Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու շրջածիրէն ներս, նշումի արժանի է Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան տեղեկատուական արշաւը, իրազեկ դարձնելու համար յոյն եւ օտար ժողովուրդը Ցեղասպանութեան քաղաքական, իրաւական եւ պահանջատիրական հարցին առնչութեամբ։
Երկար տարիներ, մեր կազմակերպ երիտասարդները, նախաձեռնութեամբ միութեան Կեդր. վարչութեան, տեղեկատուական յատուկ կրպակներ կը զետեղէ Աթէնքի Սինտաղմա եւ Թեսաղինիկէի Արիսթոթելուս կեդրոնական հրապարակներուն վրայ։
Կրպակներուն մէջ եւ շուրջը տեղ կը գտնեն պատմական լուսանկարներ, քարտէսներ, պրակներ եւ հրատարակութիւններ, որոնք կը տրամադրուին անցորդներուն։ Միաժամանակ, Երիտասարդականի անդամները լայն տեղեկութիւններ կը փոխանցեն այցելուներուն, պատմական եւ քաղաքական բնոյթի մանրամասնութիւններով կը ներկայացնեն Հայ դատի հարցը, հայ ժողովուրդի մեծագոյն աղէտի հետեւանքները, թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութեան շարունական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի հիմնախնդիրն ու արցախահայութեան կրած աղէտը։
Մեծ է ժողովուրդի հետաքրքրութիւնը հայկական հարցին նկատմամբ, որ կ՚արտայայտուի քաջալերական խօսքերով, պատմութեան ծալքերուն աւելի խորանալու եւ անոնց մասին իմանալու տեսանկիւնէն։
Այս տարի, Աթէնքի կրպակը այցելեց Սիրիզա կուսակցութեան նախագահ Սոքրաթիս Ֆամելոս եւ իր գործակիցներու խումբը, որոնք երկար զրոյց ունեցան մեր երիտասարդներուն հետ։ Յոյն քաղաքական ղեկավարը իր հիացումը արտայայտեց հայ երիտասարդներուն հանդէպ, նշելով թէ իսկապէս գովելի է անոնց մշտական պայքարը՝ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը պատնէշի վրայ պահելու ջանքերուն շնորհիւ։ Ան շեշտեց, թէ իրաւազրկուած ժողովուրդներուն դատը անժամանցելի է, պէտք է տեւաբար պայքարիլ արդարութեան վերականգնումին համար։ Յատուկ կարեւորութեամբ նշեց, թէ հայերուն օրինակին հետեւելով, հարկ է միջազգային օրակարգին վրայ բերել նաեւ յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։
Մեր ընկերները շեշտեցին Արցախի հիմնահարցի եւ հայութեան վերադարձի հարցի քննութիւնը եւրոպական ատեաններէն ներս։ Սոքրաթիս Ֆամելոս համաձայն գտնուելով եղած հաստատումին, ինք եւս հաստատեց հիմնախնդիրի արծարծման կարեւորութիւնը, նշելով, թէ իր կուսակցութեան եւրոերեսփոխանները պիտի ներկայացնեն զայն մարդկային իրաւանց հետ առնչութիւն ունեցող օրակարգին մէջ։
Նշենք նաեւ, թէ Շաբաթ, 25 Ապրիլի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան խումբերը հաւաքաբար ներկայ եղան Աթէնքի կրպակին առջեւ եւ միացան տեղեկատուական աշխատանքին։ Տեղւոյն վրայ, մեր պատանիները ներկայացուցին հայկական ժողովրդային պարերու ինքնաբուխ յայտագիր մը, տպաւորելով հայ եւ օտար այցելուները։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան տեղեկատուական կրպակները Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ










