ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ.—
Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երկու գրութիւններ՝ մին Հայաստանի կրթական մակարդակի տագնապին մասին, իսկ երկրորդը՝ սփիւռքի մէջ հայակրթութեան նահանջի լուրջ մտահոգութեան վերլուծում մը։
Հայութեան առջեւ ծառացած կրթական տագնապը այլեւս չի կրնար ընկալուիլ որպէս Հայաստանի կամ սփիւռքի առանձին եւ իրարմէ անջատ խնդիր։ Երկու միջավայրերուն մէջ, տարբեր դրսեւորումներով կը նկատուի կրթական կարողութիւններու թուլացում, որ խորքին մէջ կը վերաբերի հայութեան ապագայ մտաւոր, մասնագիտական եւ ազգային ներուժի ձեւաւորման։
Հայաստանի մէջ մտահոգիչ են աշակերտներու թուաբանութեան, բնագիտութեան եւ ընթերցանութեան արդիւնքները։ Հեղինակաւոր միջազգային գնահատումը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի աշակերտները ոչ միայն միջին ցուցանիշէն զգալիօրէն ետ կը մնան, այլեւ տարածաշրջանի երկիրներու աշակերտներուն համեմատ՝ կ՚արձանագրեն աւելի ցած արդիւնքներ։ Հայրենի կրթական համակարգի թերացումէն անդին, պատկերը պէտք է դիտարկել իբրեւ մեր երկրի ապագայ գիտական, մասնագիտական, տնտեսական եւ անվտանգային զարգացման կարողութեան լուրջ ազդանշան։
Սփիւռքի մէջ տագնապը տարբեր բնոյթ ունի։ Հայկական դպրոցը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր երբեմնի բնական դիրքը, մինչ հայերէնի նահանջը, աշակերտութեան նուազումը եւ հայկական միջավայրի թուլացումը ուղղակիօրէն կը վտանգեն լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան յարատեւումը։ Այստեղ եւս խնդիրը միայն դպրոցներու գոյատեւումը չէ, այլ՝ թէ ի՛նչ կրթութեամբ եւ ի՛նչ արժեհամակարգով պիտի պատրաստուի վաղուան հայը։
Հայրենիքի մէջ կրթութեան մակարդակի աստիճանական տկարացումը, իսկ սփիւռքի մէջ հայակրթութեան նահանջը կը ստեղծեն հայութեան ապագային համար ռազմավարական վտանգ մը։ Իրականութիւնը մը, որ այլեւս կարելի չէ դիմագրաւել առանձին դպրոցներու, գաղութային հաստատութիւններու կամ պատահական նախաձեռնութիւններու միջոցով։ Ան կը պահանջէ համահայկական մտածողութիւն եւ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն, որ կրթական որակը, հայերէնի պահպանումը, լեզուի ամրապնդումը եւ ժամանակակից գիտելիքի զարգացումը կը դիտէ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։ Այս ծիրէն ներս, հայրենիքի ակադեմական եւ վարչական ներուժին հետ սփիւռքի կրթական կառոյցներու համակարգուած գործակցութիւնը այլեւս ցանկալի նախաձեռնութիւն մը չէ, այլ կը դառնայ հրամայական անհրաժեշտութիւն։
Ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք հետեւեալ երկու յօդուածները՝ որպէս նոյն մետալին երկու երեսները ներկայացնող ամբողջութիւն մը։ Անոնք կը խօսին տարբեր իրականութիւններու մասին, սակայն կը մատնանշեն նոյն հիմնահարցը՝ հայութեան կրթական ներուժի եւ ինքնութեան պահպանման ու զարգացման մարտահրաւէրը։։
Եթէ կրթութեան հարցը չդառնայ ամբողջ հայութեան ռազմավարական առաջնահերթութիւնը, այսօրուան կրթական տկարացումը վաղը կրնայ առաջնորդել ազգային կարողութիւններու այնպիսի կորուստի մը, որուն հետեւանքները շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ շրջել։










