ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ես ինծի խոստացած էի խելք չյոգնեցնել ներհայաստանեան քաղաքական իրադարձութեանց վերաբերեալ` նկատած ըլլալով, որ ընտրութիւններէն ետքն ալ կը կրկնուի, նոյնիսկ աւելի կը սաստկանայ միեւնոյնը` անցնող տարիներու քաղաքական մթնոլորտը բեւեռացնող հայհոյախառն բառապաշարը` կարծես կը գտնուին քուէարկութիւններու սեմին, երբ հազիւ երկու ամիս անցած է ընտրութիւններէն: Քուէարկութեանց արդիւնքը աւելի անզուսպ դարձուցած է իշխանութիւնները, յատկապէս վարչապետը, հակազդեցութեան բնական ուղիով ալ, ընդդիմութիւնը կը պատասխանէ համապատասխան ոճով: Ընտրութիւններու նախորդող օրերուն է ընդհանրապէս, որ հակառակորդ կողմերը քաղաքական կլիման կը շիկացնեն` ընտրողներու կիրքերը կը բորբոքեն քուէ որսալու կամ կողմնակիցներէն քուէի կորուստ չունենալու համար: Քուէարկութիւններէն ետք կը զբաղին աշխատանքային ծրագիր պատրաստելով եւ օրէնսդրական պարտականութիւններ կատարելով: Բայց կը թուի, թէ մենք տարբեր ենք, չէ՞ որ` «Մեզ հայ են ասում…»:
Հիմա սակայն «Ազդակ»-ի մէջ կարդալէ ետք Վազգէն Գավլագեանի «Փակուղիէն դուրս գալու համար» յօդուածը եւ անոր վրայ խմբագրութեան կողմէ դրուած «գլխարկը», ինքզինքիս տուած խոստումս կ՛առկախեմ: Պիտի չանդրադառնամ յօդուածին բովանդակութեան ու խմբագրական նշումներուն, այլ պարզապէս ընթերցմանս առիթով եւ հեռուէն դիտուած` կարգ մը հպանցիկ մտածումներ պիտի արձանագրեմ:
1.- Ժողովրդավար երկիրներու կուսակցութեանց փորձը ցոյց կու տայ, որ տեսլապաշտ ու հեռահար իտէալներու հետամուտ կուսակցութիւններուն վիճակուած ըլլայ բողոքողի դերին մէջ գտնուելու, որով եւ երկրի քաղաքական լուսանցքին մղուելու ճակատագիր . հակառակ անոր որ անոնք յաճախ կը վայելեն բնակչութեան համակրանքը, բայց եւ այնպէս, երբ կարգը կու գայ վստահութեան քուէին` ընտրազանգուածը չի վստահիր անոնց: Քուէարկողներու համեմատութիւնը լաւագոյն պարագային հազիւ թէ հասնի-չհասնի 10 առ հարիւրի…
Անբնական չէ, որ առօրեայ բազմատեսակ կարիք ու հոգ ունեցող քաղաքացիներ մնայուն զօրաշարժի չտրամադրուին` յանուն իտէալի ու հեռահար նպատակներու: Նոյնպէս, բարգաւաճ երկիրներու բարգաւաճ քաղաքացիները իրենց հանգիստը չվտանգեն ի խնդիր իտէալի: Կայ նաեւ այն պարագան, որ իտէալականութիւնը գրաւիչ ըլլալով հանդերձ , սակաւաթիւ մարդիկ կը կապէ իրեն, քանի որ անոր պահանջած յանձնառութեան չափը ծանր է: Արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ իտէալականութեամբ առաջնորդուող կուսակցութեանց առաջադրած թեկնածուները սահմանափակ ըլլան` սահմանափակելով քուէարկողներու ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը:
Բնականաբար նաեւ այդ թեկնածուները իրենց խառնուածքով ու հետապնդումներով չեն կրեր ընտրող լայն խաւերը ներկայացնող հանգամանք:
Այս տիպի կուսակցութիւններ գիտակցաբար կը վճարեն քաղաքական գինը ի վնաս իրենց, բայց չեն շեղիր իրենց ուղիէն ու կոչումէն: Այս առումով, Հ.Յ.Դ.-ն կը գրաւէ առանձնայատուկ տեղ նմանատիպ կուսակցութեանց շարքին սա տարբերութեամբ, որ ան ունի վստահութիւն ներշնչող հարուստ անցեալ ու փորձառութիւն: Որեւէ պարագայի սակայն, քաղաքական ուժ դառնալու եւ ընկերային բարեփոխումներու ձեռնարկելու նախապայմանը կը կայանայ ընտրողներու նեցուկը եւ գործակցութիւնը ապահովելու մէջ: Այսինքն` ՔՈՒԷ ապահովելու մէջ:
2.- Որեւէ երկրի քաղաքակրթական զարգացումը կ՚առաջնորդուի աստիճանական փուլերով: Նախ կը ձգտի ապահովել բնակչութեան վերապրումի անհրաժեշտ կարիքները ու այսօրուան եւ վաղուան աշխատանքը, ապրուստը: Այս փուլին, ուրիշ խնդիրներով հետաքրքրուած չէ քաղաքացին: Իր գերխնդիրը ապրուստն է եւ ամենալայն իմաստով` ապահովութիւնը: Ապահովութիւնը ձեռք ձգելէ ետք կ՚անցնի ինքնաճանաչման` քաղաքական ու ընկերային իր ուղղուածութիւնը գտնելու փուլին` ընկերութիւնը կազմակերպելու եւ կատարագործելու ձգտումով: Այս տեսակէտէն, կ՛ենթադրեմ, թէ Հայաստանի բնակչութեան լայն շերտ մը, յատկապէս գիւղական շրջաններու բնակչութիւնը տակաւին կը գտնուի առաջին փուլին, որով եւ Հ.Յ.Դ.-ն այս իրողութեան դէմ յանդիման` լաւ է, որ յստակացնէ իր ընելիքը:
Դիւրին չէ կուսակցական տեսլապաշտութիւնը ներդաշնակել իրատեսութեան ու գործնականութեան հետ, բայց նախապայման է ան հայրենի ժողովուրդին հետ գործելու եւ իշխանութեան մրցավազքին մասնակցելու համար:
Հ.Յ.Դ.-ն աշխարհատարած իր ցանցով ու կազմակերպուածութեամբ ի վիճակի է հաւասարակշռուած ներդաշնակութիւն մը բերելու իր աշխատանքին մէջ` զուգահեռ առաջնահերթութեամբ գործելու: Սփիւռքի մէջ, ուր ազգայինները իրենց առօրեայ հարցերուն լուծումը կուսակցութենէն չէ, որ կը սպասեն, հետամուտ ըլլայ մեր հեռահար նպատակներուն, իսկ հայրենիքի մէջ լծուի քաղաքացիներու կարիքներուն հասնելու եւ դժուարութեանց լուծում գտնելու ճիգին:
3.- Երկրի մը քաղաքական կայունութեան երաշխիքը ո՛չ կեդրոնացեալ ուժն է, ո՛չ բռնամիջոցը եւ ոչ ալ ազնուաբար ու մեծհոգութեամբ գոյացած համախոհութիւնն է: Երաշխիքներուն գլխաւորը կայացումն է սակաւ ու բազմատարր կուսակցութիւններու, որոնք պիտի ունենան քաղաքական ու գաղափարական շարժումի հանգամանք եւ իրենց դրօշին տակ պիտի փորձեն համախմբել մէկ կողմէ յառաջդիմական ու յառաջդիմական հակումներով պահպանողական տարրերը եւ միւս կողմէ` ազատական-դրամատիրական ու նոյն հակումներով պահպանողական տարրերը: Սովորութիւն է ըսել «կեդրոն ձախ եւ կեդրոն աջ»: Բազմատարր կուսակցութեան մէջ իր հունը կը գտնէ նաեւ բազմակարծութիւնը: Հոն, բազմատարր, այլեւ հակադիր կուսակցութիւններու քաղաքական-ընկերային առաջադրանքներու փաթեթ-ծրագիրը բնականաբար պիտի ներառնէ բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան սպասումներուն լուծում գտնելու յայտագիր, որով եւ առաջքը պիտի առնէ վտանգաւոր ցնցումներու: Մինչ վերանկախացման առաջին օրէն Հայաստան կը ներկայացնէ բազմաթիւ կուսակցութիւններով խճճուած ճիշդ հակառակ պատկերը, որ միշտ կը քաջալերուի իշխող տարրին կողմէ, եւ այդ պատճառով ալ շատ հեշտ է մթնոլորտը շիկացնել, նոյնիսկ անձնական պատճառներով, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ արդէն… Չեղաւ իշխանութիւն մը, որուն ժամանակ խօսուած չըլլայ «ճգնաժամի» մասին…
Ինչ որ տեսանելի է, բնակչութեան մէջ յառաջդիմական հակում ունեցող տարրերը մէկ դրօշի տակ համախմբելու նախաձեռնութիւն մը կրնայ առնել միայն Հ.Յ.Դ.-ը, որ իր հիմնադրութեան առաջին` Քրիստափորի օրերէն ու այնուհետեւ աւանդաբար միշտ եղած է համախմբող ներկայութիւն հայ կեանքին մէջ:
Աթէնք, 20 Օգոստոս 2026










