(Ներկայիս ինչ կ՚ակնկալուի «Ազատ Օր»-էն)
ՄԻՀՐԱՆ Ք.
Յունահայ գաղութի երիտասարդ նահապետը լման 80 տարի երիտասարդական աւիւնով ու եռանդով անխափան ծառայելէ ետք, ահա կը թեւակոխէ իր 81 տարիքին: Անոր արխիւներուն ու պահուած 80-ամեայ թիւերուն մէջ անգնահատելի հարստութիւն կայ, որ կուտակուած է մտածումի ճառագայթումներով, անհատնում աշխատանքի քրտինքով ու անչափելի զոհողութիւններով: Այդ հարստութիւնը կը պատկանի բոլորին՝ տարիներու ընթացքին «Ազատ Օր»-ի յարկին տակ գործող գրաշարներուն, ցրուիչներուն, հաշուապահներուն, խմբագիրներուն ու յօդուածագիրներուն, ընթերցողներուն ու նուիրատուներուն, գաղութային գործօններուն եւ յատկապէս Յունաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմիններուն եւ Հայ Կապոյտ Խաչեան վարչութիւններուն եւ անդամուհիներուն, որոնք առաջին օրէն մինչեւ այսօր, տիրոջ զգացումով տիրութիւն ըրին անոր, թեւ ու թիկունք եղան, նիւթապէս ու բարոյապէս ոչինչ խնայեցին, որ ան՝ «Ազատ Օր»-ը ամէն օր լոյսին ելլէ, որպէսզի լոյս բաշխէ ընթերցողներուն, ամբողջ գաղութին: Այս մասին շատ բան գրուած է եւ նոյնքան շատ բան ըսուած է արդէն, որով աւելորդ է հոս անգամ մը եւս կրկնելու զանոնք…:
Այսուհանդերձ, աւելորդ չէ անգամ մը եւս կրկնել ու ընդգծումով շեշտել «Ազատ Օր»-ի մեծագոյն ու անփոխարինելի առաքելութիւնը, որ ի՛րը եղաւ եւ թերեւս՝ միայն ի՛րը: Յունաստանի ամէնէն թէժ տարիներուն, երկրորդ պատերազմէն առաջ, պատերազմին մէջ ու անկէ ետք,անօթութեան ու անգործութեան չարաշուք ժամանակներուն, երբ երկրի բոլոր քաղաքացիներու նման հայ մարդիկ եւս շուարի ու յուսահատութեան ճիրաններուն տրուած՝ տագնապալի ներկայի ու անորոշ ապագայի մղձաւանջին մէջ՝ ղեկը կորսնցուցած նաւու նման չէին գիտեր ի՞նչ ընեն, ո՞ր կողմը դառնան եւ կամակոր կը տարուբերէին կեանքի յորձանուտին մէջ, ահա այդ տարիներէն «Ազատ Օր»-ը հայ մարդոց համար եղաւ առաջնորդող կողմնացոյցը ու այնուհետեւ ալ մնաց իբրեւ այդպիսին: Աւելին. մինչեւ վերջ, մինչեւ մեր օրերը ան հանդիսացաւ գլխաւոր կռուանը, որ գէթ գիտակցական մակարդակի վրայ իրարու միացուց յունահայ ազգայինները եւ զանոնք բոլորեց ազգային ու քաղաքական նպատակներուն շուրջ:
Մինչեւ հիմա առարկայական քննարկում չէ կատարուած եւ չէ եզրակացուած, թէ յունահայ գաղութը այսօր ի՞նչ պատկեր պիտի ներկայացնէր արդեօք, եթէ «Ազատ Օր» չունենար…:
Հիմա սակայն, «Ազատ Օր»-ը չունի այլեւս իր նախկին փայլը: Պատճառը ծանօթ է: Ճարտարագիտութեան (թեկնոլոժի) անկասելի զարգացումներու հետ չկրցան մրցիլ նոյնիսկ տիտանեան դրամագլուխ եւ մեծահռչակ հեղինակութիւն ունեցող գրաւոր մամուլի աշխարհի բոլոր միաւորները: Անոնք ալ կորսնցուցին երբեմնի իրենց փայլը եւ անշքացան, գրեթէ հոգեվարքի մատնուելով: Այնպէս, որ տարբեր ճակատագիր չէր սպասուէր նաեւ «Ազատ Օր»-ին համար:
Բայց կը սպասուի եւ կ՚ակնկալուի, որ «Ազատ Օր» հաստատութիւնը ընէ այնպէս, որ ներկայ ճարտարագիտութեան (թեկնոլոժիի) ընձեռած հնարաւորութիւններէն օգտուելով վերստանձնէ գաղութի երիտասարդներն ու ազգայինները գէթ գիտակցական մակարդակի վրայ իրարու միացնողի այնքան կարեւոր ու անյետաձգելի առաքելութիւնը, որպէսզի ըստ առաջնոյն կարենայ զանոնք բոլորել ազգային ու քաղաքական նպատակներու շուրջ։
Թէ ինչպէ՞ս: Հարց մըն է, որ անհրաժեշտ է դնել սեղանի վրայ ու քննել իբրեւ անյետաձգելի օրակարգ: