Յունահայ դաշնակահարուհի Քրիստին Թոքաթլեան եւ յոյն արուեստագէտ Էլէնա Խրիսթոտուլու միասնաբար կը ներկայանան հանրութեան առջեւ դաշնամուրային զոյգ ներկայացումով, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 15 Մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Այիա Փարասքեւիի Ամերիկեան Գոլէճի համերգասրահին մէջ (7-րդ յարկ)։
«Արդի գիծեր երկուքի համար» խորագրուած յայտագիրը կազմուած է Շոսթաքովիչի, Յարութիւնեան-Պապաճանեանի, Մազիսի, Պենեթի եւ Կլասի արդի ստեղծագործութիւններով։
Մուտքը ազատ է։










