Հայ ժողովուրդի անունն ու մշակութային տաղանդը համաշխարհային ճանաչումի եւ գնահատանքի արժանացնող ազգային մեր մեծութիւններու փաղանգին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի Ալան Յովհաննէս, որու ծննդեան 107րդ տարեդարձը կը նշենք Մարտ 8ի այս օրը։
Թէեւ առաւելաբար ամերիկեան երաժշտութեան դափնեկիր մը եղաւ Ալան Յովհաննէս, բայց աշխարհագրական սահման չճանչցաւ անոր արուեստը, որ ծայրագոյն արեւմուտքէն մինչեւ ծայրագոյն արեւելք բարձր հռչակի արժանացուց հայոց երաժշտական տաղանդը։
Ինչպէս որ The Boston Globe թերթի երաժշտական քննադատ Richard Buell առիթով մը վկայած է, Ալան Յովհաննէս «թէեւ հռչակուած է իբրեւ կարծատիպը ինքնագիտակից Հայ Երգահանի, այսուհանդերձ՝ անոր երաժշտութիւնը կը համաձուլէ տարբեր մշակոյթներու երաժշտութիւնները։ Իսկ այն, որ իր արուեստին մէջ ամէնէն ամերիկեանն է՝ մշակումն է տեսակ մը տարաշխարհիկ երաժշտութեան։ Ալան Յովհաննէսի երաժշտութեան մթնոլորտը փսփսուք է՝ պատկառազդու, խորհրդաւոր եւ կարօտաբաղձ»։
Պատահաբար չէ, հետեւաբար, որ Ամերիկայի մէջ Ալան Յովհաննէսը հռչակեցին «միւսներէն առաջ կանգնած երաժիշտը», Անգլիոյ մէջ ան գնահատուեցաւ իբրեւ «Խաղաղ Ամերիկացին», իսկ Հնդկաստանի ու Ճափոնի մէջ զինք մեծարեցին իբրեւ «Որոնող Հայ»ը։
Աւազանի անունով Յովհաննէս Չաքմաքճեան՝ Ալան Յովհաննէս ծնած էր Պոսթընի արուարձաններէն Somervilleի մէջ, 8 Մարտ 1911ին։ Որդին էր Ատանա ծնած, Մ. Նահանգներ ուսանելու գացած եւ Tufts Collegeի մէջ քիմիագիտութեան դասախօս դարձած Յարութիւն Յովհաննէսի Չաքմաքճեանի։ Մայրը սկովտական ծագումով ամերիկուհի մըն էր՝ Madeleine Scott։ Հայրը բազմաթիւ գիրքերու, նաեւ՝ հայերէն-անգլերէն առաջին բառարաններէն մէկուն հեղինակն էր, որ երկար տարիներ եղաւ Պոսթըն հրատարակուող Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ի գլխաւոր խմբագիրը: Իսկ մայրը, մինչեւ 1931 թուին իր մահը, շարունակ ընդդիմացած էր զաւկին հայ մեծցնելու Յարութիւն Չաքմաքճեանի հետեւողական ճիգերուն։ Կենսագիրները կը վկայեն, որ Ալան Յովհաննէս, մօր ճնշումին եւ ազդեցութեան տակ, վաղ տարիքի իր ստեղծագործութիւնները պարտադրաբար ստորագրած էր Ալան Սքաթ Վաննէս։ Այդ էր պատճառը, որ Մինչեւ 1930ականները եւ մօր մահը ստեղծած իր գործերը Ալան Սքաթ Վաննէս որոշեց փճացնել եւ ի՛նք պատմած է, որ օրերով իր նոթաները այրեց։ Որոշեց իր հայկական պատկանելութեան լիարժէք տէր կանգնիլ՝ առաջին հերթին մեծ հօր Յովհաննէս անունը ընտրելով իբրեւ ազգանուն։ Այդ մասին նաեւ առիթով մը խոստովանած է, որ ընտանեկան «Չաքմաքճեան» ազգանունը չընտրեց, որովհետեւ շրջապատին մէջ ոչ ոք ի վիճակի էր ճիշդ արտասանելու «զինագործ» բառին թրքացումով կնքուած իր հարազատ ազգանունը։
Այս առումով միայն ծագումով հայ մը չեղաւ Ալան Յովհաննէս, այլ թէ՛ իր կեանքով, թէ՛ իր ստեղծած աւելի քան 70 սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններով ու 200 յօրինումներով՝ հաւատաւոր եւ հաւատարիմ մշակը հանդիսացաւ հայկական իր ժառանգութեան։ Եղաւ մանաւանդ հաւասարապէս ե՛ւ հայ, ե՛ւ ամերիկացի՝ սփիւռքահայու կրկնակ պատկանելութեան յառաջապահներէն դառնալով։
Եւ «ամերիկահայ»ու իր այդ կազմաւորումով ու համադրութեամբ՝ Ալան Յովհաննէս բնաւ անտարբեր չգտնուեցաւ ինչպէս աշխարհի, նոյնպէս եւ Հայաստանի ու հայութեան ճակատագրին նկատմամբ, մօտէն հետեւեցաւ եւ դիրքորոշուեցաւ քաղաքական մեծ վերիվայրումներու հանդէպ ու նուաճեց արժանաւոր քաղաքացիի իր մնայուն տեղը 20րդ դարու ամերիկեան իրականութեան մէջ։ Ամերիկահայ «Արարատ» հանդէսին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ, տակաւին 1971ին, մեծանուն երաժիշտը կատարեց մերկացումը ամերիկեան մեծապետական մոլորանքին՝ ինչպէս այդ օրերուն, նաեւ մեր ժամանակներուն համար ուղի լուսաւորող հետեւեալ պատգամը փոխանցելով.
«Թեւակոխած ենք շատ վտանգաւոր հանգրուան մը։ Ինքնակործանման վտանգին առջեւ ենք, ինչ որ մեծ վախով կը համակէ զիս։ Հին սերունդը անխղճօրէն կը կառավարէ ու կ’իշխէ։ Եւ ունիմ այն զգացումը, որ ատիկա մեծ սպառնալիք մըն է մեր քաղաքակրթութեան համար։ Հսկայական ընկերութեանց եւ կազմակերպութեանց ագահութիւնը կը հակակշռէ կեանքը տեսակ մը վայրագութեամբ։ Կացութիւնը հետզհետէ աւելի եւ աւելի վատթարացած է, որոշ իմաստով, որովհետեւ բնական գիտութիւնը մեզ տուած է աւելի ու աւելի մահացու զէնքեր եւ մարդկային ոգին կործանած է շատ մը պարագաներու… Ուստի՝ ի՜նչ օգուտ, որ ունինք աշխարհի ամենազօրաւոր երկիրը, երբ կործանած է հոգին։ Անօգո՜ւտ է»։
Ա. Յովհաննէս հազիւ 7 տարեկան էր, երբ ի վիճակի եղաւ երաժշտութիւն կարդալու եւ 14 տարեկանին արդէն սիմֆոնիք գործեր կը յօրինէր։ Բայց ինչպէս որ հետագային ի՛նք վկայած է, ծնողքը դէմ էին երաժշտութեան նուիրուելու իր բուռն ցանկութեան։ «Հետեւաբար ստիպուած էի երաժշտական իմ յօրինումներս գրելու գիշերները, գաղտնի, բաղնիքի մէջ, եւ յետոյ զանոնք պահելու, որպէսզի ծնողքս չտեսնէ»,- խոստովանած է մեծ երաժիշտը։ Արլինկթըն Գոլէճի աշակերտ էր, երբ արդէն գրեց իր առաջին երկու օփերաները, որոնք ներկայացուեցան Գոլէճի սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ։ Երգահանութեան նուիրուելու իր որոշումին մէջ, այդ տարիներուն, մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն հետ իր ծանօթացումին։ 1929ին, աւարտելով միջնակարգ դպրոցը` ան ուսումը շարունակեց Նիու Ինկլէնտի Երաժշտանոցին մէջ։ Այդ շրջանին գրեց «Արեւածագ» սիմֆոնին, որուն համար արժանացաւ Samuel Endicottի մրցանակին:
Ա. Յովհաննէս ապրեցաւ ինքնաճանաչման անվերջ պրպտումներու մէջ: Ինքնահաստատուեցաւ, երբ իբրեւ երգեհոնահար սկսաւ ծառայել Ուոթըրթաունի հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Չնայած բացառիկ տաղանդին եւ մէկը միւսին ետեւէն իրեն շնորհուող մրցանակներուն՝ Ա. Յովհաննէս Ամերիկայի տարածքին շարունակ ընկալուեցաւ իբրեւ օտար եւ վտարանդի: Շատ անգամ, յանուն հանապազօրեայ հացի, նուագեց ճաշարաններու եւ պանդոկներու մէջ, նուագակցեցաւ երաժիշտներու եւ երգիչներու: Պոսթընի մէջ մտերմացաւ միսթիք նկարիչ, ազգութեամբ յոյն Հերմոն տի Ճիովաննիին հետ, որուն հետագային համարեց իր «հոգեւոր ուսուցիչը»։ Ճիովաննի խորհուրդ տուած է Յովհաննէսին՝ փնտռել ու գտնել իր հայկական հարազատ հոգեւոր ժառանգութիւնը եւ ողջ կեանքին ընթացքին հաւատարիմ մնալ իր արմատներուն:
Այդպէս ալ ընթացաւ Ա. Յովհաննէսի կեանքը այնուհետեւ եւ ցաւօք, նաեւ այդ գաղափարներու ներշնչումով էր, որ մօր մահէն ետք Ա. Յովհաննէս այրեց մինչ այդ գրած իր հարիւրաւոր ստեղծագործութիւնները, այդ շարքին՝ 2 օփերաներ, 7 սիմֆոնիներ: Միայն 50 տարի ետք, մեկնաբանելով իր այդ արարքը, Ա. Յովհաննէս իրեն յատուկ ժպիտով պիտի «արդարանար»՝ ըսելով, թէ «պարզապէս ես Պոսթընէն կը տեղափոխուէի Նիւ Եորք, աւելի փոքր բնակարան մը, եւ պէտք էր ձերբազատուէի որոշ աւելորդ բեռէ»…
1940ականներուն, Ա. Յովհաննէսի ստեղծագործական կեանքին մէջ սկսաւ հայկական շրջանը: Հիմնեց նուագախումբ, ղեկավարեց զայն, նուագեց իր հայկական ստեղծագործությունները:
Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական կեանքին մէջ կարեւորագոյն դարձակէտ մը եղաւ, նոյնպէս, անոր ծանօթացումը հայ երաժիշտ Ենովք Տէր-Յակոբեանի հետ, որ հայկական եւ արեւելեան նուագարաններու օգտագործման հմուտ էր եւ Ալանի առջեւ լայն բացաւ ոչ միայն հայկական, քրտական, պարսկական ու արաբական, այլեւ՝ հնդկական, չինական եւ ճափոնական աւանդական նուագարաններու եւ ազգային երաժշտութեանց անեզր աշխարհը։
1946ին, երբ Պոսթընի Երաժշտանոցին դասախօս էր, տեղւոյն հայ համայնքի մղումով ստեղծեց իր «Էջմիածին» օփերան։ 1952ին ան փոխադրուեցաւ Նիւ Եորք, ուր միացաւ «Ամերիկայի Ձայն»ի խմբագրութեան՝ երաժշտական բաժնի պատասխանատուութիւնը ստանձնելով։ Շարունակեց ստեղծագործել եւ շուրջ կէս դար իր տիրական դրոշմը դրաւ ամերիկեան երաժշտական կեանքին վրայ՝ յատկապէս արեւելեան ու արեւմտեան երաժշտութիւնները ինքնուրոյն համադրութեամբ մշակելու իր մեծ տաղանդով։
1950ականներուն ան Ամերիկայի տարածքին արդէն մեծ հռչակ ունէր իբրեւ երաժիշտ, ղեկավար ու դաշնակահար։ Հանրայայտ երաժիշտներու կողմէ պարբերաբար արժանացաւ մեծաթիւ պատուէրներու: Անոր շնորհուեցան ակադեմական բարձր տիտղոսներ եւ տարբեր հեղինակաւոր հաստատութեանց կողմէ՝ Պատուոյ Դոկտորի կոչումներ:
1960-70ականները եղան Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործութեանց ձայնագրութիւններու եւ տարածման փառահեղ յաղթարշաւի շրջան մը: Ան հռչակուեցաւ Ամերիկայի ամենաշատ ձայնագրուած երաժիշտը: 1977ին, երաժշտական իր նուաճումներուն համար, Գրականութեան եւ Արուեստի Ամերիկեան Ակադեմիան զինք ընտրեց «Պատուոյ Անդամ»:
70-80 տարեկան իր հասակին ալ Ա. Յովհաննէս շարունակեց ստեղծագործել՝ աւարտելով շուրջ 80 ստեղծագործութիւն, այդ շարքին՝ 20 սիմֆոնիա: 85 տարեկանին ան տակաւին կը շարունակէր ստեղծագործել։
1991ին, Ամերիկահայոց Արեւելեան Թեմի ազգային առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Երաժիշտներու Նուագախումբը միասնաբար, Քարնէկի Հոլի մէջ, մեծ շուքով նշեցին Ալան Յովհաննէսի ծննդեան 80ամեակը, կալա համերգին 80ամեայ Մայեսթրոն ղեկավարեց իր նոր` Արցախեան Ազատամարտին նուիրուած «Արցախ» սիմֆոնիային համաշխարհային փրեմիերան։
Ալան Յովհաննէս (Չաքմաքճեան) վախճանեցաւ 21 Յունիս 2000ին, յետ ծանր հիւանդութեան։
Հայ մեծանուն երաժիշտը իր կարգին ամուսնացած էր օտարի՝ ծանօթ սոփրանօ Հինաքօ Ֆուճիարայի հետ։ Ունեցան դուստր մը։ Մայր ու դուստր, միասին, հպարտութեամբ տէր կանգնեցան իրենց ամուսնոյն եւ հօր ազգային պատկանելութեան եւ երաժշտութեան՝ 2004ին ձեռնամուխ ըլլալով Հայաստանի մէջ Ալան Յովհաննէսի Տուն-Թանգարանի ստեղծումին։
Ա՛յդ էր կտակը Ալան Յովհաննէսի, որ իր կենդանութեան միայն մէկ անգամ՝ 1965ին բախտը ունեցած էր հայրենիք այցելելու եւ «իր սիրտը լեռներում թողնելու»…
Իրաւամբ Ալան Յովհաննէս կը հանդիսանայ 20րդ դարու ամենաբեղուն երաժիշտներէն մէկը, անոր թողած ժառանգութիւնը կ’ընդգրկէ 67 համարակալուած սիմֆոնիներ (պահպանուած ձեռագրերուն մէջ անոնց թիւը կ’անցնի 70ը) եւ 434 այլազան գործեր:
Արուեստի քննադատները միահամուռ բարձր գնահատականի կ’արժանացնեն Ալան Յովհաննէսի արուեստը. «Յովհաննէսը երաժշտութիւն գրող մեքենայ է… (իր ստեղծագործութիւնները) վերջին 30 տարիներուն երաժշտական աւանդոյթներով ստեղծուած լաւագոյն գործերէն են ամբողջ աշխարհի տարածքին»,- գրած է Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիք Նուագախւոմբի գլխաւոր ղեկավար Անդրէ Քոսթելեանէց:
Ալան Յովհաննէսի երաժշտութեան տրուած են բարձրագոյն գնահատականներ.
— «Երաժշտութիւն` բացառիկ տաղանդաւոր, ինքնատիպ, զօրեղ ու առնական»։
— «Յովհաննէս կը փնտռէ մեղեդիին ազատագրումը»։
— «Ի՜նչ ուրախալի թեթեւացում է լսել ժամանակակից երգահան մը, որ ըսելիք ունի եւ գեղեցկօրէն կ’արտայայտէ իր այդ ըսելիքը»:
Ալան Յովհաննէս (Չաքմաքճեան, 1911-2000)
Ալան Յովհաննէս (Չաքմաքճեան, 1911-2000). Հայադրոշմ երաժշտութեան աշխարհահռչակ ամերիկածին վարպետը Ն.