Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Աթէնք այցելութեան առթիւ մասնակցելու համար հելլէն պետութեան կողմէ կազմակերպուած Միջին Արեւելքի համար համագումարին, Ուրբաթ 27 Հոկտեմբեր 2017ի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէին հետ՝ իր իջեւանած հիւրանոցին մէջ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Յունահայոց Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։
Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէն բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառին, ընդգծելով թէ վերջին տարիներու ընթացքին ան բազմիցս այցելած է Յունաստան, հովուական այցելութեամբ, ինչպէս նաեւ հէլլէն պետութեան հրաւէրներով։ Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց թեմէն ներս աշխոյժ գործունէութեան ծաւալման համար ազգային, կրթական եւ միութենական բնագաւառներէն ներս։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննուեցան գաղութը հետաքրքրող հարցեր։ Ընդհանուր անդրադարձ կատարուեցաւ պետութեան ու քաղաքական շրջանակներէն ներս յարաբերութեանց մասին, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի գծով կատարուող աշխատանքներուն շուրջ։ Զրոյցը ընդգրկեց կարեւոր բնագաւառներ, ինչպիսին են՝ գաղութի առաւել կազմակերպման հնարաւորութիւնները, Աթէնքի եւ հայահոծ շրջաններուն մէջ հայութիւնը ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ աւելի մասնակից դարձնելու հրամայականը, երիտասարդութեան ներգրաւումը, վարժարաններէն ներս ազգային դաստիարակութեան արդի ուսուցումը, ինչպէս նաեւ յառաջիկային գումարուելիք Ազգային Ընդհանուր ժողովի ընթացքին քննարկուելիք՝ թեմերու մէջ հոգեւոր եւ ազգային կեանքի հզօրացման ծրագիրներու իրագործումը։
Վեհափառ հայրապետը նաեւ տեղեկութիւններ եւ իր պատկերացումները փոխանցեց Աթէնքի մէջ գումարուելիք Միջին Արեւելքին տագնապին համար նուիրուած խորհրդաժողովին մասին եւ հայ եկեղեցւոյ կարեւոր մասնակցութեան համար ժողովին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիպումը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ
Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիպումը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ
Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիպումը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ