ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
«Documenting The Crime: The Armenian Genocide in Words and Images», (Փաստագրելով ոճիրը. Հայոց ցեղասպանութիւնը բառերու եւ պատկերներու մէջէն), հրատարակութիւն Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի, Երեւան 2024
Հայոց ցեղասպանութեան փաստագրական մեծաթիւ հրատարակութիւններու շարքին, իւրայատուկ պատկերազարդ ալպոմ մը եւս լոյս աշխարհ կու գայ որպէս վկայութիւն հայ ժողովուրդի կրած մեծագոյն ոճիրին։ Անգլերէն լեզուով պատրաստուած աշխատութիւնը կը պարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին սեփականութեան տակ գտնուող նկարներու եւ փաստաթուղթերու հաւաքագրումը մէկ հատորի տակ։ Հակիրճ պատմական նշումներով հատորին մէջ տեղ գտած են հայութեան վիճակագրական, ընկերային, պատմական եւ մշակութային տուեալները, ինչպէս նաեւ Հայկական հարցի պատմական ակունքներն ու զարգացումները 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին, որոնք բրտօրէն կասեցուեցան Եղեռնի տարիներուն։ Հատորը լայն տեղ կը տրամադրէ Համիտեան ջարդերուն եւ Ցեղասպանութեան հետ առնչուող նկարներուն, տալով իւրաքանչիւր հայկական նահանգի տուեալները, ինչպէս նաեւ ամբողջական պատկերը հայերու տեղահանումին ու բնաջնջման։ Յատուկ տեղ կը գրաւէ Նեմեսիս գործողութիւնը, որուն նախորդեց թուրք պարագլուխներու անպատիժ դատավարութիւնը։ Մասնաւոր գլուխ տրամադրուած է հայասէր օտարներու հոյլին, որոնք իրենց հրատարակութիւններով եւ մարդասիրական օգնութեամբ ամոքեցին հայ ժողովուրդի վէրքերը։ Կիլիկիոյ պարպումը եւ Փոքր Ասիոյ աղէտը նկարագրուած են որպէս վերջին ելքը պատմական հայրենիքի հողերէն, որուն կը յաջորդէ մշակութային ժառանգութեան բնաջնջման անդրադարձը՝ բազմաթիւ նկարներու վկայութեամբ։ Հատորի վերջաւորութեան տեղ կը տրուի գաղթակայաններու եւ սփիւռքի ստեղծումին, իսկ շարքը կ՚աւարտի վերապրումի եւ պահանջատիրութեան կամքին արտայայտութեամբ բովանդակ հայութեան կողմէ, որ սատարեց պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։
«Ο δρόμος του Αξόρ» (Աքսորի ճամբան), հեղինակ՝ Նիքի Պարտի-Դանիէլեան, «Արմենիքա»-ի հրատարակութիւն, Աթէնք 2025
Առաջին անգամ չէ, որ սփիւռքի հսկայ աւազանին մէջ ապրող հայորդիներ, իրենց պապենական արմատներու որոնումին ընթացքին, կը զգան հայկական ինքնութեան ու ցեղի արեան ցնցումը, որ կորսուած գանձի մը յայտնաբերման նման կը պատէ էութիւնը եւ կ՚արմատաւորէ հայ ոգիի գիտակցութեան արժանիքները։ Անոնցմէ մէկն է յունահայ 17-ամեայ Նիքի Պարտի-Դանիէլեան, որուն առաջին փորձը գրական աշխարհին մէջ իր մեծ հօր ոդիսականն է Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն։ Իւրատիպ հարցազրոյց մըն է, որ ան գրի առած է իր մեծ հօր պատմուածքներուն մէջէն, հասնելով մինչեւ արմատները։ Ինչպէս երիտասարդ հեղինակը կը գրէ, մեծ հօր պատմութիւնները դար մը ամբողջ բացին իր առջեւ, անձնական ցաւն ու տառապանքը վերածելով ցեղի մը ոդիսականին։ Էրզրումի տեղահանութենէն մինչեւ Զմիւռնիոյ աղէտը եւ անկէ ետք Յունաստանի զանազան քաղաքներու մէջ անվերջ թափառումը, ամբողջ պատմութիւնը զրկանքի ու վերապրումի պայքար մըն է, դառնալով հարազատ հայելին տասնեակ հազարաւոր գաղթականներու գողգոթայի պատմութեան։
Դեռ իր աշակերտական կեանքը չաւարտած պատանի հեղինակի գրական առաջին փորձին խնամքը կատարած է Արտա Ճէլալեան, իսկ գիրքի կողքը զարդարուած է գծագրութիւններով՝ Հ.Կ.Խաչի «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանի աշակերտներու ձեռքէն։
«Forget Me Not Siroun Ararat» (Մի մոռնար զիս, սիրուն Արարատ)։ Ստեղծագործական տնօրէն՝ Ալիք Թապաքեան, հեղինակ՝ Անթուան Հապչի։ Պէյրութ, 2025։
Հայ պատանիի ազգային եւ պատմական ներաշխարհին նուիրուած պատկերազարդ հատոր մը հրատարակութեան տրուեցաւ այս տարուան մէջ, որ առաջին անգամ ըլլալով կը նկարագրէ Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի ճաշակած դառնութիւնները, ստեղծելով նկարագրական պատմութիւն մը հերոսներով, որոնք կը խօսին Եղեռնագործութեան մասին։ Հատորը մատչելի եւ խնամուած հրատարակութիւն մըն է, կազմուած հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, որպէսզի դիւրահաղորդ ըլլայ սփիւռքի զանազան մասերը հասակ նետող նոր սերունդին։ Հայութեան տառապանքներու ամբողջ պատմականը պատկերազարդ հոսքով կը գրաւէ ընթերցողի ուշադրութիւնը, միաժամանակ պատմական յաջորդականութեամբ կը նկարագրէ հայ ժողովուրդի վերապրումը ու անոր ստեղծագործական կորովը։ Խնամուած տպագրութիւնը եւ կողքը, թուղթի որակը եւ բովանդակութեան արդի ձեւաւորումը աչքի զարնող մանրամասնութիւններ են, որոնք գրաւիչ կը դառնան մեծ ու փոքր ընթերցողին համար։ Հատորը տպագրուած է Համազգայինի տպարանին կողմէ։
Հայկական կոմիքսի նոր պատմութիւնը։ Հրատարակութիւններու շարք, «Ռէակոմիքս» հրատարակութիւն, Երեւան 2025
Հայ գրականութեան մասին բազմաթիւ եւ արժէքաւոր հրատարակութիւններու աշխարհին մէջ, կոմիքսը հազուադէպ յիշատակութիւն կը ստանայ որպէս լիարժէք մասնիկ։ Այժմ, պատկերաւոր գրականութեան հանդէպ սիրով զինուած խումբ մը հայեր որոշեցին փոխել խաղի կանոնները։ Նոր հաստատուած «Ռէակոմիքս» հրատարակչութիւնը ոգեշնչուած ըլլալով համաշխարհային փորձէն, խիզախ նպատակ ունի ձեւաւորել հայկական կոմիքսի մշակոյթն ու լսարանը Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին։ «Ռէակոմիքս» հրատարակչութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան, կը շեշտէ, որ կոմիքսը սոսկ երեխաներու զուարճանք չէ, այլ գրական մասնիկ. «Միշտ փնտռտուքի մէջ եղած եմ, թէ ինչպէս ընենք, որ մենք ալ մեր կոմիքսը ունենանք։ Գրական ոլորտ մըն է՝ հակառակ այն թիւր ըմբռնումին, թէ միայն երեխաներու համար է։ Սփիւռքի մէջ, այլեւ Հայաստանէն ներս այդ ոլորտը քիչ զարգացած է»։ Արդէն, ընթերցողին կը հրամցուին Ռայնհարտ Քլայստի «Բռնցքամարտիկը», Ֆրէթ Բուրգիէյի «Արմինէի երեք կեանքերը» եւ Թովմաս Չերքէզեանի «Միսաքը, Մելինէն եւ Մանուշեան խմբաւորումը»։
Հրատարակիչներու նպատակն է հասնիլ նաեւ աւելի միջազգային հարթակներու, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւնները մատչելի դարձնել մեծ ու փոքր ընթերցողին։ Խնամուած պատկերներով եւ հրատարակչական արդի ձեւաւորումին հետեւելով, այս նախաձեռնութիւնը կ՚արժէ իր տեղը գտնել հայ գրականութեան ոլորտէն ներս։
«Արխիւական», հայկական երգիծագրութիւններու հաւաքածոյ, համադրող՝ Շամիրամ Խաչատրեան, խմբագիր՝ Ռուբինա Մարկոսեան, EVN Report, Երեւան 2024
Անցեալ տարի լոյս տեսած «Արխիւական» ընտրանին կը միտի հանրութեան ուշադրութեան ընծայել հայկական երգիծական հարուստ գանձարանը, որ լոյս տեսած է անցեալ դարու մէջ, տասնեակէ մը աւելի հայկական երգիծական թերթերու եւ պարբերականներու մէջ։ Անոր մէջ տեղ գտած ծանօթ երգիծագիրներու՝ Ալեքսանդր Սարուխանի, Իոսիֆ Ռոտէրի, Միշէլ Յովիկեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները, որոնք տեղ գտան պարբերական մամուլին մէջ եւ կը պատկերացնեն Հայաստանի ու ընդհանրապէս հայութեան քաղաքական, մշակութային, ընկերային եւ աշխարհաքաղաքական ըմբռնումները, իւրաքանչիւր ժամանակահատուածի հոլովոյթին մէջ։ Հաւաքածոն կը սկսի Աթէնքի մէջ «Ապտակ» երգիծաբանական հանդէսի ներկայացումով (1894-1896), հասնելով մինչեւ խորհրդային երգիծաբանութիւն՝ հայ հոգեւորականութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններու երգիծագրումով։
Իւրայատուկ հրատարակչական հաւաքածոն ընթերցողին առջեւ կը բանայ անծանօթ աշխարհ մը, որ թաքնուած կը մնայ հայ մամուլի արխիւներուն մէջ։ Պատկերները քաղուած են Հայաստանի Ազգային գրադարանէն եւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան ու արուեստի թանգարանէն։









