Յունաստանի Հայոց թեմի Կրօնական ժողովի կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի 19 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ, նուիրուած հայ ժողովուրդի Թարգմանիչ վարդապետներու տօնին։
Ձեռնարկին նախագահեց Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։ Ներկայ էին Ֆիքսի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Նազար Աւագեան եւ անդամներ, Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչ անդամներ, տեղւոյն գործօն միութիւններու ներկայացուցիչներ, Աթէնքի Հոգաբարձութեան անդամներ, Գոքինիոյ Թաղային խորհրդոյ եւ Տիկնանց մարմնոյ անդամներ, վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ ու մեծ թիւով ժողովուրդ ու ծնողներ։
Բացման խօսքը կատարեց օրդ. Անի Կարապետեան։ Իր խօսքին մէջ ան յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ արձանագրուած են դէպքեր ու դէմքեր, որոնք չեն մոռցուիր բնաւ եւ իրենց յատուկ ներդրումը կը բերեն գոյապահպանման մեր ընթացքին մէջ։ Եւ անոնցմէ մին Թարգմանիչ վարդապետներու տօնն է։ Ապա ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը։
Ետքը, Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի խումբ մը աշակերտներ, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի տիկ. Հայկան Մինասեանի եւ հայ ուսուցչուհիներուն, ներկայացուցին գեղարուեստական առաջին բաժնի յայտագիրը։ Անոնք թարգմանիչ վարդապետներու նուիրուած կտորներ երգեցին, արտասանեցին ու թատերական կտոր մը եւս ներկայացուցին։
Ապա հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս՝ Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի «Հ. Ուշագլեան» մանկապարտէզի մանկապարտիզպանուհի տիկ. Անի Աբիկեան։ Ան նախ ներկայացուց Հայ գիրերու գիւտի պատմականը, որը տեղի ունեցաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի ձեռամբ եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի օրհնութեամբ։
Ան շեշտեց, թէ սոյն տօնին մէջ կը բաբախէ մեր ազգային ինքնութեան կենդանի սիրտը:
Անոր մէջ արձանագրուած է մեր ժողովուրդի հոգեւոր ծննդեան վկայականը: Այսօր մենք կը դառնանք ականատես ու ժառանգորդ այն մեծագոյն հրաշքին, երբ հայոց գիրերու գիւտով Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանուեցաւ եւ Թարգմանչաց հզօր շարժումով մարմին առաւ հայ դպրութիւնը:
Անկասկածօրէն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող մանկավարժի մը համար, չկայ աւելի մեծ պարգեւ քան ունկնդրել ու վայելել հայ մանուկին հայերէն երգն ու խօսքը, ականատես ըլլալ, թէ ինչպէս ամէն մէկ բառի ու փսփսուքի ընդմէջէն տառերը ձեւ եւ գոյն կը ստանան եւ կը հիւսեն մեր ամենագեղեցիկ հեքիաթը: Ապա «Շնորհաւոր բոլորիս Թարգմանչաց տօնը» մաղթանքով ան աւարտեց իր խօսքը։
Ապա Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի այլ խումբ մը աշակերտներ, ներկայացուցին գեղարուեստական երկրորդ բաժնի յայտագիրը։
Հարկ է նշել մեծ գնահատանքով, որ գեղարուեստական ընդհանուր յայտագրին մասնակից դարձան մօտ վաթսուն աշակերտներ։ Տնօրէնուհին եւ ուսուցչուհիները, ամենայն բծախնդրութեամբ պատրաստած էին օրուան յայտագիրը։ Այդ իսկ պատճառով, մեծ թիւով աշակերտներու ներկայացումը յատուկ երանգ տուաւ ձեռնարկին եւ մեծապէս քաջալերեց ու ներշնչեց ներկաները։
Աւարտին, օրդ. Անի Կարապետեան, հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը որպէսզի իր հայրական պատգամով եզրափակէ օրուան ձեռնարկը։
Սրբազան հայրը նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց «Զաւարեան» վարժարանի մեծ թիւով աշակերտներու մասնակցութեան համար։
Ան գնահատեց աշակերտութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, որոնք դպրոցական դասապահերու կողքին լաւագոյն ձեւով պատրաստեցին գեղեցիկ յայտագիր մը։
Ապա ան յատուկ կերպով շնորհաւորեց օրուան բանախօս՝ տիկ. Անի Աբիկեանը, որ շատ լաւ կերպով պատրաստեց ու ներկայացուց օրուան նիւթը։ Ան շնորհաւորեց նաեւ օրդ. Անի Կարապետեանը, կոկիկ ու պատշաճ բացման խօսքի ներկայացման համար։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը յայտնեց, թէ հայերէն լեզուն մեր ժողովուրդի սեփական գանձն է։ Հայերէն լեզուն իւրաքանչիւր հայու լեզուն է։ Այդ իսկ պատճառով, Թարգմանչաց տօնը իւրաքանչիւր հայու տօնն է, որմով մենք կը հպարտանանք։
Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ` Թարգմանչաց տօնը իր մէջ կը խտացնէ հայուն էութիւնը։
«Մեզի համար ան սոսկ տօն եւ թուական չէ։ Թարգմանչացը հայ լեզուն անմահացուց գիր եւ գրականութեամբ, պատմութիւնը` ձեռագրերով եւ առաջին տպագրութեամբ, մշակոյթը` ստեղծագործութեամբ սերունդներուն փեխանցելով եւ ինքնութիւնը` դպրութեամբ կերտելով»։
Սրբազան Հայրը նաեւ շեշտեց թէ` Թարգմանչաց տօնը իր էութեամբ կը միաւորէ հայ ընտանիքը, դպրոցը եւ եկեղեցին որոնց ջամբով կը կազմաւորուի հայուն ինքնութիւնը։ Իր խօսքի ամփոփումին, Սրբազան հայրը քաջալերեց բոլորին, որպէսզի դպրոցներէն ու տուներէն ներս աւելիով հայերէն խօսին եւ ապա օրհնեց ներկաները։
Օրուան տպաւորիչ ձեռնարկի փակման, օրդ. Անի Կարապետեան, յանուն Կրօնական ժողովին շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովուրդի ներկայութեան ու քաջալերանքին համար։
ԹՂԹԱԿԻՑ










