Հայ երիտասարդութեան բողոքի ձայնը ճեղքեց Աթէնքի երկինքը
Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ցուցական ելոյթներու ամէնէն յատկանշական բաժինը հանդիսացաւ բողոքի քայլարշաւը եւ ցոյցը դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, որ իրագործուեցաւ Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, յաջորդելով Նէա Զմիռնիի հայկական յուշարձանին առջեւ յարգանքի ելոյթը եւ բարեխօսական կարգը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան հրաւէրին ընդառաջելով, հարիւրաւոր երիտասարդներ եւ հայրենակիցներ, մատղաշ տարիքի հայորդիներէն մինչեւ տարէց մեր ազգակիցները, հաստատեցին իրենց վճռակամ ու միահամուռ ներկայութիւնը՝ բողոքելու հայութեան դէմ շարունակուող անարդարութեան համար։
Օրուան իրավիճակը իսկապէս դժուար եղաւ, որովհետեւ նոյն պահերուն կը կատարուէր Ֆրանսայի նախագահ Էմ. Մաքրոնի պաշտօնական այցելութիւնը, իսկ Աթէնքի կեդրոնը փակ կը մնար ինքնաշարժներու երթեւեկին համար։ Այսուհանդերձ, մեր հայրենակիցները հաւաքաբար եւ կուռ շարքերով արդէն բոլորուած էին Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան տեղեկատուական կրպակին շուրջ, որ քանի մը օրերէ ի վեր կը գործէր Սինտաղմայի կեդրոնական հրապարակին վրայ։
Որոշեալ ժամուն, կազմակերպիչներու ցուցմունքներուն հետեւելով, ժողովուրդը տեղ գրաւեց մայր ճամբուն վրայ, իսկ հրապարակին ու խորհրդարանին առջեւ շրջող յոյն եւ օտար ժողովուրդը գնահատանքի արտայայտութիւններով զօրավիգ կը կանգնէր ցոյցին։
Երկու մեծադիր դրօշակներ, մին Հայաստանի եւ միւսը Արցախի, առաջնորդեցին երկար թափօրը։ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան տասնեակ անդամները ամուր բռնած էին դրօշները, պարզելով տպաւորիչ պատկեր մը երթի ընթացքին։ Անոնց կը հետեւէին մեր երիտասարդները, որոնց ձեռքերէն վեր կը բարձրանային պաստառները՝ պահանջատիրական զանազան կարգախօսներով։ Ետին, ժողովուրդի խիտ շարքերը կը յառաջանային ծանր կշռոյթով։ Ապահովութեան խիստ պայմաններ կը տիրէին հսկող ոստիկաններուն կողմէ։ Յատկանշական եղաւ զրահապատ ոստիկանական ջոկատներու կողմէ երթի հսկումը, որ աննախընթաց պատկեր մը կը ներկայացնէր։ Անոնք յատկապէս կանգնած էին մեր մատղաշ պատանիներու կողքին, երկու մեծ դրօշներու երկայնքին, սակայն անմիջական եղաւ ցոյցի պատասխանատուներու միջամտութիւնը՝ խնդրելով, որ վերջ տրուի այդ սրտնեղիչ պատկերին եւ անոնք հեռանան պատանիներուն քովէն։ Քիչ յետոյ, ջոկատը մեկնեցաւ եւ միացաւ ընդհանուր ուժին, որ արգիլեց ժողովրդային թափօրի մերձեցումը թրքական դեսպանատուն։
Քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան, միակամ ուժով վեր խոյացաւ երիտասարդութեան բողոքի ձայնը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմատենչ արարքներու դատապարտումով, Արցախի հայկականութեան եւ մեր ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին պահանջով, Ցեղասպանութեան ճանաչման հատուցման պահանջով ու այլ լոզունգներով։ Ամէն կողմ լսուեցան հայութեան բողոքի արտայայտութիւնները, մինչ անցորդներն ու վարորդները զօրավիգ կը կանգնէին յունահայութեան արդար ձայնին։
Յատկանշական է, որ թափորի յառաջ գնալու պահուն, Ֆրանսայի նախագահի տիկնոջ ինքնաշարժներու երթը անցաւ ցոյցի վայրէն եւ ականատես դարձաւ հայութեան բողոքի երկար թափորին։
Ժողովրդային երթը հասաւ Ռիղիլիս հրապարակ, թրքական դեսպանատունէն հազիւ քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ, անգամ մը եւս դէմ յանդիման գալով տարիներու կրկնուող տգեղ պատկերին։ Զրահապատ երկու մեծ կառքեր փակած էին զուցարարներու ճամբան, իսկ ոստիկանական ուժերը անոնց առջեւ կ՚արգիլէին մօտենալ դեսպանատան շէնքը։
Բողոքի երթը կանգ առաւ հրապարակին վրայ, մինչ բացագանչութիւնները աւելի սաստկացան, որպէսզի հայութեան ձայնը հասնի մինչեւ դեսպանատան պատերը։
Տեղւոյն վրայ, գործադրուեցաւ խօսքերու հակիրճ յայտագիր մը։ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամ ընկ. Ալպէր Մարտիկեան ընթերցեց միութեան անունով ուղերձ մը, յայտնելով հայ պատանիներու կամքը՝ դառնալու Հայ դատի պահանջատիրութեան ապագայ դրօշակակիրները։ Անոր ետին կանգնած էին մեծ թիւով պատանիներ, որոնք պաստառներ բարձրացուցած էին՝ պատմական Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքներու անուններով։
Ապա, Երիտ. միութեան խօսնակը հրաւիրեց ներկայ եղող Պոնտական միութեան եւ անոնց երիտասարդական կառոյցի ներկայացուցիչներ Եորղոս Քութաքիտիսը եւ Նիքոս Օրֆանիտիսը, որոնք կուռ զօրակցական ուղերձներով շեշտը դրին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ոճիրներուն, քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնաջնջման ու անոնց օրրաններու անհետացման վրայ, միաժամանակ պայքարի կոչ ուղղեցին երիտասարդութեան։ Երկու խօսքերը ընդունուեցան ժողովուրդի ջերմ ծափողջոյններով ու գնահատանքի արտայայտութեամբ։
Մեր երիտասարդներու հսկայ խումբը շրջանակ մը կազմած էր ժողովուրդին առջեւ եւ բարձրախօսէն լսուած խօսքերով զանոնք կը կրկնէր աւելի ուժեղ ձայնով, իսկ մեր պատանիներու ստուար խումբը, իւրաքանչիւրը եռագոյն դրօշակ իր ձեռքին, կը հետեւէր երիտասարդներու բացագանչութիւններուն։
Պահու մը, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան կողմէ եռանդամ պատուիրակութիւն մը, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները ձեռին, յառաջացան դէպի թրքական դեսպանատուն, յանձնելու համար բողոքի յուշագիրը։ Անոնց կ՚ընկերակցէր ոստիկանական ուժերու աւագ հրամանատարը։ Պատուիրակութիւնը ճեղքեց ոստիկանական ջոկատները եւ շարունակեց իր ճամբան մինչեւ դեսպանատուն։ Շէնքէն քանի մը տասնեակ մեթր առաջ, ոստիկանապետը կտրուկ արգիլեց յառաջանալ, յայտնելով, թէ յուշագիրը կարելի է զետեղել որեւէ տեղ բացի յանձնելէ բուն «հասցէատիրոջ»։ Անգամ մը եւս կը կրկնուէր վերջին տարիներու անհաճոյ պատկերը, ուր ոստիկանները գործադրելով վերէն հասած հրահանգներ, կ՚արգիլէին խաղաղ մերձեցումը եւ յուշագիրի յանձնումը։ Բուռն եղաւ պատուիրակութեան հակազդեցութիւնը հրամանատարին։ Շեշտակի ոճով՝ անոր յայտնուեցաւ, թէ ոչ մէկ այլ երկրի մէջ ուր նման բողոքի հաւաքներ տեղի կ՚ունենան, արգիլում կը պարտադրուի մօտենալու դեսպանատան շէնքին եւ յուշագիր յանձնելու։ Հակառակ արդար բողոքին, ոստիկանապետը պնդեց հրահանգ ստացած ըլլալու հանգամանքին վրայ ու թելադրեց յուշագիրը զետեղել… որեւէ ծառի կամ պատի վրայ։
Պատուիրակութիւնը մերժելով այս անպատիւ կարգադրութիւնը, տեղի չտուաւ պաշտօնատարի ցուցմունքին եւ նախընտրեց ետ վերադառնալ։
Նոյն պահուն, ի տես պարզուած պատկերին, ժողովուրդի պոռթկումը աւելի սաստկացաւ ու լոզունգները լեցուցին հրապարակի միջավայրը։ Խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, որ յայտնեց, թէ ամբողջ աշխարհի տարածքին, այս օրը հայութիւնը միակամ ուժով եւ պահանջատիրութեան աննկուն կամքով պիտի շարունակէ հետապնդել մեր արդար դատը, մինչեւ արդարութեան վերջնական հաստատումը։
Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան անդամ ընկ. Փաթիլ Պարղուտեան ընթերցեց թուրք դեսպանին ուղղուած յուշագիրը, ընդգծելով թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութեան երեսը, Հայոց ցեղասպանութեան անժամանցելիութեան իմաստը եւ հայ երիտասարդութեան պայքարունակ ոգին։
Զայրոյթի շիկացած մթնոլորտի իբրեւ արտայայտութիւն, երիտասարդները այրեցին պաստառ մը, որուն վրայ զետեղուած էին թրքական նորօրեայ ժամանակներու մոլեգնութեան երկու գլխաւոր դէմքերու՝ Էրտողանի եւ Ալիեւի նկարները։
Պահ մը, մեր երիտասարդութեան լայն շղթան, ընդվզած ըլլալով յուշագիրի յանձնումի մերժումէն, արագ շարժով մը յառաջացաւ դէպի ոստիկանական ջոկատներու գիծը՝ զայն խզելու պահանջով, որպէսզի հասնին դեսպանատան առջեւ։ Հսկող ընկերներու միջամտութեամբ, կարելի եղաւ կասեցնել երիտասարդներու յառաջխաղացքը, որպէսզի ոստիկանական ուժերուն հետ հաւանական բախումի առաջքը առնուի։ Բազմաթիւ երիտասարդներն ու պատանիները շարունակեցին զօրաւոր բացագանչել լոզունգները, մինչ ժողովուրդը իր ձայնով եւս կը հետեւէր անոնց ուժգին արտայատութիւններուն։
Ցոյցի պատասխանատուներու թելադրանքին հետեւելով, ցուցարարները նկատեցին, թէ քայլարշաւը հասաւ իր նպատակին, թուրք պետութիւնը ստացաւ յունանահութեան ուղերձը, բողոքի ձայնը լսելի դարձաւ, ցոյց տալով, թէ մեր արդար պահանջատիրութիւնը կանգ չի կրնար առնել որեւէ արհեստական կամ քաղաքական խոչընդոտի առջեւ։ Պիտի շարունակենք պայքարիլ, մեծով ու փոքրով, մինչեւ վերջնական արդարութիւն։
Յուզումի պիրկ մթնոլորտը իր աւարտին հասաւ յունաց եւ հայկական ոգերգներու միաբերան հնչումով բոլոր մասնակցողներուն կողմէ։










