1988ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յարգուեցաւ Յունաստանի մէջ
Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժի 31րդ տարելիցին առթիւ յունահայ համայնքներու մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ, ժողովուրդի եւ կառոյցներու մասնակցութեամբ։ Նախապէս լոյս տեսած Ազգային Առաջնորդարանի եւ Յարանուանութեանց...
Ձեռնարկ՝ «Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած Միջազգային Օրուան» առիթով
Ցեղասպանութիւններու ճանաչման ցանցը, Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի, համապոնտական եւ ասորական միութիւններուն գործակցութեամբ «Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած Միջազգային Օրուան» առիթով կը կազմակերպեն ձեռնարկ Չորեքշաբթի՝ 11...
Տօն «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցւոյ Քալամաթա
Շաբաթ՝ 14 Դեկտեմբեր 2019ին,
մեծ շուքով պիտի կատարուի
Քալամաթայի «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Պիտի պատարագէ, յաւուր պատշաճի քարոզէ
ու մատաղօրհնութիւնը կատարէ
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ...
Յունաստանի հայ գաղութի բազմաբնոյթ զարգացման ուղղուած՝ նշանակալից հանդիպում մը
Չորեքշաբթի՝ 4 Դեկտեմբեր 2019ի երեկոյեան, Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի նստավայրէն ներս, հանդիպում տեղի ունեցաւ Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Յունաստանի Ազգային վարչութեան...
Յուշամատեանը Աթէնքի մէջ՝ հայու արմատներու որոնումով
Հինգշաբթի՝ 28 Նոյեմբերէն մինչեւ Կիրակի՝ 1 Դեկտեմբեր Աթէնք գտնուեցաւ հանրածանօթ Յուշամատեան միութեան գիտաշխատողներու խումբը, գլխաւորութեամբ Վահէ Թաշճեանի։ Տարիներ առաջ կազմուած Յուշամատեանը, ճամբայ ելած է...
Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան կը նշանակուի Առաջնորդական փոխանորդ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.ՕՏ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Յունաստանի Հայոց թեմին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի տնօրինումով, Ազգային Վարչութեան...
Բանաստեղծական երեկոյ
Երկուշաբթի՝ 25 նոյեմբեր 2019ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ բանաստեղծական ներկայացում։ Ելոյթը կատարուեցաւ կազմակերպութեամբ Գոմոթինիի Մշակութային միութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Օրուան հիւրն էր Արարատ Ղուկասեանը, որ Սպանիայէն...
Քսանթիի համայնքի արխիւներու ներկայացում
Ուրբաթ՝ 29 Նոյեմբեր 2019ի երեկոյեան «Πολυχώρος Τέχνης και Σκέψης, οικία Μάνου Χατζιδάκη» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Քսանթիի հայ համայնքի արխիւներու ներկայացումը, ընդգրկելով 1922էն մինչեւ...
Գրական երեկոյ նուիրուած՝ Յովսէփ Պարազեանի գիրքերու ներկայացման
Յունաստանի «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութիւնը
Կիրակի՝ 8 Դեկտեմբեր 2019ին, երեկոյեան ժամը 7ին,
գրական երեկոյ կը կազմակերպէ Ֆիքսի
«Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թ. եւ Ռ. Աւետիքեան» սրահէն ներս,
պատուելու եւ հանրութեան ներկայացնելու...
















