Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարած է, որ Սեւրի դաշնագիրի վերաբերեալ Հայաստանի յայտարարութենէն ետք, այս անգամ արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ կարծիք յայտնելը «չափը անցնելու եւ անպատասխանատուութեան օրինակ է»: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Յայտնենք, որ օրեր առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը դատապարտէր արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ ապօրինի եւ սադրիչ գործողութիւնները եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած էր Յունաստանին եւ Կիպրոսին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարած է, որ Հայաստանը կը շփոթէ աշխարհագրութիւնը, եւ այստեղ խօսքը Միջերկրական ծովուն մասին է եւ ոչ թէ Սեւանայ լիճի:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Ֆրանսայէն ետք դէպի ծով որեւէ ելք չունեցող Հայաստանի` շրջանին մէջ խօսքի իրաւունք ունենալ կարծելը, ցոյց կու տայ Թուրքիոյ դէմ ստեղծուող ստոր դաշինքի չափերը: Ինչ ալ ըլլայ, Թուրքիան պիտի պաշտպանէ Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ իր եւ թուրք կիպրացիներու իրաւունքները, որոնք կը բխին միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն: Ոչ մէկ չարի դաշինք կրնայ խոչընդոտել զայն: Անոնք, որոնք հակառակը կը պնդեն, ոչինչ սորված են պատմութենէն», նշած է Աքսոյ` դարձեալ ընդգծելով «Ատրպէյճանի կողքին մշտապէս կանգնած ըլլալը»: