­Յու­նա­հայ տա­ղան­դա­ւոր յօ­րի­նող եւ ե­րա­ժիշտ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան իր բարձ­րար­ժէք տա­ղան­դը կա­րո­ղա­ցած է ծա­ռա­յեց­նել ե­րաժշ­տա­կան զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս, ար­ժա­նա­նա­լով տե­ղա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին գնա­հա­տան­քի ու պար­գեւ­նե­րու։
Իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յղա­ցում­նե­րուն վեր­ջին պտու­ղը ե­ղաւ «Այ­րած դէմ­քով դուստ­րին նո­ւի­րո­ւած ­Թո­քա­թան» ե­րաժշ­տա­կան ամ­բող­ջու­թիւ­նը, որ կազ­մո­ւած է նո­ւա­գա­խում­բի, երգ­չա­խում­բի եւ միայ­նակ եր­գիչ­նե­րու ներ­կա­յաց­ման հա­մար։ Եր­կը միա­ժա­մա­նակ խօս­քի ու մե­ղե­դի­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն է, որ կը մեկ­նա­բա­նո­ւի ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն կող­մէ, ի­րա­րու միա­խառ­նե­լով բա­նաս­տեղ­ծա­կան եւ ե­րաժշ­տա­կան յղաց­ման եր­կու աշ­խարհ­նե­րը։
Ս­տեղ­ծա­գոր­ծու­թեան խօս­քը գրո­ւած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու համ­բա­ւա­ւոր Ս­թան­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Իոան­նիս Իոան­նի­տի­սին կող­մէ, որ ան­դամ է նաեւ Եւ­րո­պա­յի եւ Ա.Մ.Ն.-ի ա­րուես­տից ա­կա­դե­միա­նե­րուն։ ­Գի­տա­կան ո­լոր­տին զու­գա­հեռ, ան ծա­ւա­լած է բա­նաս­տեղ­ծա­կան բե­ղուն աշ­խա­տանք եւ իր գոր­ծե­րը լայն տա­րա­ծում ու­նե­ցած են։ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նի ե­րաժշ­տա­կան մտայ­ղա­ցում­նե­րուն հետ միա­խառ­նուած, ­Թո­քա­թա­յի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ար­դի ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի յօ­րի­նում մըն է, որ իր ա­զատ ար­տա­յայտ­չա­կա­նու­թեան կշռոյ­թին մէ­ջէն, նաեւ կը պա­հէ դա­սա­կան կա­ղա­պար­նե­րու ո­րոշ յատ­կա­նիշ­ներ, ա­ռի­թը տա­լով իւ­րա­յա­տուկ մեկ­նա­բա­նու­թեան մը, ունկն­դի­րի ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւե­լով կա­տար­ման ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։
­Ներ­կա­յաց­ման ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն շար­քին, պէտք է դա­սել նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի բարձր կար­գե­րու ա­շա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, որ ձայ­նե­րու այ­լա­զա­նու­թեան մէջ ե­րե­ւե­լի յայտ­նու­թիւն մըն էր հան­դի­սա­տե­սին հա­մար։ Ն­շենք, որ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ար­դէն եր­գի ու ե­րաժշ­տու­թեան դա­սըն­թացք­ներ կը ստա­նայ հա­յազ­գի ե­րա­ժիշ­տէն, ու այս­պէս՝ մեր մատ­ղաշ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռիթ ու­նե­ցան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մեր­գի ներ­կա­յաց­ման։
­Չո­րեք­շաբ­թի, 1 եւ ­Հինգ­շաբ­թի, 2 Ապ­րիլ 2026-ին, Ա­թէն­քի «Օ­տի­թո­րիում» հա­մեր­գի սրա­հէն ներս բազ­մա­թիւ յոյն եւ հայ ա­րո­ւես­տա­սէր­ներ ներ­կայ ե­ղան գնա­հա­տե­լու հա­մար ե­րաժշ­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը։ Մ. ­Չա­լը­քեա­նին կող­մէ կազ­մո­ւած «­Նոս­թալ­ճիա» նո­ւա­գա­խում­բը, որ կը բաղ­կա­նայ 15 ե­րա­ժիշտ­նե­րէ, կա­րո­ղա­ցաւ ար­հես­տա­վարժ մեկ­նա­բա­նու­թեամբ եւ հա­մա­չա­փու­թեամբ ար­տա­յայ­տել եր­կի մե­ղե­դիա­կան բա­ժի­նը։ ­Միայ­նակ բա­ժին­նե­րը յա­ջո­ղա­պէս մեկ­նա­բա­նե­ցին սոփ­րա­նօ ­Մա­րիա ­Ռու­մա­նի եւ թե­նոր­ներ Խ­րիս­թոս ­Տե­լի­զո­նաս ու ­Սի­մոս ­Կա­ցիս։
­Հայ փոք­րիկ­նե­րու երգ­չա­խում­բի կող­քին եւս, եր­գե­րու բա­ժի­նը մեկ­նա­բա­նեց «­Վի­րո­նա­յի ե­րի­տա­սարդ ձայ­ներ»-ու խում­բը, կազ­մե­լով ամ­բող­ջու­թիւն մը երգ­չախմ­բա­յին կա­տա­րում­նե­րու դե­րին։
Ե­րա­ժիշ­տի յօ­րի­նած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը գրո­ւած է եր­կու մա­սի վրայ, յե­նած ըլ­լա­լով փրոֆ. Իոան­նի­տի­սի բա­նաս­տեղ­ծա­կան ծաղ­կա­քա­ղին վրայ։ «Այ­րած դէմ­քով դուստ­րը» մարդ­կա­յին կեր­պար մը չէ։ ­Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը կը խօ­սի մարդ­կա­յին բո­լոր ար­ժէք­նե­րուն եւ սկզբունք­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին եւ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու ան­պատ­կառ վե­րա­բե­րու­մին պատ­ճա­ռով կ­՚այ­րին ու կը վե­րա­ծո­ւին մո­խի­րի։ Եր­կը իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան եւ ե­րաժշ­տա­կան յղա­ցում­նե­րով կը քննա­դա­տէ նո­րօ­րեայ բար­քերն ու ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը յատ­կան­շեն ար­դի կեան­քը, պատ­ճառ դառ­նա­լով ըն­կե­րա­յին ար­ժէք­նե­րու կոր­ծա­նու­մին եւ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ա­ղա­ւա­ղու­մին։
­Բե­մին վրայ, ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան, որ­պէս յօ­րի­նող եւ խմբա­վար միա­ժա­մա­նակ, կա­րո­ղա­ցաւ իր ե­րաժշ­տա­կան շրջա­ծի­րին մէջ պա­հել կշռոյթն ու մեկ­նա­բա­նու­թեան պա­հանջ­նե­րը, լա­ւա­պէս ներ­դաշ­նա­կե­լով նո­ւա­գա­խում­բի եւ եր­գող­նե­րու հա­մա­շունչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։ ­Պէտք է ը­սել, թէ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ձե­ւը ե­րաժշ­տա­կան բարդ յղա­ցում­նե­րու աշ­խարհ մըն է, ո­րոնց հա­մադ­րու­մը ար­հես­տա­վար­ժօ­րէն կը յա­ջո­ղի ի­րար միա­խառ­նել դա­սա­կան եւ գե­րար­դի ար­տա­յայտ­չա­կան ո­ճի տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րը։ Եր­կու օ­րուան ներ­կա­յա­ցում­նե­րը ու­նե­ցան ակն­կա­լուած յա­ջո­ղու­թիւնն ու ե­րաժշ­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան գնա­հա­տա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը, իսկ նո­ւազ չէին նաեւ յոյն տպա­գիր եւ հա­մա­ցան­ցա­յին մա­մու­լի գրա­խօ­սա­կան­նե­րը։ Ե­լոյ­թէն ա­ռաջ եւ վերջ, լրա­տո­ւա­կան բազ­մա­թիւ մի­ջոց­ներ գո­վա­սան­քով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան եր­կին մա­սին, իսկ ու­րա­խա­լի նշում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան նաեւ հայ ա­շա­կերտ­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեան հա­մար։
­Կը մնայ շնոր­հա­ւո­րել հա­յազ­գի ե­րա­ժիշտ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նը, ինչ­պէս նաեւ «­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, ո­րոնց ե­րե­ւու­մը բե­մին վրայ բա­ցա­ռիկ ե­րաժշ­տա­կան նո­րու­թիւն մըն էր, որ ար­ժա­նա­ցաւ յու­նա­կան ա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ան­վե­րա­պահ գնա­հա­տան­քին։

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ