Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ապու Զէյտ հերքեց լրատուամիջոցներու կողմէ վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ Գահիրէ Պաղեստինեան իշխանութեան հետ կը բանակցի ծովային սահմաններու ճշդման հարցին շուրջ:
«Այդ լուրերը ճշմարտութեան հետ որեւէ կապ չունին», ըսաւ ան` նշելով. «Պաղեստինի հետ ծովային սահմաններու ճշդման վերաբերեալ եգիպտական նոր կեցուածք մը գոյութիւն չունի»:
Զէյտ ըսաւ, որ այդ առնչութեամբ լրատուամիջոցներուն հաղորդած լուրերուն մասին պէտք է հարցնել երկու երկիրներու ծովային սահմաններու ճշդման շուրջ յայտարարութիւններ կատարած անձին:
Արեւմտեան լրատու գործակալութիւններ հաղորդած էին, որ ՄԱԿ-ի մօտ Պաղեստինի դեսպան Ռիատ Մանսուր յայտարարած է, թէ ապագայ Պաղեստինի պետութեան ծովային սահմաններուն եւ ծովու հարստութիւններէն օգտուելու աղբիւրներուն ճշդման շուրջ բանակցութիւններ սկսած են Եգիպտոսի հետ: