ԵՂԻԱ ՎՐԴ. ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ
Մեծ Պահոց ոսկեայ շղթային հինգերորդ օղակին անունն է «Դատաւորի Կիրակի», որուն առակը կը գտնենք Ղուկասու Աւետարանին 18.1-8 համարներուն մէջ։
Յիսուս Քրիստոս, Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, Իր գաղափարները աշակերտներուն առակներով կը պարզաբանէր, որպէսզի հասկնալի դառնային անոնց եւ աւելի ուշ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Հետեւաբար, այս առակին մէջ, Յիսուս Քրիստոս Իր աշակերտներուն կը պատմէ «Այրի կնոջ եւ դատաւորին» առակը՝ ցոյց տալու համար աղօթքին ուժը եւ սորվեցնելու, թէ պէտք է աղօթել առանց վհատելու. Ան կը թելադրէ աղօթքի մէջ ըլլալ հաստատակամ եւ հաւատքի մէջ` ամուր:
Այրի կին մը կար, որ անդադար օգնութեան կը դիմէր քաղաքի մէջ ապրող դատաւորի մը, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար, ո՛չ ալ մարդոցմէ կ՚ամչնար։ Այրի կինը, առանց վհատելու, կ՚երթար դատաւորին քով ու անոր կ՚ըսէր. «Իրաւունքս պաշտպանէ՛ հակառակորդէս»։ Դատաւորը երկար ժամանակ մերժելէ ետք զայն, ի վերջոյ կ՚որոշէ տեսնել անոր դատը։
Այս հակիրճ, սակայն բազմիմաստ առակէն կ՚ուզենք կարգ մը մտածումներ բաժնեկցիլ մեր ընթերցասէր հաւատացեալ ժողովուրդին հետ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի այս առակը աւելի պարզաբանենք եւ հասկնալի դարձնենք։
Առաջին հերթին, պէտք է հասկնալ, որ այս աշխարհի վրայ ոեւէ մէկը իր դատը պաշտպանող մը պիտի չգտնէ, եթէ խնդրոյ առարկայ անձը անոր ետին շահ մը չունենայ։ Մեր մարդկային կեանքին մէջ, մեր իրաւունքը ոեւէ մէկը պիտի չպաշտպանէ։ Մեր հայրենիքին կենդանի օրինակը եթէ առնենք, մենք մեզի հարց պիտի տանք. «Արդեօք կա՞յ իրաւունքի պաշտպանութիւն»։ Բոլորն ալ շահ կը հետապնդեն. նոյնիսկ ներկայ ղեկավարութիւնները։ Ո՛չ միայն մեր իրաւունքները չեն պաշտպանուիր, այլեւ՝ կը յափշտակուին։ Որքա՜ն հայորդիներ անպաշտպան ու անիրաւուած են. իսկ ո՞վ անոնց դատը կը պաշտպանէ ու անոնց իրաւունքը կու տայ։
Այս անարդար կեանքին մէջ, նամանաւանդ մենք՝ իբրեւ Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդներ, պիտի հանդիպինք տարբեր տեսակի անիրաւութեանց, յաճախ պիտի ըլլանք անպաշտպան, պիտի խլեն մեր ձեռքէն մեր իրաւունքները, բայց այս բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու միջոցը առանց վհատելու աղօթելն է։ Աղօթքի զօրութեան շնորհիւ է, որ մինչեւ այսօր կը տոկանք դժուարութեանց դիմաց։ Եթէ նայինք մեր շուրջը, կը տեսնենք Քրիստոսի հետեւորդներ, որոնք հացի կարօտ են բայց ո՞վ է մեղաւորը՝ Աստուա՞ծ, թէ՞ անգութ մարդը, որ իր «ես»-էն անդին ոչինչ կը տեսնէ։
Հետեւաբար, վստահէ՛ Աստուծոյ եւ կիսուէ՛ Իրեն հետ օրուան մտահոգութիւններդ, դժուարութիւններդ եւ մի՛ մոռնար միշտ գոհունակ եւ շնորհակալ ըլլալ ունեցածիդ համար։
Սիրելի՛ ընթերցող, միտքիդ մէջ ունեցիր Պօղոս առաքեալին հետեւեալ խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Երբե՛ք մի վախնաք հակառակորդներէն. այդ հակառակութիւնը իրենց կորուստին եւ ձեր փրկութեան ապացոյցն է» (Փլպ 1.28)։
Մեր Տէրը ցոյց կու տայ, թէ մեր կեանքի բոլոր խոչընդոտներուն, իրաւազրկութեանց եւ հակառակութեանց պարագաներուն, պէտք է աղօթել եւ Աստուծոյ մխիթարութիւնը հայցել։ Այս կեանքի դժուարութիւնները միայն աղօթքով կարելի է տանիլ։ Մի՛ յուսահատիր, այլ առակին մէջ նշուող կնոջ պէս, անդադար խնդրէ՛, որպէսզի իրաւունքդ պաշտպանուի եւ վստա՛հ եղիր, որ Տէրը քեզ պիտի չլքէ, այլ ճիշդ ժամանակին դատդ պիտի պաշտպանէ եւ համբերութեանդ համար քեզ պիտի վարձատրէ։










