2026-ի Մարտ ամիսը յատկանշուեցաւ աշխուժ գործունէութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի ընտանիքին համար։ Սկաուտներն ու մարզիկները մեծ խանդավառութեամբ շարունակեցին իրենց մարզական ու սկաուտական գործունէութիւնները։
ԳՈՔԻՆԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Վոլէյպոլ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ կանանց խումբը գրաւեց յունական ΕΣΠΕΔΑ մրցաշարքի 3-րդ դիրքը եւ կը շարունակէ մրցիլ՝ Final Four (վերջնական չորս) փուլէն ներս դասակարգ բարձրանալու համար։
Այրերու խումբը բոլորեց իր մասնակցութիւնը յաջողութեամբ Pre League մրցաշարքին. Միաժամանակ «փոքրիկներու» խումբերը կը շարունակէ մասնակցիլ զանազան մրցաշարքերու։
Անգամ մը եւս, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզիկ Քրիս Մուշոյեան մասնակցեցաւ Յունաստանի ազգային K18 խումբին։
ԱԹԷՆՔԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Կողովագնդակ
Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմերը կը շարունակեն իրենց մրցումները այրերու Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, իսկ փոքրերու mini եւ junior խումբերը կը շարունակեն կատարել իրենց փորձերը ու մասնակցիլ մրցումներուն, ցոյց տալով մեծ խանդավառութիւն։
Ճատրակ
Ճատրակի խումբը մասնակցեցաւ ախոյեանութեան՝ լաւագոյն կերպով ներկայացնելով մեր միութիւնը։ Փոքրիկները կը շարունակեն փորձերը կանոնաւորապէս։
Լող — Թենիս
Լողորդական խումբը բազմաթիւ մետալներ նուաճեց «Բերա»-ի կազմակերպած մրցումներուն՝ Աթէնքի Ողիմպիական մարզադաշտէն ներս։
Թենիսի փոքրերու եւ մեծերու մարզումները կը շարունակուին Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Կիւտէնեան» մարզադաշտին մէջ։
Վազք
Վերջապէս, գերազանց ելոյթ մը ունեցաւ վազքի մարզիկ Ալեքս Սավուլեան, Քալամպաքա–Թրիքալա 17-րդ կիսամարաթոնին։ Ալեքսը արձանագրեց նոր անձնական մրցանիշ՝ տպաւորիչ 1:24:04 ժամանակով։
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Թեսաղոնիկէի կողովագնդակի խումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը մասնակցելով 3-րդ դասակարգի մրցաշարքին։
Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ-ի վարչութիւնը կազմակերպեց հեծելարշաւ, որուն նպատակն էր հասարակութեան իրազեկ դարձնել երիտասարդական յօդացաւային հիւանդութեան եւ անոր առաջքը առնելու ձեւերուն մասին:
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Աթէնքի, Գոքինիոյ եւ Թեսաղոնիկէի սկաուտները հպարտութեամբ մասնակցեցան Յունաստանի անկախութեան 25 Մարտի ազգային տօնի տողանցքներուն՝ պարզած ըլլալով յունական, հայկական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշները։
Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղերէն 22 գայլիկներ մասնակցեցան երկօրեայ արշաւի մը «Այիոս Անտրէաս» սկաուտական կեդրոնէն ներս՝ ապրելով գեղեցիկ պահեր, որոնք ճոխացած էին խաղերով, երգերով եւ հայկական գիտելիքներով։
Աթէնքի սկաուտական մասնաճիւղը կազմակերպեց սքանչելի խնճոյք երեկոյ մը, հայկական երգերով եւ պարերով։ Միաժամանակ շարունակուեցան Աթէնքի, Գոքինիոյ, Գարէայի եւ Թեսաղոնիկէի շաբաթական հաւաքները։
Յարաբերութիւններ
Գոքինիոյ մասնաճիւղի խմբապետ եղբայր Վիգեն Մինասեան մասնակցեցաւ Յունաստանի Սկաուտական Խնամակալութեան (ΣΕΠ) նոր ռազմավարական ծրագրի քննարկումին։
Միաժամանակ մեր աստիճանաւորները շարունակեցին մասնակցիլ սկաուտական դպրոց-սեմինարներուն։
Կը շարունակենք միշտ եռանդով եւ «Բարձրացիր-Բարձրացուր» նշանաբանի ուղեցոյցով։









