­նե­րու ամ­րապնդման եւ հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան կերտ­ման կեդ­րոնն է։ Այն­տեղ է, ուր հայ մա­նու­կը ա­ռա­ջին ան­գամ կը ծա­նօ­թա­նայ իր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն։ Այն­տեղ է, որ հա­յե­րէ­նը կը դադ­րի սոսկ ըն­տա­նե­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց ըլ­լա­լէ (ուր որ այն հնա­րա­ւոր է) եւ կը վե­րա­ծո­ւի գի­տու­թեան ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մի­ջո­ցի, միա­ժա­մա­նակ սա­տա­րե­լով հա­յոր­դիի ազ­գա­յին կազ­մա­ւոր­ման եր­կար գոր­ծըն­թա­ցին։
­Ծա­նօթ է, թէ սփիւռ­քեան կլա­նիչ պայ­ման­նե­րուն մէջ, հա­յակր­թու­թիւ­նը կը գտնո­ւի բազ­մա­թիւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու դի­մաց։ ­Հա­յա­հոծ շրջան­նե­րու վի­ճա­կագ­րա­կան տագ­նա­պը, օ­տա­րա­լե­զու մի­ջա­վայ­րի ազ­դե­ցու­թիւ­նը, խառն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րու ա­ճը, նոր սե­րունդ­նե­րու կեան­քի փո­փո­խա­կան պայ­ման­նե­րը, նոյ­նիսկ հետզ­հե­տէ ուռ­ճա­ցող նիւ­թա­կան պա­հանջ­նե­րը զգա­լա­պէս կը բար­դաց­նեն հայ դպրոց­նե­րու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը չեն կրնար ան­տե­սո­ւիլ ու կը կա­րօ­տին հա­մա­պար­փակ ու խո­րազ­նին քննու­թեան։
­Գա­ղու­թի ներ­կայ եւ ա­պա­գայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան պահ­պա­նու­մը նախ եւ ա­ռաջ հա­մա­կար­գո­ւած կրթա­կան աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք պէտք է սե­պել։ Ա­ռանց հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման, ա­ռանց պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թի փո­խանց­ման, ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու ու­ժե­ղաց­ման, ա­ռանց հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րի, դժո­ւար է ակն­կա­լել, որ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը պի­տի պահ­պա­նեն ի­րենց ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը։
­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, հա­յակր­թու­թեան հար­ցը միայն դպրո­ցի կամ ու­սուց­չու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը չէ։ Ան ամ­բողջ գա­ղու­թին խնդիրն է։ Ծ­նող­քը, ազ­գա­յին մար­մին­նե­րը, հո­գե­ւոր կա­ռոյց­նե­րը, միու­թե­նա­կան գոր­ծօն­ներն ու մա­մու­լը, բայց մա­նա­ւանդ իւ­րա­քան­չիւր սրտցաւ հայ­րե­նա­կից հա­ւա­սա­րա­պէս նոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բաժ­նե­կից­ներն են։
­Հայ դպրո­ցը կրնայ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նել միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ ա­նոր շուրջ կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի ազ­գա­յին մի­ջա­վայր, ուր հա­յե­րէն խօ­սի­լը, հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րով ապ­րի­լը եւ ազ­գա­յին կեան­քին մաս­նակ­ցի­լը բնա­կան ե­րե­ւոյթ կը նկա­տո­ւին։
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ գո­յա­տե­ւած եւ զար­գա­ցած է իր կրթա­կան կա­ռոյց­նե­րուն շնոր­հիւ։ Այս ժա­ռան­գու­թիւ­նը մե­զի հա­սած է նա­խորդ սե­րունդ­նե­րու զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով, նո­ւի­րու­մով եւ հե­ռա­տե­սու­թեամբ։ ­Մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է ոչ միայն պահ­պա­նել այդ ձեռք­բե­րու­մը, այ­լեւ զայն յար­մա­րեց­նել նոր ժա­մա­նակ­նե­րու պա­հանջ­նե­րուն՝ ա­ռանց նա­հան­ջե­լու մեր հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րէն։
Կր­թա­կան տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին, շնոր­հա­ւո­րե­լով մեր ա­շա­կերտ­ներն ու ու­սու­ցիչ­նե­րը, անհ­րա­ժեշտ է նաեւ վե­րա­հաս­տա­տել պարզ ճշմար­տու­թիւն մը. սփիւռ­քի մէջ հա­յու­թեան ա­պա­գան կրնայ բա­ցա­ռա­պէս կեր­տո­ւիլ հայ դպրո­ցին մէջ։ ­Հա­յակր­թու­թեան ամ­րապն­դու­մը, հե­տե­ւա­բար, կա­րե­լի չէ երկ­րոր­դա­կան խնդիր նկա­տել, այլ ազ­գա­յին գո­յու­թեան հե­ռան­կա­րա­յին հրա­մա­յա­կան։
Որ­քան ա­ւե­լի զօ­րաց­նենք մեր դպրոց­նե­րը, այն­քան ա­ւե­լի վստահ կրնանք ըլ­լալ, որ յու­նա­հայ գա­ղու­թը վա­ղը եւս պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ կազ­մա­կեր­պո­ւած, գի­տա­կից իր սե­ւե­ռու­մին եւ ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծին վրայ գուր­գու­րա­ցող գա­ղութ մը։