Ման­նիկ Պէօ­րէք­ճեան — Աշ­րեան

Այս պատ­գա­մը ա­մէն ­Կի­րա­կի մտիկ կ­՛ը­նեմ ­Կի­լի­կիոյ սուրբ պա­տա­րա­գին մէջ։ ­Ներ­կա­յիս ո­րո­շե­ցի, իբր տա­րի­քոտ մեծ մայր, փո­խան­ցել նոր սե­րունդ­նե­րուն այս հիմ­նա­կան սկզբուն­քը մեր ազ­գի ա­պա­գան ու­ղիղ ա­ռաջ­նոր­դե­լու հա­մար, մին­չեւ հաս­նիլ ա­զատ, ան­կախ եւ միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի մեր ե­րա­զը ի­րա­կա­նաց­նե­լու։
­Հա­յաս­տա­նը դա­րե­րու ըն­թաց­քին ա­րե­ւե­լեան թէ ա­րեւմ­տեան ու­ժեղ ազ­գե­րու մի­ջեւ «կռո­ւախն­ձոր» ե­ղած է իր բարձր մշա­կոյ­թի պատ­ճա­ռաւ։
Ւմ շատ սի­րե­լի նոր սե­րունդ­ներ՝ հա­յաս­տան­ցի եւ սփիւռ­քա­հայ, իմ սրտիս խո­րէն կը մաղ­թեմ, որ միաս­նա­բար շա­րու­նա­կէք տո­կալ ազ­գա­յի­նը գե­րա­դա­սե­լով։
­Ներ­կա­յիս, շատ ծանր կա­ցու­թիւն­ներ կը տի­րեն աշ­խար­հի մէջ։ ­Հայ­րե­նի­քէն ներս թէ սփիւռ­քի ա­ւե­լի քան 50 եր­կիր­նե­րու մէջ, կը պար­տինք ըլ­լալ ար­ժա­նա­ւոր ան­դամ­ներ, լրջօ­րէն ցե­ղաս­պա­նո­ւած ազ­գի մը նոր սե­րունդ­նե­րը պէտք է շա­րու­նա­կենք տո­կալ 111 տա­րի­նե­րէ վերջ ալ։
Ուս­տի կը պար­տինք բո­լորս միա­սին չ­՛ըն­դու­նիլ ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կազ­գա­յին ա­ռա­ջարկ­նե­րը՝
1) ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ջնջել
2) ­Հա­յաս­տա­նը ոչ մէկ կապ ու­նե­նայ սփիւռ­քա­հա­յե­րու հետ
3) ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւ­նը
4) ­Հա­յաս­տա­նը այ­լեւս Ար­ցա­խը չու­նի, ոչ իսկ իր Ա­րա­րա­տը
5) ­Հա­յաս­տա­նը ա­րեւմ­տեան Ատր­պէյ­ճան է։
Այս բո­լո­րը լրջօ­րէն վտան­գա­ւոր են մեր ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի տո­կու­նու­թեան։
Ուս­տի, իբր տա­րի­քոտ մեծ մայր, սրտիս խո­րէն կը մաղ­թեմ որ դուք, նոր սե­րունդ­ներ, լրջօ­րէն խոր­հիք ա­մէն ինչ եւ միշտ ու­ղիղ ո­րո­շում­ներ առ­նէք հե­տե­ւեալ պատ­գա­մով՝ «­Հայ եմ ես» «իմ սրտի մէջ մի եր­կիր կայ, դու ես ­Հա­յաս­տան» եւ կի­լի­կեան պատ­գա­մով «ազ­գիս հա­յոց սէր միու­թիւն»։