Laptop on a wooden table

­­Հա­մա­ցան­ցա­յին որ­սոր­դու­թիւն­ներ

­Հո­գե­կան պայ­քար…

ՄԻՆՍԱՐ

­­Տա­քուկ վրա­նին մէջ, շուր­ջը բա­րի-բա­րի ծա­լա­պա­տիկ նստած, ­­«Չէ­րո­քի» ցե­ղի փոք­րիկ կարմ­րա­մորթ­նե­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ մտիկ կ’ը­նէին տա­րի­քոտ մեծ հայ­րի­կին խօս­քե­րը…
— ­­Զա­ւակ­ներս, գիտ­ցէք, որ մնա­յուն պայ­քար մը տե­ղի կ­’ու­նե­նայ շա­րու­նակ, մեր բո­լո­րի հո­գի­նե­րուն մէջ գտնո­ւող, եր­կու գայ­լե­րու մի­ջեւ… մէկ գայ­լը չա­րիքն է… այ­սինքն՝ զայ­րոյ­թը, նա­խան­ձը, տա­ռա­պան­քը, հիաս­թա­փու­թիւ­նը, ա­գա­հու­թիւ­նը, մե­ղադ­րան­քը, ամ­բար­տա­ւա­նու­թիւ­նը, ստո­րա­դա­սու­թիւ­նը, ստա­խօ­սու­թիւ­նը, նա­խա­տին­քը, ու­նայ­նու­թիւ­նը, հպար­տու­թիւ­նը, անձ­նա­կան ե­սը, եւ այլն, եւ այլն…
— Իսկ միւս գայ­լը ո՞րն է պա­պիկ, հար­ցուց փոք­րիկ կարմ­րա­մորթ մը…
— ­­Միւս գայ­լը, զա­ւակ­ներս՝ բա­րիքն է… այ­սինքն՝ ու­րա­խու­թիւ­նը, խա­ղա­ղու­թիւ­նը, սէ­րը, յոյ­սը, հե­զու­թիւ­նը, խո­նար­հու­թիւ­նը, ազ­նո­ւու­թիւ­նը, բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը, կա­րեկ­ցու­թիւ­նը, գթու­թիւ­նը, ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թիւ­նը, ճշմար­տու­թիւ­նը, ո­ղոր­մա­ծու­թիւ­նը, եւ այլն, եւ այլն…
­­Փոք­րիկ կարմ­րա­մորթ­նե­րը պահ մը մտա­ծե­ցին, ա­պա հար­ցու­ցին պա­պի­կին…
— ­­Պա­պի՞կ, այս եր­կու գայ­լե­րէն ո՞ր մէ­կը կը շա­հի…
­­Տա­րի­քոտ հայ­րի­կը պա­տաս­խա­նեց…
— Ան գայ­լը… ո­րուն մենք կը կե­րակ­րենք զա­ւակ­ներս…

minsar55@gmail.com