Հայ մանուկներուն համար «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը պատրաստած է սքանչելի
որմազդ (աֆիշ) մը, որ պիտի զարդարէ անոնց մանկական սենեակներուն պատերը եւ,
միաժամանակ, հայ երեխաներուն կանուխէն պիտի վարժեցնէ հայոց այբուբենի տառերուն
եւ լեզուին գործածութեան։Եզակի գաղափար մը, ուր պատկերուած են հայկական այբուբենի 38 տառերը,
մանուկներուն համար գեղեցիկ ու գունաւոր կենդանիներու եւ իրերու անուանումներով։
Արեւը, Բադիկը, Գնդակը, Դդումը… բայց նաեւ Ընձուղտը, Ոզնին, Սունկը, Վարդը…. մինչեւ Օձն ու Ֆութպոլիստը, գեղեցիկ գծագրուած
պատկերներով, հայ մանուկներուն համար
խաղի պիտի վերածեն հայկական
բառերու ընտելացումը։

Փոքրիկներու հասակը չափելու եւ անոնց
բնական աճը նշելու համար, որմազդի կողքին պատկերուած է նաեւ 1,40 սմ. բարձրութեամբ երիզաչափ։
Բացառիկ այս որմազդը ամէնէն գեղեցիկ
զարդը պիտի դառնայ երեխաներու
(եւ ոչ միայն) սենեակներու պատերուն համար։
Կարելի է ստանալ «Ազատ Օր»ի խմբագրատունէն։
Գին՝ 7 եւրօ