Այս օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցող հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-ա­մեա­կին նո­ւի­րուած ու­շագ­րաւ ե­լոյթ­ներ պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւին ­Գա­լա­մա­թա­յի, ­Նաու­սա­յի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ո­գե­կո­չե­լու հա­մար յի­շա­տա­կը ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ տուրք մա­տու­ցե­լու հա­մար հայ ազ­գի մեծ ող­բեր­գու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն ան­մառ յի­շա­տա­կին։
­Հինգ­շաբ­թի, 23 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, ա­մէն տա­րո­ւան նման, ­Գա­լա­մա­թա­յի մէջ պի­տի կա­տա­րո­ւի բա­րե­խօ­սա­կան կարգ եւ յար­գան­քի հա­ւաք իր յի­շա­տակ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն։ Ֆ­րա­կո­լիմ­նի շրջա­նի հրա­պա­րա­կին վրայ կանգ­նած հայ­կա­կան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ, քա­ղա­քի պե­տա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան, կրօ­նա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան կար­գե­րը պի­տի մաս­նակ­ցին ա­ղօթ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան եւ պի­տի կա­տա­րո­ւի պատ­շաճ յայ­տա­գիր։ Ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի նա­խա­գա­հէ թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով հո­գե­ւոր դա­սը։ ­Սոյն ե­լոյթ­նե­րուն իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ քա­ղա­քէն ներս հաս­տա­տո­ւած հայ հա­մայն­քը։
­Նաու­սա քա­ղա­քի ­Պոն­տա­կան միու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը, գոր­ծակ­ցու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի կազ­մին, Շաբաթ, 25 Ապրիլի երեկոյեան կը կազ­մա­կեր­պէ յու­շի իւ­րա­յա­տուկ ե­րե­կոյ մը քա­ղա­քէն ներս, յար­գե­լու հա­մար ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-ա­մեա­կը։ Հ­րա­պա­րա­կո­ւած յայ­տա­րու­թեան մէջ կը նշո­ւի, թէ մէ­կու­կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը ան­մառ կը մնայ, պա­հան­ջե­լով պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նում եւ հա­տու­ցում։ Ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի կլոր սե­ղա­նի զրոյց, ուր խօսք պի­տի առ­նեն Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի խում­բի ան­դամ ընկ. Ան­նա-­Մա­րիա Ա­լեք­սա­նեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քին կող­մէ Ա­նուշ ­Պա­պո­յեան եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան։ Զ­րոյ­ցը պի­տի հա­մադ­րէ ու­սա­նող ­Նա­թա­լի ­Թա­դէո­սեան։
­Քա­ղա­քա­կան ո­գե­կո­չում­նե­րուն կող­քին, նաեւ կարգ մը մշա­կու­թա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ պի­տի կա­տա­րո­ւին յի­շա­տա­կի ե­լոյթ­ներ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։
­Գեր­մա­նիոյ ­Նիւ­րեմ­պերկ քա­ղա­քին մէջ գոր­ծող ­Պոն­տա­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ­Հինգ­շաբ­թի, 23 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի սրա­հին մէջ պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի Ս­թա­թի Խ­րիս­թո­ֆո­րի­տի-­Սար­փող­լիի «IN MEMORIAM, Τ’ Αρμενόπουλα» (­Հա­յոր­դի­նե­րու յի­շա­տակ) հա­տո­րի շնոր­հան­դէ­սը, ուր բա­ցի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տէն եւ ա­կա­դե­մա­կան խօ­սող­նե­րէն, ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նայ նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ եւ քա­ղա­քի հա­մեր­գաս­րա­հի տնօ­րէն ընկ. Ք­րիս ­Ղա­լի­լէաս։ ­Գիր­քը կը խօ­սի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին ան­թիւ հայ մա­նուկ­նե­րու կո­տո­րա­ծին մա­սին։ Ե­լոյ­թը պի­տի ճո­խա­նայ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րով։
Իր կար­գին, մաս­նա­յա­տուկ հա­մերգ մը կու գայ դա­սո­ւե­լու ո­գե­կո­չում­նե­րու շար­քին։ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հը կը կազ­մա­կեր­պէ ե­րաժշ­տա­կան հա­մոյթ մը, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն հայ­րե­նի նշա­նա­ւոր դաշ­նա­կա­հար ­Հայկ ­Մե­լի­քեան, թե­սա­ղո­նի­կա­հայ սի­րո­ւած սոփ­րա­նօ ­Սի­րա­նուշ ­Չա­լը­քեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի պե­տա­կան նո­ւա­գա­խում­բը։ ­Պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի դաշ­նա­մու­րի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ «­Լոյս ի լու­սոյ» խո­րա­գի­րով հայ­կա­կան միջ­նա­դա­րեան մե­ղե­դի­նե­րու փունջ մը, ո­րոնք ներ­դաշ­նա­կո­ւած են ե­րա­ժիշտ Խ­րիս­թոս ­Խա­ծի­սի կող­մէ։ ­Պե­տա­կան նո­ւա­գա­խում­բը պի­տի ղե­կա­վա­րէ ե­րա­ժիշտ ­Ֆի­լիփ ­Ֆոր­ժէ։ ­Հա­մեր­գը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Հինգ­շաբ­թի, 30 Ապ­րի­լին եւ կը վա­յե­լէ Հ.Հ. դես­պա­նա­տան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։
­Դար­ձեալ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հի յայ­տա­գի­րէն ներս, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 6 ­Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան, պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի յոյն ծա­նօթ ստեղ­ծա­գործ ­Փա­նա­յո­թիս ­Ֆուր­նա­րա­քի­սի «Ար­ցախ» ե­րաժշ­տա­կան կտո­րը, որ պի­տի մեկ­նա­բա­նէ սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թեան «SAX NOUVEAU» հա­մոյ­թը։ Եր­կը նո­ւի­րո­ւած է Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին եւ իր ե­րաժշ­տա­կան պատ­կեր­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն կու տայ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ող­բեր­գու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ կեան­քի եւ յոյ­սի ու­ղերձ մըն է մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար։