­Հոկ­տեմ­բեր ա­մի­սը յատ­կան­շո­ւած է ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին ա­ռի­թով ա­շա­կեր­տու­թեան հետ շփո­ւե­լու եւ ա­նոնց պատ­գա­մե­լու մես­րո­պա­շունչ հայ գի­րի մա­սին կա­րե­ւոր հա­ւաք­նե­րով։
Այս տա­րի եւս, Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը հա­մախմ­բո­ւե­ցան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ եւ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կա­նի բե­րա­նէն լսե­ցին այն բո­լոր պատ­գամ­նե­րը, ո­րոնք տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր որ­պէս յոր­դոր եւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն պա­րու­նա­կող խօս­քեր, կը մի­տին հայ նոր սե­րուն­դին մէջ վառ պա­հել ­Թարգ­ման­չաց դա­րե­րէն մե­զի ժա­ռան­գո­ւած հայ լե­զո­ւին ու­սուց­ման ու պահ­պահ­ման ար­ժէ­քը։
­Զու­գա­հե­ռա­բար, Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հա­մայնք­նե­րուն հա­մար, ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը այն բա­ցա­ռիկ պահն է, երբ միա­ժա­մա­նակ մեկ­նար­կը կը տրո­ւի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ՝ մե­ղո­ւա­փե­թա­կի նման գոր­ծող միօ­րեայ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն։
­Վեր­ջերս, ու­րա­խու­թեամբ կար­դա­ցինք վե­րի շրջա­նի հա­մայնք­նե­րու ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու է­ջե­րէն, թէ ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին ա­ռի­թով կա­տա­րո­ւե­ցաւ բա­ցու­մը նոր կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նին, ուր հո­գե­ւոր հո­վիւ, ծնող­ներ, երկ­սեռ ա­շա­կերտ­ներ, Հ.Գ.­Խա­չի վար­չա­կան նո­ւի­րեալ­ներ եւ տե­ղա­կան ազ­գա­յին մար­մին­ներ ի մի հա­ւա­քո­ւե­լով, բա­ցա­ռիկ տօ­նի մը վե­րա­ծե­ցին ա­ւան­դա­կան ջրօրհ­նէքն ու ու­սուց­ման շրջա­նի բա­ցու­մը։ ­Հոն էր, որ սոսկ խօս­քե­րէն եւ մաղ­թանք­նե­րէն ան­դին, ա­շա­կերտ­նե­րը եւս մաս­նա­կից դար­ձան կրթա­կան այս տօ­նախմ­բու­թեան՝ ի­րենց ջան­քե­րով պատ­րաս­տո­ւած յայ­տա­գի­րով մը, որ կը պա­րու­նա­կէր հայ եր­գի, բա­նաս­տեղ­ծու­թեան եւ մշա­կոյ­թի նմուշ­ներ։ Վս­տա­հա­բար, նոյն ո­գիով ա­ռաջ­նոր­դո­ւած, մօտ օ­րէն իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Գ.­Խա­չի ­Ծաղ­կո­ցը։
­Տա­րիէ տա­րի կրկնո­ւող սո­վո­րու­թիւ­նը ա­ռի­թը կու տայ մտա­ծե­լու ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­մայնք­նե­րու կրթա­կան օ­ճախ­նե­րուն եւ Ա­թէն­քի մէջ գոր­ծող մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­պար­փակ ու ընդ­լայ­նո­ւած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին՝ ման­կա­վար­ժա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րու լայն տա­րած­ման ուղ­ղու­թեամբ։
Բ­նա­կա­նա­բար, հե­ռա­ւո­րու­թեան ազ­դա­կը, ա­շա­կեր­տա­կան տար­բեր խա­ւե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը, կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու եւ ու­սուց­ման այ­լա­զա­նու­թիւ­նը, դա­սա­գիր­քե­րու տար­բե­րու­թիւ­նը լուրջ խո­չըն­դոտ­ներ կրնան սե­պո­ւիլ։ Այս խո­րա­պատ­կե­րին մէջ, նկա­տի առ­նե­լով զա­նա­զա­նու­թիւն­ներն ու իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, միա­տե­սակ կրթա­կան ծրա­գի­րի մը մա­սին կա­րե­լի չէ մտա­ծել, այլ կա­րե­լի է խօ­սիլ բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րը գա­ղու­թա­յին նոյն կրթա­կան ցան­ցին մէջ նե­րառ­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան մա­սին։
­Ցանց մը, որ նախ պի­տի սա­տա­րէ ու­սու­ցիչ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ծա­նօ­թաց­ման ու շփու­մին, ա­նոնց վե­րա­պատ­րաստ­ման ծրա­գի­րին, ա­պա­գա­յին հա­մար նոր ու­սու­ցիչ­ներ ու­նե­նա­լու պա­հան­ջին, կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան մի­ջոց­նե­րու եւ ար­դի ման­կա­վար­ժա­կան ձե­ւե­րու ըն­կալ­ման, փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նա­կու­մին, ո­րոնք նպա­տակ պի­տի ու­նե­նան ա­ւե­լի զար­գաց­նե­լու եւ ընդ­լայ­նե­լու հա­յե­ցի կրթու­թեան, հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րու ու ազ­գա­յին ո­գիի փո­խանց­ման ջան­քե­րը։
Ա­ռա­ւել, պէտք է մտա­ծել բո­լոր շրջան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան ի­րար շփու­մի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ ­Հե­ռա­վար հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ար­դի մի­ջոց­նե­րը, նոյ­նիսկ ֆի­զի­քա­կան հա­ւաք­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, զար­գաց­ման խա­ղե­րը, յա­տուկ նիւ­թե­րով կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սու­թիւն­նե­րը պի­տի ստեղ­ծեն ի­րար ծա­նօ­թաց­ման ներ­գոր­ծա­կան ա­ռիթ­ներ, մէկ կող­մէն գա­ղու­թի պա­տա­նե­կան խա­ւե­րուն մէջ յա­ռաջ բե­րե­լու հա­մար ըն­կե­րա­յին սերտ կա­պեր ու մնա­յուն բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ, միւս կող­մէն՝ պի­տի սա­տա­րեն հայ լե­զո­ւի ու ազ­գա­յին ո­գիի ամ­րապն­դու­մին նպաս­տող ընդ­լայ­նո­ւած մի­ջոց­նե­րու ստեղծ­ման։
­Կը թո­ւի թէ, մինչ նման ծրա­գիր­ներ շա­տոնց ի գործ դրո­ւած են Ա­թէն­քի հայ վար­ժա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար, հիւ­սի­սա­յին հա­մայնք­նե­րու կրթա­կան աշ­խա­տան­քը ցոյց կու տայ, որ իւ­րա­քան­չիւր վար­ժա­րան ամ­փո­փո­ւած կը մնայ իր հա­յե­ցո­ղու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, ա­ռանց գա­ղու­թա­յին ամ­բող­ջա­կան ի­րա­կա­նու­թեան, ա­նոր պատ­մա­կան ու ըն­կե­րա­յին ապ­րում­նե­րուն, կա­ռոյ­ցին ու գոր­ծե­լա­ձե­ւին կամ հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան հետ քայլ պա­հե­լու հա­մա­պար­փակ ու հա­մադ­րո­ւած ու­ղե­ցոյց մը ու­նե­նա­լու։
Այս հպան­ցիկ ու ամ­փոփ մտա­ծում­նե­րը կա­րի­քը ու­նին ա­ռա­ւել խո­րաց­ման, գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րու օ­րա­կար­գի սե­ղա­նին վրայ քննու­թեան ու ծրագ­րու­մի ա­ռար­կայ դառ­նա­լու եւ ամ­բող­ջա­կան ձե­ւա­ւո­րում ստա­նա­լու հա­մար։ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի կրթա­կան հա­մա­կար­գը ա­ռի­թը ու­նի քայլ պա­հե­լու ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան ու ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րուն սե­ւե­ռող շօ­շա­փե­լի ծրա­գիր­նե­րու հետ։ ­Կազ­մա­կեր­պա­կան, ազ­գա­յին եւ բա­րե­սի­րա­կան մեր կա­ռոյց­նե­րը, ո­րոնց ա­ռանց­քա­յին թի­րա­խը կը հան­դի­սա­նայ կրթա­կան կեան­քի յա­րա­տե­ւու­մը, ու­նին փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ կամ­քը մտա­ծե­լու հա­մա­պար­փակ կրթա­կան ամ­բող­ջու­թեան մը մա­սին, որ պի­տի մեկ­տե­ղէ հայ նոր սե­րուն­դը միա­ձոյլ ի­րա­կա­նու­թեան մը մէջ։
­Ժա­մա­նա­կի պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­ձայն, Ս­փիւռ­քի վե­րար­ժե­ւոր­ման հրա­մա­յա­կա­նին տակ, մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի յա­րա­տե­ւու­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի դուրս գա­լու ըն­դու­նո­ւած գոր­ծե­լա­ձե­ւէն եւ նոր ու­ղի­ներ բա­նա­լու։ ­Նո­րա­հաս սե­րուն­դի հա­յե­ցի կրթա­կան կեան­քի այժ­մէա­կա­նա­ցու­մը վե­րել­քի ա­ռա­ջին աս­տի­ճա­նը կը հան­դի­սա­նայ։

ԴԻՏՈՂ