Աջակցութիւն Էմանուէլ Մակրոնին
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, Մակրոնին ուղղուած նամակի մը մէջ, կը նշեն, որ խորհուրդը պիտի սատարէ Մայիս 7ին...
«Պէտք է կատարելապէս ճանչնալ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը»
Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու, ընտրութեան առաջին փուլին առաւելագոյն քուէներ ստացած «Յառաջ» շարժումի ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոն նշած է, որ պէտք է կատարելապէս ճանչնալ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը:...
Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ՝ Պոլսոյ մէջ
Ապրիլ 24ի առաւօտեան, Պոլսոյ Սուլթան Ահմէտ հրապարակին վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է: Ըստ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութեան՝ ձեռնարկը...
Չեխիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ Չեխիոյ խորհրդարանը Երեքշաբթի՝ Ապրիլ 25ին վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ առաջադրուած էր երեսփոխան Ռոպին...
Պուէնոս Այրէս
Պուէնոս Այրէսի քաղաքային օրէնսդիր մարմինը՝ Ապրիլ 20-ին կայացած նիստով՝ հաւատարիմ մնալով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառութեան՝ Ապրիլ 24-ը յայտարարած է թրքական պետութեան կողմէն իրականացուած Հայոց...
Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ
Դեռ կը սպասենք, պէտք է տեսնենք` արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ապրիլ 24ին պիտի նախընտրէ խօսիլ փաստերու լեզուով, թէ՞ տուրք պիտի տայ Թուրքիոյ...
Հոլանտայի հայերը
Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ պահանջագիր ներկայացուցած են Հոլանտայի խորհրդարանին: Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահին հետ հանդիպումէն դուրս գալէ ետք, այս մասին «Արմէնփրես»ին...
Այս անգամ ուրախ փլուզում
«ԱԿՕՍ»
Թուրքիոյ հայ հասարակութեան կարեւորագոյն յիշողութեան վայրերէն մէկը կը համարուի Թուզլայի ճամբարը, որ ծանօթ է «Քամփ Արմէն» անունով։ Կետիքփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ սեփականութիւն «Քամփ Արմէն»ը,...
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում՝ Րոտ Այլընտի մէջ
Ապրիլ 13ը եղաւ պատմական օր մը Րոտ Այլընտի հայութեան համար: Արդարեւ, յատուկ բանաձեւով մը, տեղւոյն խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, նահանգը ճանչցաւ նաեւ...















