Ատր­պէյ­ճա­նի վար­չա­կար­գը ան­բաղ­ձա­լի­նե­րու սեւ ցան­կին մէջ նե­րա­ռեց Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի ­Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (PACE) նա­խա­գահ, յոյն ծա­նօթ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն ­Թէո­տո­րոս ­Ռու­սո­փու­լո­սը։
Ա­լիե­ւի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­խում­բը դի­մեց հա­կա­ժո­ղովր­դա­վարա­կան այս քայ­լին, երբ Ե.Խ.Խ.Վ.-ի նա­խա­գա­հը հար­ցազ­րոյց մը տա­լով Ալ­ֆա ­Նիւս կա­յա­նին, Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը ո­րա­կեց որ­պէս բռնա­կալ։
Ատր­պէյ­ճան հա­կազ­դեց ­Ռու­սո­փու­լո­սի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ան­բաղ­ձա­լի նկա­տե­լով եւ­րո­պա­ցի քա­ղա­քա­կան այ­րը, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի 76 այլ ան­դամ­ներ, բո­լո­րը դա­տա­պար­տե­լով որ­պէս քա­ղա­քա­կան յի­մա­րու­թեան մէջ ին­կած եւ հո­գե­պէս խան­գա­րո­ւած ան­ձեր։
Այն պա­հուն, երբ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ղե­կա­վար շրջա­նա­կ­նե­րը ու­ժա­նիւ­թի մար­զին մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան լայն ճամ­բա­ներ բա­ցած են Ատր­պէյ­ճա­նի հետ, յա­ճախ ան­տե­սե­լով երկ­րի բռնա­կալ վար­չա­կար­գի ա­պօ­րի­նու­թիւն­նե­րը եւ ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս, հե­տաքր­քա­կան է տես­նել, թէ ինչ­պէս պի­տի հա­կազ­դեն Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հին դէմ ուղ­ղո­ւած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ար­գի­լում­նե­րուն։ ­
Թէո­տո­րոս ­Ռու­սո­փու­լո­սի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տումն է Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դին մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւած ծա­նօթ պատ­կե­րին Ատր­պէյ­ճա­նի հան­դէպ, որ սա­կայն զոհ կը դառ­նայ ու­ժա­նիւ­թի մե­ծա­պե­տա­կան հա­շիւ­նե­րուն։