Եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր, գա­ղու­թի ազ­գա­յին կեան­քը ժո­ղովր­դա­յին սկզբուն­քով կա­ռա­վա­րե­լու նշա­նա­կու­թիւ­նը ա­ռաջ­նոր­դող ու­ժը դար­ձած է մեր թե­մի ան­դամ­նե­րու ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան մէջ։ ­Ժո­ղո­վուր­դի կամ­քէն բխած ղե­կա­վա­րու­թիւն ու­նե­նա­լու եւ մեր ազ­գա­յին-եկե­ղե­ցա­կան գոր­ծե­րուն ընդ­հան­րա­ցած վստա­հու­թիւն տա­լու գի­տակ­ցա­կան ո­գին կը բխի ­Հա­յոց ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան ստեղ­ծած ի­րա­ւուն­քի-պար­տա­ւո­րու­թեան կար­գէն, որ ար­մա­տա­ցաւ ու զար­գա­ցաւ շնոր­հիւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ու թե­մե­րու աշ­խար­հաս­փիւռ գոր­ծու­նէու­թեան մէջ ժո­ղովր­դա­յին գե­րա­կա­յու­թիւ­նը իբ­րեւ ա­ռանցք նկա­տե­լու ար­ժէ­քին։
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թը եւս, որ­պէս ­Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի կա­րե­ւոր թե­մե­րէն մէ­կը, նո­ւա­ճած է ժո­ղովր­դա­յին քո­ւէի ճամ­բով ղե­կա­վա­րու­թիւն հաս­տա­տե­լու ու վե­րա­նո­րո­գե­լու ի­րա­ւունք-պար­տա­ւո­րու­թիւն եր­կեա­կը, ո­րուն կե­նա­րար ար­դիւնք­նե­րը վա­յե­լեց հա­մայն­քա­յին կեան­քի բո­վան­դակ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։
Այս ան­գամ եւս, ­Կի­րա­կի 25 ­Մա­յիս 2025-ին, յու­նա­հայ ազ­գա­յին մե­քե­նան կը գտնո­ւի ժո­ղո­վուր­դի ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան դի­մաց։
­Մեր մա­մու­լին ու ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու պաշ­տօ­նա­կան եւ ան­հա­տա­կան է­ջե­րուն մէջ լոյս տե­սած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ընտ­րա­կան կեդ­րոն­նե­րու, բայց մա­նա­ւանդ թեկ­նա­ծու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ցան­կե­րուն հրա­պա­րա­կու­մը սոսկ ձե­ւա­կեր­պու­թիւն չէ։ Այս կա­րե­ւոր գոր­ծըն­թա­ցը ար­դիւնք է շրջա­նա­ւարտ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն վրայ թե­մի կա­նո­նագ­րու­թե­նէն դրո­ւած պարտ­քին՝ ի­րա­գոր­ծե­լու ժա­մա­նագ­րա­կան իր հանգ­րո­ւա­նին հա­սած ­Թե­մա­կան ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու բար­ւոք կազ­մա­կեր­պու­մը։
Ընտ­րա­կան կեդ­րո­նա­կան յանձ­նա­խում­բը ու ծխա­կան շրջան­նե­րու են­թա­յանձ­նա­խում­բե­րու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ, այ­սօր ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նող իւ­րա­քան­չիւր ան­դամ տե­ղեակ կը մնայ ­Թե­մա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ման­րա­մասն պատ­կե­րին ու ժո­ղովր­դա­յին քո­ւէն լիո­վին ար­ժե­ւո­րե­լու գի­տակ­ցու­թեան մա­սին, որ պի­տի դրսե­ւո­րո­ւի քո­ւէա­տու­փին առ­ջեւ, նա­խընտ­րու­թիւն տա­լով այն թեկ­նա­ծու­նե­րուն, ո­րոնք ըստ իւ­րա­քան­չիւր քո­ւէար­կո­ղի հա­յե­ցո­ղու­թեան, պի­տի կա­րո­ղա­նան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան լիար­ժէք գի­տակ­ցու­թեամբ տէր կանգ­նիլ հա­մայն­քի գոր­ծու­նէու­թեան ու ա­նոր պա­հանջ­նե­րուն։
­Յու­նա­հա­յոց թե­մի կա­նո­նագ­րու­թիւ­նը, յստակ ու հա­մա­պար­փակ իր ամ­բող­ջու­թեամբ, կու տայ ազ­գա­յին-գա­ղու­թա­յին մե­քե­նա­յի գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­գի­ծը եւ աշ­խա­տե­լու ե­ղա­նա­կը։
­Կի­րա­կի, 25 ­Մա­յի­սի ­Թե­մա­կան ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն յա­ռաջ պի­տի գայ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մի ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի նոր կազ­մը, որ պի­տի բաղ­կա­նայ 35 աշ­խար­հա­կան եւ 5 հո­գե­ւո­րա­կան ան­դամ­նե­րէ։ Այդ ժո­ղո­վը կը հա­մա­րո­ւի թե­մի գե­րա­գոյն օ­րէնս­դիր կա­ռոյ­ցը, ո­րուն պար­տա­կա­նու­թիւնն է քննել հա­մայն­քա­յին գոր­ծու­նէու­թեան բո­լոր ո­լորտ­նե­րը եւ ճշդել հա­մա­պա­տաս­խան ու­ղի­ներ։
­Թե­մա­կան ժո­ղո­վէն կը բխին գոր­ծա­դիր եր­կու մար­մին­ներ՝ Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վը, ո­րոնք գոր­ծակ­ցա­բար եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր գոր­ծա­դաշ­տէն ներս, կը կա­ռա­վա­րեն գա­ղու­թի ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր, կրթա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան բազ­մե­րես կեան­քի ո­լորտ­նե­րը։ Եր­կու մար­մին­նե­րը հա­մա­րա­տու են ­Թե­մա­կան ժո­ղո­վին ու ան­կէ յա­ռաջ ե­կած ո­րո­շում­նե­րու ամ­բող­ջա­կան ու ան­շեղ գոր­ծադ­րու­թեան։
Բ­նա­կա­նա­բար, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան պար­տա­կա­նու­թեան ծի­րէն ներս կը մտնէ Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան եւ ­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րու կազ­մու­թիւնն ու ա­նոնց աշ­խա­տան­քի հե­տե­ւու­մը։ Իւ­րա­քան­չիւր խոր­հուրդ, իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս եւ մաս­նա­գի­տա­ցած փոր­ձա­ռու­թեան հի­ման վրայ, հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լայ վա­րել գա­ղու­թա­յին այն կա­րե­ւոր բնա­գա­ւառ­նե­րը, ո­րոնք կը կազ­մեն նաեւ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի մտա­հո­գու­թիւնն ու գուր­գու­րան­քի ա­ռար­կան։
Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ու Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի հիմ­նա­կան պար­տա­կա­նու­թեան մէջ կ­՚իյ­նայ նաեւ ծխա­կան-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի հո­գե­ւոր, վար­չա­կան ու ըն­կե­րա­յին զար­գա­ցու­մը, յատ­կա­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րու, ­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Տիկ­նանց մար­մին­նե­րու հա­մադ­րո­ւած աշ­խա­տան­քին հե­տե­ւու­մով։
Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եւ Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վար­չա­կան ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րու եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու հա­մա­ռօտ պատ­կե­րի ներ­կա­յաց­ման ընդ­մէ­ջէն, ան­գամ մը եւս հրա­մա­յա­կան կը դառ­նայ գի­տակ­ցիլ մեր ազ­գա­յին բազ­մաբ­նոյթ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը գործ­նա­կան եւ ար­դիւ­նա­ւէտ հու­նի մէջ դնե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան մա­սին։
­Թե­մին հա­մար ժո­ղովր­դա­յին կամ­քով գի­տա­կից խօսք ու­նե­նա­լու ըմբռ­նու­մը պէտք է 17 տա­րի­քը լրա­ցու­ցած մեր հա­մայն­քի ա­մէն մէկ ան­դամ ուղ­ղէ դէ­պի ընտ­րա­կան կեդ­րոն­նե­րը, քո­ւէի ու­ժով կա­տա­րե­լու հա­մար այն ի­րա­ւուն­քը, որ կեան­քի պի­տի կո­չէ թե­մի վար­չա­կան գոր­ծին մէջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն հաս­տա­տե­լու եւ ստանձ­նե­լու նպա­տա­կը։
Ա­հա՛ թէ ին­չու կը կա­րե­ւո­րենք ­Թե­մա­կան ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ ­Գա­ղու­թա­յին կեան­քի ա­պա­գան նախ եւ ա­ռաջ կ­՚ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի ժո­ղովր­դա­յին քո­ւէի զօ­րու­թեամբ մեր ազ­գի տու­նը կա­ռա­վա­րե­լու գի­տակ­ցու­թե­նէն։