Ապ­րիլ 24-ը մեր պատ­մու­թեան մէջ կը մնայ որ­պէս խոր ցա­ւի, բայց նաեւ՝ ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան ու վե­րած­նուն­դի խորհր­դա­նիշ։ Այս տա­րի, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, հայ հա­մայն­քը կրկին ան­գամ հա­մախմ­բո­ւե­ցաւ՝ ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով յի­շե­լու մեր նա­հա­տակ­նե­րը եւ վե­րա­հաս­տա­տե­լու մեր ան­խախտ հա­ւատ­քը ար­դա­րու­թեան նկատ­մամբ:
Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Բա­րե­խօ­սա­կան կարգ՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ Տ. Ե­ղիա Վրդ. ­Մալ­խա­սեա­նի։ Ե­կե­ղե­ցին լե­ցուն էր հա­ւա­տա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րով, ո­րոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը կը վկա­յէր մեր միաս­նա­կան ո­գին։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին նաեւ պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­ներ, ո­րոնց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը վե­րա­հաս­տա­տէր, որ մեր պայ­քա­րը միայն յի­շո­ղու­թեան ձգտում չէ, այլ նաեւ ձգտում դէ­պի ար­դա­րու­թիւն։
Նոյն օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան, հայ հա­մայն­քը կրկին հա­մախմ­բո­ւե­ցաւ Ա­ղիաս ­Սո­ֆիաս հրա­պա­րա­կին վրայ, ուր տի­րող մթնո­լոր­տը լե­ցուն էր վճռա­կա­նու­թեամբ եւ ազ­գա­յին հպար­տու­թեամբ։ Ս­կիզբ ա­ռաւ խա­ղաղ, բայց հզօր բո­ղո­քի եր­թը դէ­պի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան։ ­Մաս­նա­կից­նե­րու քայ­լե­րը մէկ ձայ­նով կը պատ­գա­մէին՝ մենք կը յի­շենք, կը պա­հան­ջենք եւ եր­բեք չենք լռե­լու։
Այս օ­րը եւս մէկ ան­գամ ա­պա­ցու­ցեց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը, ուր ալ գտնո­ւի, կը շա­րու­նա­կէ իր ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը՝ միաս­նա­բար, յի­շո­ղու­թեամբ եւ ան­սա­սան հա­ւատ­քով։

ԹՂԹԱԿԻՑ