ՄԻՆՍԱՐ

­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Յու­նաս­տա­նի «Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բի պարս մը մե­ղու­ներ՝ ­Յա­կո­բը, Ն­շա­նը, ­Ժա­նոն, Ա­նա­յի­սը, ­Սա­ռան, ­Ժա­գը, ­Թա­մա­րը, ­Մա­րոն, Ալ­պեր­թը, ­Ծի­լան, ­Նա­րի­նէն, ­Կա­րէ­նը, ­Սար­գի­սը, ­Կիւ­լան, Ա­նա­յի­սը, Ա­լի­սը, ­Կա­րոն, ­Լո­ւի­զան եւ ­Վա­կե­լին, ի­րենց փե­թա­կի այս տա­րո­ւան մեղ­րի պա­շա­րին պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը, ան­ցեալ տա­րո­ւան ­Հոկ­տեմ­բե­րէն սկսան: ­Հի­մա ձեր ի­րա­ւուն­քով պի­տի հարց­նէք, թէ ես ին­չո՞ւ մեր այս ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րը մե­ղու­նե­րու նմա­նե­ցու­ցի: ­Պարզ է: Ե­թէ ին­ծի նման դուք եւս ա­ռի­թը ու­նե­նա­յիք, գո­նէ մէկ ան­գամ հե­տե­ւե­լու ի­րենց տա­րած աշ­խա­տան­քին, վստահ եմ, որ դուք նաեւ պի­տի ստու­գէիք, որ մեր այս բո­լոր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րուն տա­րած աշ­խա­տան­քը, շատ ալ չի տար­բե­րիր մե­ղու­նե­րուն տա­րած աշ­խա­տան­քէն: Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք հե­տե­ւեա­լը… ­Դե­րա­սան­նե­րը՝ մե­ղու­ներն են… ­Ծա­ղիկ­նե­րը՝ ուր­կէ պի­տի ժող­վեն բեղմ­նա­փո­շին, ի­րենց ստանձ­նած դե­րերն են: ­Մի­թէ մեղ­րը պատ­րաս­տե­լու ա­մե­նէն հիմ­նա­կան բա­ղադ­րի­չը բեղմ­նա­փո­շին չէ՞: ­Փե­թակն ալ՝ փոր­ձե­րու սրահ­ներն են: Ու­րեմն սկիզ­բը բեղմ­նա­փո­շին կը հա­ւա­քո­ւի, յե­տոյ փե­թակ կը փո­խադ­րո­ւի, ետ­քը նեկ­տա­րի կը վե­րա­ծո­ւի, ու ա­պա կը սկսի քաղց­րա­համ մեղ­րին պատ­րաս­տու­թիւ­նը: ­Բայց ճշմա­րիտ ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է ըն­դու­նինք, որ այս սի­րող դե­րա­սան մե­ղու­նե­րուն եւ բնա­կան մե­ղու­նե­րուն մի­ջեւ, հսկայ տար­բե­րու­թիւն մը կայ: Բ­նա­կան մե­ղու­նե­րը ը­նե­լիք մէկ գործ ու­նին միայն… Ա­մէն առ­տու ծա­ղի­կէ — ծա­ղիկ թռչիլ, բեղմ­նա­փո­շի հա­ւա­քել եւ փե­թակ փո­խադ­րել: ­Սի­րող դե­րա­սան մե­ղու­նե­րուն աշ­խա­տան­քը սա­կայն, բո­լո՛­րո­վին տար­բեր է, ա­ւե­լի դժո­ւար է… Ա­մէն օր պէտք է, որ տար­բեր գոր­ծե­րով զբա­ղին… Օ­րի­նակ՝ Ա­նոնց­մէ ո­րոշ թիւ մը պէտք է որ դպրոց եր­թայ եւ վե­րա­դար­ձին, իր դա­սե­րով զբա­ղի: Ու­րիշ թիւ մը պէտք է որ աշ­խա­տի, իր ըն­տա­նի­քին ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար: Եւ ա­սան­կով, չա­փա­զանց դժո­ւար կ­՚ըլ­լայ, շա­բա­թը եր­կու, ե­րէկ, եւ կամ ալ շատ ան­գամ չորս «թռիչ­քով», հա­ւա­քո­ւած նեկ­տա­րը «փոր­ձե­րու փե­թակ» փո­խադ­րե­լը: Ե­կուր տես, սա­կայն… Որ պար­տա­ճա­նա­չու­թիւ­նը, թատ­րո­նի հան­դէպ սէ­րը, բայց նա­մա­նա­ւանդ զո­հո­ղու­թեան լրիւ գի­տակ­ցու­թիւ­նը կը գե­րա­զան­ցեն այս բո­լո­րին ու մեր հա­յոր­դի­նե­րը ի­րենց ա­մէ­նօ­րեայ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը ան­տե­սե­լով, ա­ռանց եր­բե՛ք տրտնջե­լու, կը ջա­նան լա­ւա­գոյն կեր­պով կա­տա­րել ի­րենց ստանձ­նած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Ու­րեմն, 2025-ի ­Հոկ­տեմ­բե­րէն սկսեալ, բեղմ­նա­փո­շին հա­ւա­քո­ւե­ցաւ, փե­թակ փո­խադ­րո­ւե­ցաւ, մեղ­րա­հիւ­թի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ, եւ վեց ա­միս անց՝ ար­դէն պատ­րաստ էր ա­նու­շա­բոյր ու քաղց­րա­համ մեղ­րը: ­Կի­րա­կի, 17 ­Մա­յիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8-ին, բո­լոր ա­նոնք ո­րոնք ներ­կայ ե­ղան, Ա­թէն­քի ­Քա­լի­թէա շրջա­նի «ԻԶՈԼԱ» թա­տե­րաս­րա­հէն ներս, ա­ռի­թը ու­նե­ցան համ­տե­սե­լու, այս ո՛չ միայն մարմ­նի, այլ՝ հո­գիի քրտին­քով պատ­րաս­տո­ւած ա­նու­շա­համ մեղ­րը: Ա­մէն ինչ գե­ղե­ցիկ ու ան­թե­րի էր… ­Մեղ­րը՝ ա­նու­շա­բոյր ու քաղց­րա­համ… ­Փե­թա­կը՝ հա­մակ­րե­լի… ­Ներ­կա­յա­ցու­մը՝ քա­ջա­լաւ… ­Մէկ բան միայն գէ­շիս գնաց… Դժ­բախ­տա­բար, ա­հա­գին մեղր ա­ւել­ցաւ…

minsar55@gmail.com