Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու կարգին, առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ իրագործուող յարգանքի ելոյթը ու բարեխօսական կարգը, յարգելու համար յիշատակը մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն, որոնց հանդէպ յարգանքի տուրքը կը կազմէ յունահայութեան յատկանշական արտայայտութիւններէն մին։
Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, յունահայ գաղութի պարծանքը հանդիսացող Խրիսոսթոմու Զմիռնիս հրապարակին վրայ կանգնած «Զանգակ-յուշակոթող»-ին շուրջ ներկայ եղող մեծաթիւ հայրենակիցներու կողքին, ակներեւ էր յոյն պաշտօնական հիւրերու մասնակցութիւնը, որոնք գլուխ խոնարհեցին մեր անհամար նահատակներու յիշատակին եւ իրենց զօրակցական խօսքերով ցոյց տուին հէլլէն ժողովուրդի անվերապահ ու անսակարկ զգացումները։
Յիշատակի ելոյթին յունահայ կառոյցներու կրօնական, ազգային, քաղաքական եւ միութենական բոլոր գործօնները հաստատեցին իրենց ներկայութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի կողքին կանգնած էին Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Միքայէլ վրդ. Պասալէ, հայ աւետարանական եկեղեցեւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, կրօնական դասը, Նէա Զմիռնիի մետրոպոլիտի ներկայացուցիչ վարդապետը եւ անկլիքան եկեղեցւոյ հովիւը։ Ազգային վարչութեան կողմէ ներկայ եղան ատենապետ Նազար Աւագեան եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, ինչպէս նաեւ Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչականները։
Յունական կողմէն իրեց ներկայութեամբ ելոյթը պատուեցին Արդարադատութեան նախարարութեան քարտուղար Փելոբս Լասքոս, Հելլէն խորհրդարանի երեսփոխան եւ հայ-յունական միջխորհրդարանական խումբի նախագահ Վասիլիս Իքոնոմու, «Փլեւսի» կուսակցութեան նախագահ եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Զոի Քոնսթանտոփուլու, Փասօք կուսակցութեան երեսփոխան Փաւլոս Խրիսթիտիս, Ատտիկէի փոխնահանգապետ Խրիսթինա Քեֆալոյեանի, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ շրջանի հասարակական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Յարգանքի երեկոյին բացումը կատարեց ընկ. Շողիկ Տատոյեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց թրքական պետութեան ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, որ պատճառ դարձաւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնաջնջման եւ հայրենիքներու կորստեան։ Ան յատուկ անդրադարձ կատարեց Արցախի ողբերգութեան մասին, մանրամասնելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի ծալքերը, որ յանգեցաւ մեր արծուաբոյնի կորուստին եւ հայաթափման։ Ան դատապարտեց Թուրքիոյ կողմէ մերժումի քաղաքականութիւնը, մատնանշելով, թէ անվճիր մնացած ցեղասպանութիւնները կը շարունակեն պատճառ դառնալ նոր ոճիրներու՝ հայ ժողովուրդի եւ տարածաշրջանի ազգերուն հանդէպ։
Որուան հանդիսավարը յատուկ նշում կատարեց Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման որոշումին, որ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ հայութեան արդար հատուցման գործընթացին մէջ, ցոյց տալով յոյն ազգի անվերապահ զգացումներն ու զօրակցութիւնը հայութեան հանդէպ։ Խօսողը անդրադարձ կատարեց Նէա Զմիռնիի յուշարձանի կանգնումին մասին, որ կը խորհրդանշէ երկու բախտակից ժողովուրդներու աննկուն կամքը եւ միութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ հայ ազգը պիտի շարունակէ իր պայքարի ուղին, որպէսզի վերջնական արդարութիւնը եւ հատուցումը վերականգնեն մեր ժողովուրդի արդարութեան պահանջը։
Հայութեան ուղղուած զօրակցական խօսքերով հանդէս եկան վերը նշուած պաշտօնական ներկաները։ Յատկանշական էր Արդարադատութեան ընդհ. քարտուղարի ուղերձը, որ կուռ խօսքով մը բնորոշեց Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական շրջագիծը, շեշտը դնելով դատապարտման եւ հատուցման իրաւունքին վրայ, յենուելով միջազգային օրէնքի ուժին ու անժամանցելիութեան վրայ։ Հայ ժողովուրդին հանդէպ իրենց տածած զգացումները արտայայտեցին մնացեալ խօսողները եւս, մատնացոյց ընելով թրքական պետութեան անմարդկային ոճիրները, Ատրպէյճանի յարձակողականութիւնը եւ անվերջ պայքարելու հրամայականը, ի խնդիր ցեղասպանուած ժողովուրդներու արդար դատին։ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետը յատուկ նշում կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին մասին, ընդգծելով հայութեան բազմամեայ ներկայութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը քաղաքի կեանքէն ներս։ Բոլոր խօսքերը, իրենց զգացական եւ քաղաքական բովանդակութեամբ, արժանացան ներկաներու գնահատանքին, ցոյց տալով նաեւ հայութեան յարգանքը յոյն ժողովուրդի անվերապահ կեցուածքին հանդէպ։
Բեմ հրաւիրուեցաւ կրօնական դասը, որ Առաջնորդ Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ կատարեց բարեխօսական կարգը եւ հնչեցուց օրուան պատշաճ աղօթքները, յուզումի պահեր ստեղծելով ներկաներուն մէջ։ Սրբազան հայրը իմաստալից քարոզով մը վեր առաւ հայ երիտասարդութեան պայքարունակ ոգին, շեշտը դնելով պայքարը յարատեւ շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի հայու արդար դատը գտնէ իր ուղին եւ հասնի վերջնական արդար լուծման։
Հուսկ, կատարուեցաւ դափնեպսակներու զետեղման յուզիչ արարողութիւնը։ Յունահայ գաղութի անունով զետեղումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմէն Տէրեան, որուն յաջորդեցին յոյն պաշտօնատարներու զետեղումները։ Յարգանքի պահուն, քաղաքապետութեան փողերախումբը հնչեցուց հելլէն եւ հայկական ոգերգները, որոնց ընկերակցեցաւ ժողովուրդի միաբերան երգեցողութիւնը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու պատուոյ պահակախումբը, պարզած ունենալով Յունաստանի, Հայաստանի, Արցախի եւ միութեան դրօշները, յատուկ փայլ մը տուաւ պահու խորհրդաւորութեան։
Աւարտին, ներկայ ժողովուրդը յուզումով մօտեցաւ յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհեց պատուանդանին վրայ։
Յարգանքի երեկոն իր աւարտին հասաւ օրուան հանդիսավարի կոչով, յաջորդաբար ուղղուելու դէպի Սինտաղմա եւ մասնակից դառնալու համաժողովրդային քայլարշաւին ու ցոյցին դէպի թրքական դեսպանատուն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Բարեխօսական կարգ եւ յարգանքի ելոյթ Նէա Զմիռնիի յուշակոթողին առջեւ










