Ես բանաստեղծ չեմ։ Բանաստեղծները տաղանդ ունին։ Ես այդ մէկը չունիմ։
Վերացական մտածումներէ հեռու ապրած եմ միշտ։ Յաճախ կը խորհրդածեմ գրածներուս մասին, որոնք հայրենիքիս ու ժողովուրդիս նուիրուած եղած են, պատանի տարիքէս։ Հայաստանը ամէն բանէ վեր դասած եմ ես։ Կը հաւատամ միշտ, որ եթէ ապրեցանք, ապրեցանք Հայաստանով։ Եւ եթէ պիտի տոկանք, պիտի տոկանք Հայաստանով։ Ուրիշ ելք չունինք։
Ազգային ամէն գործունէութիւն, հոս կամ Սփիւռքին մէջ, պէտք է նպաստեն միմիայն Հայաստանի վերելքին։ Միմիայն հայ ժողովուրդին, որ յաւիտենական է ու անջնջելի։ Այս կրկներգս ալ, միւսներու կարգին, այս նպատակին նուիրուած է։
Ութսուննոցի մը երազը
Ծնունդդ բարի, սիրելի ընկեր,
անկեղծ գոչեցին ներկայ ընկերներ,
բաժակ բախեցին եռանդուն սրտով,
երկար տարիներ, ինծի մաղթելով։
Փոխադարձելով մաղթանքներն այս,
ոտքի ելայ ես գաւաթը ձեռքիս,
ուրախ եմ ըսի, որ ուրախ էք դուք,
ուրախ միշտ եղէք, ես կ՛ապրիմ ձեզմով։
Խորասուզուեցայ ներաշխարհիս մէջ,
80 տարիներ կեանք մըն եմ ապրեր,
հայու իմ սրտով գործեր եմ տեսեր
ու հիմա ուրախ Հայաստան եկեր։
Երախտապարտ եմ երկնաւոր Աստուած,
որ զես արժանի ըրիր մեր Երկրին,
եւ արդ կը խնդրեմ կայտառ պահես զիս,
որ ժողովուրդիս ընդմիշտ ծառայեմ։
Մանուկներուն մեր մսուր կառուցեմ,
որ փողոց չելլեն անտէր խաղալու,
դպրոց յաճախեն, գիտելիք սորվին
ու երբ որ մեծնան օգնեն մեր ազգին։
Երազս անտէր մի թողուր Աստուած,
կեանք տուր դուն ինծի, թող առողջ ապրիմ,
հայրենի գործեր ունիմ ընելիք գիւղիս մէջը հին ուր կը բնակիմ։
Երազս այս վեհ իրաւ կը դառնայ,
ես հաւատք ունիմ ընելիքիս վրայ,
ընկերներ ունիմ, որ ունին հոգի,
կողքիս կանգնած են յոյս կու տան ինծի։
Ու երբ երազս իրականանայ,
մանկապարտէզին ճռուողիւն լսեմ,
խնդուն թող ապրին, ուրախ թող մեծնան
երբ ես քու կամքով մայր հողին ննջեմ։
Մարգար Շարապխանեան
Ուշի գիւղ, Արագածոտնի Մարզ