Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու, ընտ­րու­թեան ա­ռա­ջին փու­լին ա­ռա­ւե­լա­գոյն քո­ւէ­ներ ստա­ցած «­Յա­ռաջ» շար­ժու­մի ղե­կա­վար Է­մա­նուէլ ­Մաք­րոն նշած է, որ պէտք է կա­տա­րե­լա­պէս ճանչ­նալ հայ ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թիւ­նը: «Ֆ­րան­սա­յի հա­յերն ու հա­յու­հի­նե­րը ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցած են մեր պատ­մու­թեան կերտ­ման մէջ»,- «­Թո­ւի­թըր»ի վրայ գրած է ­Մաք­րոն եւ տե­ղադ­րած ­Փա­րի­զի մէջ ­Կո­մի­տա­սի յու­շար­ձան այ­ցե­լու­թեան լու­սան­կա­րը: ­Մաք­րոն 24 Ապ­րի­լի կէ­սօ­րին այ­ցե­լած է ­Քա­նա­տա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ գտնո­ւող ­Կո­մի­տա­սի յու­շար­ձան եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: ­Մաք­րո­նին ու­ղեկ­ցած են Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան եւ Ա­րա ­Թո­րա­նեան: ­Մաք­րոն նա­խա­պէս յայ­տա­րա­րած էր, որ նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­լու պա­րա­գա­յին մտա­դիր է շա­րու­նա­կե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տակ­ման ա­ւան­դու­թիւ­նը` ա­ւելց­նե­լով, որ պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տիլ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ: