­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կան կեան­քի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ պա­հե­րէն մին հան­դի­սա­ցաւ անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին գու­մա­րո­ւած ­Թե­մա­կան ժո­ղո­վը, ո­րուն յա­ջոր­դեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր քա­հա­նա­յա­կան օծ­ման 20-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը։ Եր­կու ե­լոյթ­նե­րը, ի­րենց բո­վան­դա­կու­թեամբ, ա­ռիթ դար­ձան թե­մա­կան կեան­քին հետ առնչու­թիւն ու­նե­ցող կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հա­մախմ­բու­մին եւ ազ­գա­յին կեան­քի վե­րա­նո­րոգ­ման։
­Շա­բաթ, 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2026-ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րուն մէջ, գլխա­ւո­րու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան թե­մա­կան ե­րես­փո­խան­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի, յա­րա­կից եւ թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, քննե­լու հա­մար Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց միա­մեայ ցարդ կա­տա­րո­ւած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ա­պա նաեւ պա­տո­ւե­լու ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը։ Ն­շենք, որ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ժո­ղո­վին մաս­նա­կից դար­ձան առ­ցանց կա­պով ու լիո­վին հե­տե­ւե­ցան ա­նոր ըն­թաց­քին։
­Թե­մա­կան ժո­ղո­վի բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Սր­բա­զան հայ­րը, որ լու­սար­ձա­կի ա­ռաւ թե­մա­կան կեան­քի բազ­մե­րես գոր­ծու­նէու­թեան ծա­ւա­լու­մը։ Ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց ժո­ղո­վի նպա­տա­կը եւ շեշ­տը դրաւ հո­գե­ւոր ու կրթա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ կա­տա­րո­ւած ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, մատ­նան­շե­լով այն բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր եւ ա­պա­գա­յին հա­մար կը յատ­կան­շեն յու­նա­հայ հա­մայն­քի գո­յու­թիւ­նը։
Ան նաեւ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան յա­ռա­ջի­կայ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վին եւ յու­նա­հա­յոց թե­մի մաս­նակ­ցու­թեան առն­չու­թեամբ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ընտ­րու­թեան։
­Յա­ջոր­դա­բար, ­Ժո­ղո­վը յոտն­կայս ունկնդ­րեց Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին նա­մա­կը՝ ուղ­ղո­ւած ­Թե­մա­կան ժո­ղո­վին, ո­րուն մէջ կա­թո­ղի­կո­սը նախ կ­՚ող­ջու­նէր ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մը, ա­պա ժո­ղո­վի ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նէր այն կա­րե­ւոր կէ­տե­րը, ո­րոնք առն­չո­ւած են ազ­գա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան հետ։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան միա­մեայ տե­ղե­կա­գի­րը պաս­տա­ռի վրայ՝ սա­հիկ­նե­րու ճամ­բով։ Տ­րո­ւե­ցան ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ մին­չեւ օրս կա­տա­րո­ւած վար­չա­կան, կրթա­կան, տնտե­սա­կան, յա­րա­բե­րա­կան եւ ըն­կե­րա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին մա­սին, իւ­րա­քան­չիւր գլու­խին տակ տա­լով հա­մա­պա­տաս­խան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ։ Ա­պա, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ամ­փոփ տե­ղե­կա­գի­րը, պար­զե­լով հո­գե­ւոր մա­տա­կա­րար­ման պատ­կե­րը եւ ցարդ ի­րա­գոր­ծո­ւած ծրա­գիր­նե­րը։
­Ժո­ղո­վը ի­րա­զեկ դար­ձաւ մէկ տա­րուան հանգ­րո­ւա­նի ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րին, ա­պա հար­ցում­նե­րով եւ լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րով տրո­ւե­ցան մաս­նա­յա­տուկ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ իւ­րա­քան­չիւր ո­լոր­տէն ներս առ­կայ հար­ցե­րուն մա­սին։
­Ժո­ղո­վը կա­րե­ւո­րու­թեամբ եւս զբա­ղե­ցաւ յա­ջորդ մէկ տա­րո­ւան գոր­ծու­նէու­թեան առն­չու­թեամբ նոր ա­ռա­ջարկ­նե­րու եւ թե­լադ­րանք­նե­րու մշա­կու­մով։
Օ­րա­կար­գի վեր­ջին բա­ժի­նը ե­ղաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ընդհ. ­Ժո­ղո­վի ե­րեք պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը, ո­րոնք պի­տի ներ­կա­յացնեն յու­նա­հա­յոյց թե­մը յա­ռա­ջի­կայ ­Յու­նո­ւա­րին գու­մա­րո­ւե­լիք ժո­ղո­վին՝ Ան­թի­լիա­սի մէջ։

 

Ըն­դու­նե­լու­թին եւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն ի պա­տիւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր

­Թե­մա­կան ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ռըն­թեր, յար­մա­րա­գոյն ա­ռի­թը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ որ­պէս­զի ազ­գա­յին թե­մա­կան կեան­քի բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րը միաս­նա­բար եւ պատ­շաճ յար­գան­քով պա­տո­ւեն ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի քա­հա­նա­յա­կան օծ­ման 20-ա­մեա­կը, ինչ­պէս նաեւ իր հա­մալ­սա­րա­նա­կան տոք­թո­րա­կան աս­տի­ճա­նի նո­ւա­ճու­մը ա­մե­րի­կեան հան­րա­ծա­նօթ ­Ֆորտ­համ հա­մալ­սա­րա­նէն։
­Պա­տո­ւոյ ե­լոյ­թը, բա­ցի թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն եւ Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն, յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան պ. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։
­Պա­տո­ւոյ ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան, որ շեշ­տեց, թէ ­Սա­հակ Սր­բա­զա­նի 20-ա­մեայ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ե­ղած է անս­պառ նո­ւի­րու­մի, ան­խոնջ աշ­խա­տան­քի, հո­գե­ւոր խնամ­քի եւ հայ­րա­կան սի­րոյ տա­րի­նե­րու ու­ղի մը։
Ան հա­մա­ռօտ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ Սր­բա­զա­նի ու­սում­նա­կան նո­ւա­ճում­նե­րուն, զա­նոնք ա­նո­ւա­նե­լով հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ար­ժէք, որ կը բարձ­րաց­նէ բո­լո­րին հպար­տու­թիւ­նը։ ­Մաղ­թանք բարձ­րա­ցուց, որ­պէս­զի Սր­բա­զա­նը ի­մաս­տու­թեամբ շա­րու­նա­կէ պտղա­բեր ծա­ռա­յու­թիւ­նը, ա­ռաջ­նոր­դե­լով թե­մը դէ­պի նո­րա­նոր ձեռք­բե­րում­ներ։ Ա­ւար­տին, ան բա­ժակ բարձ­րա­ցուց Սր­բա­զան հօր կե­նա­ցը, մաղ­թե­լով ա­րեւ­շատ տա­րի­ներ։
Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, իր կար­գին, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­ձե­ռո­ւած ա­ռի­թին հա­մար՝ ներ­կայ ըլ­լա­լու Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր պա­տո­ւոյ ե­րե­կոյ­թին։ Ան հիա­ցու­մով անդ­րա­դար­ձաւ ­Սա­հակ սրբա­զա­նի ու­սում­նա­կան նո­ւա­ճում­նե­րուն, կա­րե­ւո­րե­լով տոք­թո­րա­կան աս­տի­ճա­նի յա­ջո­ղու­թիւ­նը, ցոյց տա­լով տե­ւա­բար գի­տու­թեան աշ­խար­հին հետ կապ կա­պե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը, որ կը յատ­կան­շէ Սր­բա­զան հօր ծա­ռա­յա­կան կեան­քը։ Ան նաեւ դրուա­տեց Ա­ռաջ­նոր­դի հո­գե­ւոր, վար­չա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք շեշ­տա­ւո­րո­ւած են իր ան­ձին ու հան­գա­ման­քին մէջ, ա­պա կա­րե­ւո­րեց ջերմ ու ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծակ­ցու­թեան դաշ­տը, որ մշա­կո­ւած է ա­նոր ա­ռաջ­նոր­դու­թեան տա­րի­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։
­Յար­գան­քի խօս­քե­րով՝ ե­րե­կո­յի մթնո­լոր­տին հա­մար անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան։
Ան շնոր­հա­ւո­րեց Սր­բա­զան ­Հայ­րը, իր քա­հա­յա­նա­կան օծ­ման 20-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, նշե­լով թէ մեր գա­ղու­թը մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տէ Ա­ռաջ­նոր­դի հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր խո­հեմ եւ ազ­նիւ ներ­կա­յու­թիւ­նը մեր գա­ղու­թի բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­քին, ինչ­պէս եւ ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան եւ ըն­կե­րա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ, ուր ան վստա­հու­թիւն եւ պա­տիւ կը վա­յե­լէ։
­Հուսկ բա­նով հան­դէս ե­կաւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, իր յու­զում­նա­խառն զգա­ցում­նե­րը յայտ­նե­լով ըն­ծա­յո­ւած պա­տի­ւին ու նա­խոր­դած խօս­քե­րուն մա­սին։ Ան հե­տե­ւեալ խօս­քե­րով բնո­րո­շեց քսա­նա­մեայ ծա­ռա­յու­թեան ի­մաս­տը. «Ա­մեակ­նե­րը կը հրա­ւի­րեն մեզ ար­ժե­ւո­րել անց­նող տա­րի­նե­րը, սա­կայն պէտք չէ սահ­մա­նա­փա­կո­ւիլ ան­ցեա­լը գնա­հա­տե­լով ու ար­ժե­ւո­րե­լով։ ­Հե­տե­ւա­բար, ա­մեակ­նե­րը ա­ռիթ են, ան­ցեա­լի լոյ­սին տակ յա­ռա­ջի­կայ ծա­ռա­յու­թիւ­նը յանձ­նա­ռու­թեամբ եւ նո­ւի­րու­մով կազ­մա­ւո­րել։
Անց­նող 20 տա­րի­նե­րու հին­գը ան­ցան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մէն ներս։ ­Կա­րե­ւոր է նշել թէ այս ­Թե­մը յատ­կա­նա­շա­կան եւ հա­րա­զատ ե­ղած է մեր ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին։ Եւ վեր­ջա­պէս հո­գե­ւո­րա­կա­նի ծա­ռա­յու­թեան ա­մեակ­նե­րը անձ­նա­կան ի­րա­գոր­ծում­ներ չեն, ա­նոր հիմ­քը ե­կե­ղե­ցին է եւ մղիչ ու­ժը՝ ժո­ղո­վուր­դը»։
Սր­բա­զան հօր նո­ւի­րո­ւած ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ եւ մտեր­միկ զրոյց­նե­րով։
­Բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ եւ ան­խառն զգա­ցում­նե­րով բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին, մաղ­թե­լով եր­կար ու բեղմ­նա­ւոր տա­րի­ներ, ի խնդիր ­Յու­նա­հա­յոց պատ­մա­կան թե­մի յա­րա­տեւ­ման ու բար­գա­ւաճ­ման։