Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ին, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմ, Յունաստանի Հայոց Առաքելական համայնքին պատկանող եւ 17 տարիքը լրացուցած իւրաքանչիւր հայրենակից կը պատրաստուի ժողովրդավարական քուէի իրաւունքով իր գերագոյն պարտքը կատարել յայտարարուած Թեմական ընտրութիւններուն։
Յունաստանի հայութիւնը, տասնեակ տարիներու իր կենսափորձով, հաստատած է ժողովրդավարական կարգերով առաջնորդուելու իր հաւատարմութիւնը ազգային մարմիններու գոյութեան ու անոնց վստահութիւն տածելու իրաւունքին։
Այս անգամ եւս, Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան վրայ հիմնուած յունահայոց Թեմական կանոնագրութիւնը, ժողովական եւ վարչական իմաստով, կոչուած է առաջնորդելու Ազգային իշխանութիւններու ժողովրդային հակակշիռով եւ ժողովրդավարական սկզբունքներով համայնքը ղեկավարելու աշխատանքը։
Այս առաջադրանքով, յունահայ առաքելական համայնքի բոլոր զաւակները, Աթէնքի եւ Յունաստանի մնացեալ շրջաններուն մէջ, պիտի առաջնորդուին ընտրական կեդրոնատեղիները, որպէսզի կատարեն իրենց ազգային եւ քաղաքացիական պարտքն ու իրաւունքը՝ տէր կանգնելու մեր ազգային հիմնաշէնքի կառոյցներուն։
Տասնամեակներու վրայ նուաճած՝ պատիւի ու պատասխանատուութեան բարձր դրսեւորում կը համարուի թեմական երեսփոխանական ընտրութիւններու իրագործումը, առաջնորդուած ժողովրդավար եւ հանրայայտ սկզբունքներով, որ յաջորդ տարիներուն համար համայնքը պիտի օժտէ Թեմական պատգամաւորական ժողովի վերաթարմացած կազմով, որ իր կարգին, պիտի ընտրէ Ազգային վարչութեան նոր կազմերը յառաջիկայ տարիներուն համար։
Տասը տարի առաջ, շնորհիւ մեր համայնքի ազգային մարմիններու հետեւողական ջանքերուն, հիմնուելով յունական պետական նոր օրէնսդրութեան վրայ, մեր համայնքը ստացաւ ճանաչում որպէս «Եկեղեցական իրաւական դէմք»։ Յունահայ գաղութի պատմութեան մէջ այս կարեւոր ձեռքբերումը հաստատեց համայնքի իրաւական-վարչական սահմաններն ու իրաւասութիւնները՝ թեմը կառավարելու եւ մեր ազգային կառոյցին ինքնուրոյն կրօնական համայնքի դիմագիծ տալու իրաւունքը։
Վերջին տասը տարիներու փորձը ցոյց տուաւ, թէ որպէս «Եկեղեցական իրաւական դէմք», մեր համայնքի աշխատանքները վարելու եղանակը դարձաւ աւելի հեզասահ, օգտուելով պետական օրէնքի տրամադրութիւններու լիարժէք գործադրութենէն։ Միաժամանակ, մեր ազգային ներքին կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, Թեմական նոր կանոնագրութիւնը, իր հիմնարար սկզբունքներուն եւ օրէնքի տառին յստակութեամբ, եկաւ աւելիով կանոնաւորելու եւ ամրապնդելու եկեղեցական-ծխական գործունէութեան վարչական ու հոգեւոր կառավարումը։
Այսուհանդերձ, ազգի տան վարչական եւ իրաւական պարտականութիւններն ու հիմնական առաջադրանքները ամբողջացուցած ըլլալով, այսօր՝ յունահայ համայնքը եւս դէմ յանդիման կը գտնուի հայութեան կռուաններէն ընդհանուր նահանջի ալեկոծումին։ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ողբերգական աւարտը, մեր արծուաբոյնի հայաթափումը, հայրենիքի դիմագրաւած քաղաքական, ընկերային եւ մաւանանդ արժէքային սկզբունքներու տագնապը, ու այս բոլորին կողքին, Սփիւռքի թաւագլոր նահանջը, հիմնական մարտահրաւէրները կը հանդիսանան մեր համայնքային կեանքի ապագային նկատմամբ։
Յունահայ գաղութը եւս, ազգային տագնապներու յորձանուտին մէջ, կոչուած է պահելու իր քայլը եւ ամրապնդելու իր ազգային-համայնքային գործունէութիւնը, յատկապէս եկեղեցական, կրթական, ընկերային եւ երիտասարդութեան ներգրաւումի մարտահրաւէրներուն նոր թափ ու կենսունակութիւն տալու առաջադրանքով։
Համայնքի Թեմական ընտրութիւններուն միջոցով, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի նոր կազմի ընտրութեամբ, յունահայութիւնը իր ներկայացուցիչները պիտի լիազօրէ, որպէսզի վերանորոգ լուծումներ գտնեն ազգային-համայնքային մեր կեանքին առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն:
Մեր բոլորին քաղաքացիական եւ ազգային պարտքը կը հանդիսանայ մասնակցիլ Թեմական ընտրութիւններուն։ Առաջին հերթին, իւրաքանչիւր հայ անհատ, որ կը պատկանի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ չէ արձանագրուած թեմական ընտրական ցանկերուն մէջ, պարտի մինչեւ 4 Մայիս փութալ իր շրջանի եկեղեցին արձանագրելու իր տուեալները, որպէսզի ստանայ քուէի իրաւունք եւ կատարէ իր ազգային գերագոյն պարտականութիւնը։
Յառաջիկայ շաբաթներուն համար, Կիրակի, 25 Մայիսի օրը պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր յունահայ անձի սեւեռակէտը, որպէսզի գիտակից մասնակցութեամբ Թեմական ընտրութիւններուն, վերանորոգենք մեր վարչական մարմինները, վերազգօնացնենք երիտասարդ սերունդը եւ ամրապնդենք յունահայ համայնքի ազգային, կրթական եւ ընկերային յենարանները։
Դարձեալ պիտի անդրադառնանք։