Ուրկէ՞ Եկած Է Կաղանդ Բառը
«Զի՞նչ է Կաղանդ եւ Կաղանդիկա: Կաղանդ ամսամուտ է, իսկ Կաղանդիկա նախասկզբնակ օր տարւոյն».- գրած է Անանիա Շիրակացին` իր «Տիեզերագիտութիւնը եւ տոմար» գիրքին մէջ:
«Կաղանդ» բառը ծագած է լատիներէն calendae բառէն, որ հայերէնով ստացած է Նոր Տարուան առաջին օրուան նշանակութիւնը:
Արդարեւ, Նոր Տարի հասկացողութիւնը կ՛արտայայտուի նաեւ Կաղանդ բառով, այդ առիթով իրար շնորհաւորելու սովորութիւնը` կաղընդել, նուէրը` կաղըդնչէք, իսկ երգերը` կաղանդոս բառերով:
Այս առիթով յիշենք նաեւ Ամանորի տարբեր անուանումները` ամանորաբեր, տարեմուտ, տարեգլուխ, տարին գլուխ, տարենոր, նոր տարի, նորաբեր, նաւասարդ եւ ծաղկըմուտ:
Ամանորեայ կերակուրներ
Անցեալին, բայց նաեւ ներկայիս Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ ամանորեայ սեղանէն անպակաս են ընդեղէնով պատրաստուած ճաշատեսակները:
Աղանձը տարբեր հատիկներու աղանձուած, խարկուած խառնուրդն է:
Կճղախաշը նոյնպէս հատիկներով պատրաստուած կերակուր է, զայն կ՛եփեն կճուճի մէջ, ամբողջ գիշեր մը թոնիրին մէջ պահելով:
Հարիսան եւս թոնիրի մէջ կ՛եփուի:
Անիկա կը խորհրդանշէ նոր սկսող տարուան երկրագործական աշխատանքներու առատութիւնը ապահովող ուտելիք:
Լուբիայով աղցանը անպակաս պէտք է ըլլայ Ամանորի սեղանէն: Լոռեցիք կ՛ըսէին` «Նոր Տարի չի գար առանց լուբիայի»:
Անուշապուրը մանրուած միրգերով եւ եփած ցորենով կամ ձաւարով պատրաստուած աւանդական անուշ է:
Պասուց տոլման իր մէջ կը պարունակէ 7 տարբեր հատիկներ: 7ն աստուածային թիւ է:
Նոր Տարուան սեղանի առատութիւնը պարտադիր էր՝ հաւատալով, որ անիկա կ՛ապահովէ գալիք տարուան առատութիւնն ու բարեկեցութիւնը:
Ամանորեայ սովորութիւններ
Ամանորի առիթով մեր նախահայրերը լաւապէս կը մաքրէին տունն ու ախոռը, անասուններու եղջիւրներէն կարմիր ժապաւէն կը կապէին, նոր հագուստներ կը հագուէին` գալիք տարին մաքուր եւ ուրախ տրամադրութեամբ դիմաւորելու համար:
Շիրակի մէջ, տարեհացը կտրելէ առաջ, տան մամիկը հացը բռնած՝ 3 անգամ կը դառնար թոնիրին շուրջ` բարեմաղթութիւններ կատարելով:
Թիֆլիսի մէջ թխուող մարդակերպ հացերէն մէկը չիք կը կոչուէր, միւսը` էգ: Էգը կը պահէին ալիւրի մէջ, որպէսզի առատանար, իսկ չիքը կը նետէին ջուրի մէջ, որպէսզի անցնող տարուան նման չքանար:
Ջաւախքի մէջ Նոր Տարուան առտուն նահապետական ընտանիքը կը հաւաքուէր. տան հայրն ու մայրը կը նստէին օճախին գլուխը, միւսները աւագութեան կարգով կը մօտենային անոնց, կը համբուրէին անոնց ձեռքերը եւ կը շնորհաւորէին Ամանորը` որպէս նուէր վասիլներ ստանալով:
Համշէնի մէջ սովորութիւն էր շնորհաւորել ամէն ինչ, բացի զիրար շնորհաւորելէ, նաեւ կը շնորհաւորէին գոմերն ու անասունները, մթերանոցները` մաղթելով բախտ եւ յաջողութիւն: Յունուար 1ին արգիլուած էր ընկոյզ կամ կաղին կոտրել, որպէսզի արօրը չկոտրէր: Նաեւ կը հաւատային, որ Նոր տարուան առաջին 12 օրերու եղանակներուն նման պիտի անցնէին տարուան 12 ամիսները:
Կեսարիոյ մէջ տան մամիկը հացը աղբիւր կը տանէր եւ կը նետէր գուռին մէջ, որպէսզի «կաղընտէ» ջուրը:
Ախալքալաքի մէջ Յունուար 1-ի գիշերը երիտասարդները գետ կ՛երթային, ջուրին մէջ գարի եւ ցորեն կը նետէին, ապա սրբազան ջուրը տուն կը բերէին:
Լոռիի մէջ կը հաւատային, որ տարեմուտի կէս գիշերին գետերը վայրկեան մը կանգ կ՛առնէին եւ ա՛ն, որ այդ միջոցին ջուր վերցնէր, կը հարստանար եւ ինչ որ խնդրէր, կը կատարուէր:
Հոս կար նաեւ այլ հետաքրքրական սովորութիւն մը. հին տարուան վերջին օրը տուն կը բերէին մեծ գերան մը, որ կը կոչուէր տարեմուտի գերան. անով օճախը կը վառէին Նոր Տարուան առաջին օրէն մինչեւ Ս. Ծնունդի երեկոն, ապա գերանին մոխիրը կը թափէին հանդերը` կանխելու համար կարկուտը եւ ապահովելու` բերքի առատութիւնը:
Կարգ մը գիւղերու մէջ կիները կարմիր կտորներ եւ թելեր կը կապէին սրբազան ծառերու ճիւղերէն, որպէսզի գալիք տարին ուրախ, առատ եւ բախտաբեր ըլլայ:
Իսկ հայկական Ամանորի տօնածառը կը զարդարուէր չոր ճիւղի վրայ` գունաւոր թելերէ կախելով միրգեր, շարոցներ եւ խմորեղէն: