Լրագրողներու Համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը հիմնուելով 29 Փետրուար – 1 Մարտ Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, ծրագրած էր կազմակերպել տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ։

Առաջին հերթին` 30 Յուլիս 2020-ին արդէն իսկ յաջողութեամբ կայացաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու հետ հանդիպումը։

Տարածաշրջանային մեր երկրորդ առցանց ժողովը տեղի պիտի ունենայ 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, Երեւանի ժամով՝ 19:00-ին: Այս անգամ Եւրոպան նկատի ունինք, որպէս տարածաշրջան:

Իբրեւ նիւթ նկատի առնուած է՝ «Հայկական լրատուամիջոցը ներկայ պայմաններուն մէջ. դժուարութիւններ եւ դիմագրաւման միջոցներ։

Եւրոպայի տարածքին հրատարակուող Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներէն մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ panarmenian.media@gmail.com

Ծանօթ. Լրատուամիջոցներէն կը խնդրուի հրապարակել:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ
ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ