­Չո­րեք­շաբ­թի, 23 ­Հոկ­տեմ­բեր, 2024-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։00-ին մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին ­Փա­րի­զի  Ալֆ­րոն­վիլ շրջա­նի Ա­րա­պեան-­Մես­րո­պեան վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թա­րա­նին 5-րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ի­րենց դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հիին տի­կին Օ­րէ­լըա ­Լէ­տէ­զին, տնօ­րէ­նու­հիի օգ­նա­կան տի­կին Ի­նէ­սա Օ­քեա­նին եւ ա­շա­կերտ­նե­րու խորհր­դա­տու տի­կին ­Վար­դա­նուշ ­Մա­րան­ճիօղ­լո­ւին։
Տ­նօ­րէ­նու­հի տի­կին ­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեան ըն­դու­նեց ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­ղեկ­ցող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։ ­Հա­կիրճ՝ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցուց ­Զա­ւա­րեան կեդ­րոն-դպրո­ցին պատ­մու­թիւ­նը։ Ա­պա, հիւր ա­շա­կերտ­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան մեր դպրո­ցին 5-րդ ­դա­սա­րա­նի ի­րենց դա­սըն­կեր­նե­րուն։ ­Միա­սին զբօս­նե­ցին ու բարձ­րա­ցան դպրո­ցին 2-րդ ­յար­կին սրա­հը, ուր խառն խում­բե­րու բաժ­նո­ւե­ցան։ Ու­սուց­չու­հի տի­կին Ա­նուշ ­Ֆեն­դեան, յանձն ա­ռած էր օ­րո­ւան ծրա­գի­րին պատ­րաս­տու­թիւ­նը։ Ան պատ­րաս­տած էր գանձ փնտռե­լու խաղ մը հայ­կա­կան հե­տաքրք­րա­կան նիւ­թե­րով, որ ա­շա­կերտ­նե­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցան։ ­Վեր­ջա­ւո­րու­թեան հայ­կա­կան պար պա­րե­ցին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մար­զա­դաշ­տին մէջ խա­ղա­ցին եւ չմեկ­նած ճա­շա­կե­ցին հայ­կա­կան ճա­շա­տե­սակ­ներ։
­Յոյ­սով մօտ ա­պա­գա­յին կրկին հան­դի­պինք։

­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Զա­ւա­րեան
վար­ժա­րա­նի հայ ու­սուց­չա­կան կազմ