Իսրայէլի կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաստատած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու առաջարկը՝ պատմական շրջադարձ մը արձանագրելով այն տասնամեակներէն ետք, երբ երկրի քաղաքականութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ունեցած դիւանագիտական յարաբերութիւններով։
Առաջարկը, որ ներկայացուցած էր արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած զանգուածային կոտորածները, տեղահանութիւններն ու բնաջնջումը կը ճանչնայ որպէս ցեղասպանութիւն։ Կառավարութեան հաստատումէն ետք, բանաձեւը կը սպասուի ներկայացուիլ Քնեսեթի լիագումար նիստին՝ խորհրդարանական քուէարկութեան համար։
Սաար այս քայլը բնորոշած է որպէս բարոյական եւ պատմական պարտաւորութիւն՝ շեշտելով, թէ Իսրայէլ պարտաւոր է դատապարտել Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը ժխտելու, նսեմացնելու կամ խեղաթիւրելու բոլոր փորձերը։
Բանաձեւը կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան, որուն ընթացքին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուեցան զանգուածային տեղահանութիւններու, մահուան երթերու, սովամահութեան, կոտորածներու եւ հայկական համայնքներու համակարգուած ոչնչացման հետեւանքով։ Տասնամեակներ շարունակ, Իսրայէլի յաջորդական կառավարութիւնները խուսափած էին Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն՝ հակառակ որ պատմական ապացոյցերը ճնշող մեծամասնութեամբ կը հաստատեն այդ իրողութիւնը։ Այդ վերապահ կեցուածքը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած էր Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող զգայուն դիւանագիտական, ռազմական եւ անվտանգային յարաբերութիւններով, մինչդեռ երկու երկիրներն ալ հետեւողականօրէն կը հակադրուէին Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։
Կառավարութեան այս որոշումը կը կայացուի Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ շարունակ սրացող լարուածութեան պայմաններուն մէջ։ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութիւնը վերջին տարիներուն բացայայտ թշնամական կեցուածք որդեգրած է Իսրայէլի նկատմամբ, մինչ Անգարան կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պաշտպանել Օսմանեան պետութեան ժառանգութիւնը։ Այս իրադրութեան լոյսին տակ, Իսրայէլի քայլը կը սպասուի սուր արձագանգ յառաջացնել Թուրքիոյ մէջ եւ աւելի բարդացնել արդէն լարուած տարածաշրջանային յարաբերութիւնները։
Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը պէտք էր ճանչցուած ըլլար շատ աւելի առաջ՝ անկախ Իսրայէլի եւ Անգարայի կամ որեւէ այլ պետութեան միջեւ յարաբերութիւններէն։ Ճանաչումը բարոյական պարտաւորութեան, պատմական արդարութեան եւ ցեղասպանութեան ժխտման դէմ համամարդկային պատասխանատուութեան հարց է։
Այդուհանդերձ, կառավարութեան միաձայն որոշումը կարեւոր բեկում մը կը ներկայացնէ։ Ան Իսրայէլը կը մօտեցնէ այն դիրքորոշման, զոր արդէն որդեգրած են բազմաթիւ պետութիւններ, որոնց շարքին՝ Գանատան, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Գերմանիան, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներ, ներառեալ Եւրոպական խորհրդարանը։
Աշխարհասփիւռ հայութեան համար Իսրայէլի քայլը ունի յատուկ բարոյական նշանակութիւն՝ նկատի ունենալով հրեայ ժողովուրդի սեփական ցեղասպանական ողբերգութիւնը եւ Ողջակիզման յիշողութեան առանցքային տեղը իսրայէլեան հանրային կեանքին մէջ։ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն պատմական վերականգման հարց է, այլեւ դիրքորոշում՝ ժխտողականութեան, անպատժելիութեան եւ զանգուածային ոճիրներու քաղաքական շահագործման դէմ։
Բանաձեւը այժմ պիտի ներկայացուի Քնեսեթ, ուր խորհրդարանական քուէարկութիւնը պիտի վճռէ, թէ արդեօք Իսրայէլ պաշտօնապէս պիտի ամբողջացնէ՞ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը։
***
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի
յայտարարութիւնը
Իսրայէլի կառավարութիւնը, այսօր, միաձայն հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու երկրի Արտաքին գործոց նախարար Կիտէօն Սաարի նախագիծին։
Ըստ հաղորդումներուն, ճանաչումի բանաձեւի նախագիծը այժմ կ՚ուղարկուի խորհրդարան, առ ի որդեգրում։ Ա.Գ. նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է, թէ անցեալին եւս եղած են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք, սակայն, իրենց տրամաբանական եզրակացութեան չեն յանգած։
Նախարարը յայտարարած է նաեւ, որ այս հակադարձութիւն չէ Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ Իսրայէլի դէմ ուղղուած «սարսափելի հռետորաբանութեան եւ թշնամական քայլերուն», ենթադրաբար՝ ակնարկելով ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ միջազգային համայնքի բազմաթիւ անդամներու այն իրաւացի հաստատումներուն, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն կը գործէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ։
Հաշուի առնելով այն փաստը, որ բազմաթիւ հրեայ անհատներ, այդ մասին բարձրաձայնած են Ցեղասպանութեան օրերուն՝ որպէս վկայ, իսկ հետագային՝ որպէս մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ կուսակցութիւն (Մերեց), պահանջելով Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, նախարար Սաար իրաւացի է երբ կը հաստատէ. «Երբեք ուշ չէ ճիշտ բանը ընել։ Այս թէ՛ բարոյական, թէ՛ պատմական պարտականութիւն է։ Իմ կարծիքով, ատկէ խուսափելու որեւէ լուրջ պատճառ չկայ»։
Եթէ եւ երբ այս նախաձեռնութիւնը հասնի իր տրամաբանական եզրայանգումին եւ Իսրայէլի խորհրդարանը եւս հաստատէ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս պետական դիրքորոշում, մենք կ՚ողջունենք այդ կեցուածքը, միաժամանակ կրկնելով նախարար Սաարիի Թուրքիոյ ուղղուած այն տրամաբանութիւնը, որ նման ճանաչումը «իրեն (այս պարագային՝ Իսրայէլին) չի տար անձեռնմխելիութիւն պատմական ճշմարտութիւններէն», ներառեալ՝ Արցախի մէջ հայութեան դէմ կատարուած յանձագործութիւններուն իր մեղսակցութեան գծով։
Միաժամանակ, կ՚ակնկալենք, որ Հայկական ցեղասպանութիւնը ճանչցած Իսրայէլը պիտի ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը՝ սատարելով յիշողութեան յաւերժացումին եւ պայքարելով անոր ժխտումին դէմ։
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի Կեդրոնական Խորհուրդ










