29-31 Մայիս 2026-ին, Աթէնքի մէջ իրագործուեցաւ Եւրոպայի ընկերվար երիտասարդական միութիւններու (YES) տարեկան համագումարը, որ հիւրընկալուեցաւ «Փասօք» կուսակցութեան երիտասարդական միաւորին կողմէ։ Համաժողովը կոչուած էր զարգացնել քաղաքական քննարկումները, լուսարձակի տակ առնել նոր սերունդի դիմագրաւած մարտահրաւէրները Եւրոպայի տարածքին։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան անունով մասնակցութիւն բերաւ եւ ուղերձով հանդէս եկաւ ընկ. Արմէն Չաքալեան։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմին մասին, ներկայացնելով յարձակողականութեան տարբեր երեսները եւ հանգրուանները, որոնք յանգեցան մեր արծուաբոյնի հայաթափման ու կորստեան։
Ընկերը խօսեցաւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուած քաղաքական եւ ռազմական գերիներուն մասին, նշելով միջազգային հակազդեցութեան անհրաժեշտութիւնը, նաեւ շեշտեց արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը իր սեփական հողերուն վրայ։
Ընկերը նշումներ կատարեց Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակին մասին, ժողովրդավարութեան խախտումի զանազան պարագաներուն եւ նախընտրական փուլի զարգացումներուն առնչութեամբ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան մասնակցութիւնը Եւրոպայի ընկերվար երիտասարդականներու համագումարին










