Այս տարի եւս, Տիտիմոթիքոյի մէջ յտուկ շուքով նշուեցաւ Ս. Գէորգ զօրավարի տօնը։ Շաբաթ, 27 եւ Կիրակի, 28 Սեպտեմբերին, արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Տիտիմոթիքոյի շրջանի պատմական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, ներկայութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանին։
Շաբաթ առաւօտեան ժամը 8:30-֊ին, կատարուեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, ապա եկեղեցւոյ հաւատացեալներու կողմէ սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը։ Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Թեմակալ Առաջնորդը, ընկերակցութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի, կէսօրուայ ճաշի հիւրը եղան Օրեսթիատայի մէջ, որ կազմակերպուած էր Թաղային խորհուրդին կողմէ։ Իսկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին, տեղի ունեցաւ հանդիպում շրջանի թաղականութեան հետ, որուն յաջորդեց
ընթրիք։
Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր ս. պատարագ
Կիրակի, 28 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Տիտիմոթիքոյի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ, յաւուր պատշաճի պատգամ ու մատաղօրհնութիւն, որ կատարեց թեմիս բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։ Պատարագին ներկայ էին շրջանի յոյն Մետրոպոլիտի ներկայացուցիչը, պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Յունահայոց Ազգային վարչութեան անդամներ եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ թաղականութեանց ներկայացուցիչներ, Հայ Գթութեան Խաչի վարչականներ, շրջաններէն ժամանած հաւատացեալներ։
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց շրջանի միացեալ դպրաց դասերու երգչախումբը։ Սրբազանը իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ Ս. Գէորգ եկեղեցին իր հնութեամբ եւ պատմական ոճով մեր համայնքին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ որպէս ուխտատեղի։ Ապա իր խօսքին մէջ նշեց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքը եւ ըսաւ «երկինքը եւ երկիրը կ՚անցնին, բայց իմ խօսքերս չեն անցնիր, որովհետեւ Աստուած խօսեցաւ մարդուն, Աստուած յայտնուեցաւ մարդուն, Աստուած մարդացաւ եւ իր կեանքը ցոյց տուաւ մարդուն»։ Սրբազան հայրը իր խօսքի աւարտին նշեց՝ «սիրելի հաւատացեալներ, Աստուած իրապէս սիրեց ձեզ եւ ինք Աստուած իրապէս իրն կեանքը տուաւ ձեզի եւ ինծի համա, Աստուած իրապէս յայտնուեցաւ եւ իր սուրբ խօսքը տուաւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս, որպէսզի մենք ճանչնանք զինք եւ ապրինք իրմով ու հասկնանք զինք»։ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղի օրհնութեան կարգը։
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթ քաղաքի ճաշարանի մը մէջ, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Ողջոյնի խօսքը արտասանեց Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։ Ապա Գոմոթինիի «Ուրարտու» պարախումբը ներկայացուց երեք ազգային եւ հայրենասիրական պարեր, որուն յաջորդեց Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններու դպրաց դասերէն կազմուած միացեալ երգչախումբը, որ հանդէս եկաւ երեք հայրենասիրական երգերով։ Յայտագիրի աւարտին, Սրբազան հայրը գնահատեց պարախումբն ու երգչախումբը իրենց գեղեցիկ կատարումներուն համար եւ իր խօսքին մէջ մէջբերելով ըսաւ, «եթէ մինակդ քալելու ըլլաս՝ արագ կը քալես, սակայն երբ միասին խումբով քալելու ըլլաս, աւելի դանդաղ կը քալես, բայց աւելի երկար կրնաս ճամբորդել ու աւելի հեռուն կրնաս երթալ»։ Աւարտին՝ հրաւիրեց իւրաքանչիւր շրջանի ընտանիքներն ու անհատները, քով քովի գալ որպէս հայ ժողովուրդ, որ հեռու կ՚ապրի իր հայրենիքէն, բայց հայրենիք մը ստեղծած է իր հոգիին ու ընտանիքին մէջ, նուիրուելու մեր համայնքին, մեր մշակոյթին եւ մեր եկեղեցիին։
Ս. Գէորգի տօնախմբութիւնը անգամ մը եւս առիթ եղաւ Թրակիոյ հայութեան համախմբուածութեան, որոնք սուրբի տօնի խորհուրդին ազդեցութեան տակ վերանորոգեցին իրենց ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու աշխարհը։ Առաջնորդ Սրբազան հօր ներկայութիւնը յատկանշականօրէն յատուկ փայլ մը պարգեւեց տօնական մթնոլորտին, եւ իր հայրական պատգամները որպէս բարերար արտայայտութիւններ խրախուսեցին շրջանի հայութիւնը։
ԹՂԹԱԿԻՑ










