­Շա­բաթ, 18 ­Յու­նո­ւար 2025-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6-ին, ­Գա­րէա­յի «Ս. ­Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ» մա­տու­ռին մէջ, սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ, ­Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով:
­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ քա­րո­զեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան:
Ս. ­Խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին ­Լե­ւոն սրկ. Ու­նա­նեան եւ պա­տա­նի դպիր ­Փի­լի­պոս Պ­րուն­ծոս-Ե­րա­նո­սեան:
Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ դպրա­պե­տու­թեամբ ­Պետ­րոս սրկ. ­Պար­սա­մեա­նի:
Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ազգ. վար­չու­թեան փոխ ա­տե­նա­պետ տոքթ. Ս­տե­փան ­Փա­փա­զեան, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, շրջա­նիս մէջ գոր­ծող միւ­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ գո­հա­ցու­ցիչ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ:
­Յա­ջոր­դեց Ա­մա­նո­րի գա­թա­յի կտրում եւ բաշ­խում՝ ­Գա­րէա­յի Հ.Կ.­Խա­չի «Աղ­թա­մար» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեամբ:
­Տէր հօր օրհ­նու­թեան ա­ղօթ­քէն ետք, հրաւի­րո­ւե­ցաւ շրջա­նիս ե­րէց ծխա­կան եւ խա­չու­հի տիկ. ­Շա­քէ Ա­ճէ­րեան կտրե­լու հա­մար գա­թան, իսկ տա­րո­ւան բախ­տա­ւորն էր Ա­ւե­տիս սրկ. ­Պար­սա­մեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ