­Մարտ 5ի այս օ­րը մեր ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րէն ­Թէո­դի­կի (­Թէո­տո­րոս Գ­րի­գո­րի ­Լէպ­ճին­ճեան), ո­րուն մա­հո­ւան 90ա­մեակն է այս տա­րի։
­Թէո­դիկ ապ­րե­ցաւ եւ գոր­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն բախ­տո­րոշ ժա­մա­նա­կաշրջա­նին՝ դառ­նա­լով ար­ժա­նա­հա­ւատ վկան հա­յոց նա­հա­տա­կու­թեան, յա­րու­թեան եւ վե­րապ­րու­մին։
­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւո­րու­թիւնն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը մեր սե­րունդ­նե­րը ճանչ­ցան եւ խո­րա­չա­փե­ցին ­Թէո­դի­կի մտքի լոյ­սով ու սրտի յոյ­զով։ 1919ին լոյս տե­սած իր «­Յու­շար­ձան Ապ­րիլ ­Տաս­նը­մէ­կին (24ին)» հան­րա­գի­տա­կան գոր­ծով՝ ­Թէո­դիկ ա­նուն առ ա­նուն՝ հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կան­նե­րով ու ար­ժե­ւոր­ման վկա­յու­թիւն­նե­րով, պատ­րաս­տեց ու հա­յոց վե­րապ­րող սե­րունդ­նե­րուն եւ հա­նուր մարդ­կու­թեան յանձ­նեց վա­ւե­րագ­րու­թիւ­նը նա­հա­տակ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ճի­տո­ւած մտա­ւո­րա­կան սե­րուց­քին։
­Կեն­դա­նի հան­րա­գի­տա­րա­նի շնչող ու կեն­սու­նակ մարմ­նա­ւո­րու­մը ե­ղաւ ­Թէո­դիկ, որ 1907էն սկսեալ մին­չեւ 1928 իր հրա­տա­րա­կած «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյ­ցը» ա­նուն տա­րե­գիրք­նե­րու հա­րուստ շար­քով՝ ոչ միայն հիմ­նա­դի­րը կը հան­դի­սա­նայ հայ կեան­քի եւ հո­գեմ­տա­ւոր եր­կուն­քի տա­րեգ­րու­թիւնն ու ա­մե­նա­մեայ ար­գա­սի­քը խտաց­նող գրա­կան-հրա­պա­րա­կագ­րա­կան տա­րե­գիր­քի բնա­գա­ւա­ռին, այ­լեւ՝ մե­ծար­ժէք ռահ­վի­րան է հա­յոց «ա­մէ­նուն» միտ­քի եւ հո­գիի ծա­րա­ւը յա­գեց­նե­լու հան­րակր­թա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան։
­Պա­տա­հա­կան չէ, որ վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին ա­մէ­նուր, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ սփիւռ­քի մեր­ձա­ւոր թէ հե­ռա­ւոր գօ­տի­նե­րը, ­Թէո­դի­կի նո­րո­վի յայտ­նա­գործ­ման եւ վե­րար­ժե­ւոր­ման ընդ­հա­նուր շար­ժում մը թափ ա­ռած է. կը վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւի «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյ­ցը» շար­քը, թուրք այ­լա­խո­հը հա­յե­րէն բնագ­րով եւ ա­նոր կցո­ւած թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ լոյս կ­’ըն­ծա­յէ ­Թէո­դի­կի «­Յու­շար­ձան Ապ­րիլ ­Տաս­նը­մէ­կին (24ին)» գոր­ծը, իսկ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րէ խո­րի­մաց բա­նա­սէ­րի եւ բա­նա­հա­ւա­քի ­Թէո­դի­կեան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։
­Հայ մտքի եւ մշա­կոյ­թի, գրա­կա­նու­թեան եւ մա­մու­լի եր­բեմ­նի ճա­ռա­գայ­թող կեդ­րո­նի՝ ­Հայ­կա­կան ­Պոլ­սոյ հա­րա­զատ ու ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քե­րէն էր ­Թէո­դիկ։ Ծ­նած էր Ս­կիւ­տար, 5 ­Մարտ 1873ին։ ­Յա­ճա­խած էր Ս­կիւ­տա­րի ­Ճե­մա­րա­նը, ա­պա՝ «­Պէր­պէ­րեան» վար­ժա­րա­նը եւ ա­ւար­տած էր ­Պոլ­սոյ ա­մե­րի­կեան «­Ռո­պերթ» գո­լէ­ճը։
­Վաղ հա­սա­կէն ­Թէո­դիկ սկսաւ կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցիլ իր ժա­մա­նա­կի պոլ­սա­հայ թեր­թե­րուն («­Ծա­ղիկ», «­Հան­րա­գի­տակ», «­Ման­զու­մէի Էֆ­քիար», «­Սուր­հան­դակ» ե­ւայլն), գոր­ծա­ծե­լով տար­բեր գրչա­նուն­ներ՝ ­Մո­դո­թէ, Մ­տոս­տիկ, ­Թէո­դիակ եւ Թ.Ա.։ Սկզբ­նա­կան շրջա­նի իր հրա­պա­րա­կում­նե­րը ու­նե­ցան ու­ղեգ­րա­կան տոմ­սե­րու, նո­րա­վէ­պե­րու եւ դի­մաս­տո­ւեր­նե­րու ներ­կա­յաց­ման բնոյթ։ Ա­ռան­ձին հա­տո­րով լոյս տե­սած ա­ռա­ջին գոր­ծե­րէն ե­ղաւ «­Ճան­չո­ւոր դէմ­քեր» խո­րագ­րով դի­մաս­տո­ւեր­նե­րու շար­քը։ Իր նո­րա­վէ­պե­րը («­Շան խիղ­ճը», «Շր­թունք շրթունք»ի ե­ւայլն) 1912ին ամ­փո­փո­ւե­ցան եւ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան «­Կա­ղանդ» ա­նու­նով։
1905ին, «­Պոլ­սոյ ­Հա­յե­վա­րը» խո­րագ­րով բա­նա­սի­րա­կան իր ան­տիպ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ցաւ ա­տե­նի հե­ղի­նա­կա­ւոր «Իզ­մի­րեան» գրա­կան մրցա­նա­կին։ ­Հայ գրե­րու ստեղծ­ման եւ տպագ­րու­թեան պատ­մու­թեան է նո­ւի­րո­ւած 1912ին լոյս տե­սած ­Թէո­դի­կի «­Տիպ ու տառ» մե­ծար­ժէք ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը։
­Բայց ­Թէո­դի­կի կո­թո­ղա­կան նո­ւա­ճու­մը ե­ղաւ 1907ին իր ձեռ­նար­կած «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյ­ցը», որ ու­նե­ցաւ հրա­տա­րա­կու­թեան եր­կու շրջան. ա­ռա­ջի­նը տե­ւեց մին­չեւ 1915, երբ տա­րե­գիր­քի այդ տա­րո­ւան հա­մա­րի հրա­տա­րա­կու­թե­նէն ետք ­Թէո­դիկ իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ աք­սո­րուե­ցաւ. հրա­տա­րա­կու­թեան երկ­րորդ շրջա­նը վերսկ­սաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին հետ եւ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ 1928ի իր մա­հը՝ նախ ­Պոլ­սոյ մէջ (մին­չեւ 1923ին իր վերջ­նա­կան հե­ռա­ցու­մը ­Թուր­քիա­յէն), ա­պա՝ ­Փա­րիզ, ուր հաս­տա­տո­ւե­ցաւ եւ գոր­ծեց հայ մտքի ու գրա­կա­նու­թեան այս ե­րախ­տա­ւո­րը։
Ա­ռան­ձին ու­շադ­րու­թեան եւ յու­շա­տետ­րի ար­ժա­նի է ­Թէո­դի­կի մա­զա­պուրծ փրկու­թիւ­նը թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն։ Մ. Ա­ղա­նա­լեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ դէ­պի ­Տէր ­Զօր աք­սո­րի ճամ­բուն վրայ, ­Թէո­դիկ ա­զա­տագ­րո­ւած է հայ մար­տիկ­նե­րու խում­բի մը կող­մէ։ Օ­տար անձ­նա­թուղ­թով ընդ­յա­տա­կեայ կեանք ապ­րած է մին­չեւ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը՝ իբ­րեւ բա­նո­ւոր աշ­խա­տե­լով ­Տաւ­րո­սեան թու­նե­լա­խոր­շի ռազ­մա­կան շի­նա­րա­րու­թեան մէջ։
­Զի­նա­դա­դա­րէն ետք թափ ա­ռած պոլ­սա­հայ զար­թօն­քի վեր­ջին ճա­ռա­գայ­թու­մին դրօ­շա­կի­րը ե­ղաւ ­Թէո­դիկ։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կումն ու հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան կեր­տու­մը ոչ միայն խան­դա­վա­ռու­թեան անս­պառ աղ­բիւր դար­ձան ­Թէո­դի­կի եւ ա­նոր սե­րուն­դի վե­րապ­րող մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան նո­րո­վի եր­կուն­քին հա­մար, այ­լեւ՝ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յանձ­նա­ռու գոր­ծու­նէու­թեան մղե­ցին ­Թէո­դի­կին։ ­Յա­ջոր­դա­բար գրեց եւ հրա­տա­րա­կեց «­Յու­շար­ձան»ը, «­Զու­լու­մը եւ մեր որ­բե­րը» (1920ին) եւ «­Գող­գո­թա»ն, որ լոյս տե­սաւ յետ-մա­հու 1966ին։ Աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւող պոլ­սա­հայ մա­մու­լին՝ «­Ժա­մա­նակ», «­Ժո­ղո­վուրդ» եւ «­Վեր­ջին ­Լուր» թեր­թե­րուն։
1923ին ­Փա­րիզ հաս­տա­տո­ւե­լէ ետք ալ ­Թէո­դիկ նոյն թա­փով շա­րու­նա­կեց իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, պահ­պա­նեց «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյ­ցը» եւ վե­րապ­րող վկան ու անլ­ռե­լի ձայ­նը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րին։
­Թէո­դի­կի մե­ծու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ նախ իր ժա­մա­նա­կի հայ կեան­քին մեծ ու փոքր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն ու խնդիր­նե­րը ման­րա­մասն հե­տա­զօ­տե­լու, տե­ղե­կագ­րե­լու եւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն իբ­րեւ ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւն ու ժա­ռան­գու­թիւն կտա­կե­լու մտա­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան մէջ։
­Թէո­դի­կի մե­ծու­թիւ­նը ա­պա — եւ յատ­կա­պէս — կը կա­յա­նայ հայ մտքի եւ մշա­կոյ­թի, հայ գրա­կա­նու­թեան ու ա­րո­ւեստ­նե­րու ժա­մա­նա­կա­կից տա­ղանդ­նե­րը, ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նէն մին­չեւ ­Կո­մի­տաս վար­դա­պետ եւ Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան, իր տա­րե­գիր­քին շուրջ հա­ւա­քե­լու, ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը խրա­խու­սե­լու ար­ժա­նի­քին մէջ։
­Թէո­դի­կի կո­թո­ղա­կան վաս­տա­կին եւ խմբագ­րա­կան մեծ տա­ղան­դին մա­սին դի­պուկ է Մ.Լ.Ա­դա­նա­լեա­նի վկա­յու­թիւ­նը.-
1907 թո­ւին, իր կնոջ՝ Ար­շա­կու­հի ­Թէո­դի­կի հետ միա­սին, ­Թէո­դիկ ձեռ­նար­կեց «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց»նե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան (1907-1928)։ Այդ գա­ղա­փա­րը ­Թէո­դիկ­նե­րուն յու­շեց ա­նոնց անձ­նա­կան հա­րուստ գրա­դա­րա­նին մէջ առ­կայ հայ­կա­կան հնա­գոյն օ­րա­ցոյց­նե­րու եւ տա­րե­ցոյց­նե­րու հա­զո­ւա­գիւտ հա­ւա­քա­ծոն։
­Թէո­դիկ իր տա­րե­ցոյ­ցին առ­ջեւ դրած էր շատ մեծ եւ կա­րե­ւոր նպա­տակ։ Կ.­Պոլ­սոյ մէջ, դա­րաս­կիզ­բին, հա­յե­րէն ո­րե­ւէ գրա­կան հան­դէս-պար­բե­րա­կան լոյս չէր տես­ներ։ ­Հա­յե­րէն նոր հան­դէս հիմ­նադ­րե­լը, հա­մի­տեան դա­ժան գրաքն­նու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, գրե­թէ անհ­նա­րին գործ էր, հա­կա­ռակ որ գրա­կան այդ­պի­սի հրա­տա­րա­կու­թեան կա­րի­քը խիստ զգա­լի էր՝ ըն­թեր­ցող լայն շրջա­նակ­նե­րը հա­ղոր­դա­կից դարձ­նե­լու հա­մար ինչ­պէս հայ գրող­նե­րու լա­ւա­գոյն գոր­ծե­րուն, այն­պէս ալ նո­րե­րու ան­տիպ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն։
­Հին ժա­մա­նակ­նե­րէն հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ օ­րա­ցոյ­ցը կամ տօ­նա­ցոյ­ցը լայն տա­րա­ծում ու­նե­ցած է։ ­Թէո­դիկ վճռեց վե­րա­կանգ­նել այդ ա­ւան­դոյ­թը, օ­րա­ցոյ­ցին կամ տօ­նա­ցու­ցա­կին կցել ըն­դար­ձակ եւ ար­ժէ­քա­ւոր գրա­կան, պատ­մա­գի­տա­կան յա­ւե­լո­ւած, օ­րո­ւայ հայ հա­սա­րա­կա­կան խնդիր­նե­րուն ար­ժա­նի նիւ­թե­րով, զայն դարձ­նել կի­սագրա­կան, կէս-ժո­ղովր­դա­տո­մա­րա­կան։
­Տա­րո­ւէ տա­րի ա­ռա­ւել կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լով եւ իր տա­րե­ցոյց­նե­րուն բո­վան­դա­կու­թիւ­նը հարս­տաց­նե­լով գրա­կան, պատ­մա­կան, վա­ւե­րագ­րա­կան եւ վի­ճա­կագ­րա­կան ար­ժէ­քա­ւոր նիւ­թե­րով՝ ­Թէո­դիկ բարձ­րա­ցուց զա­նոնք հան­րա­գի­տա­րա­նի մա­կար­դա­կի, դար­ձուց երկ­րի եւ ար­տա­սահ­մա­նի հա­յու­թեան հա­մար մե­ծա­պէս ըն­դու­նե­լի եւ հա­մակ­րե­լի տա­րե­կան հրա­տա­րա­կու­թեան մը, ա­պա­հո­վե­լով «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց»նե­րուն հաս­տա­տուն տե­ղը եւ կա­րե­ւոր դե­րը հայ կեան­քի մէջ։
Սկզ­բունք ու­նե­նա­լով տա­րե­ցոյ­ցի է­ջե­րուն հրա­պա­րա­կել մի միայն ան­տիպ­ներ, ­Թէո­դիկ «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց»նե­րուն մէջ տեղ կու տար ոչ միայն պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թի՝ ան­ցեա­լէն ժա­ռան­գու­թիւն մնա­ցած եւ ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­պա­րա­կո­ւող մե­ծար­ժէք վա­ւե­րագ­րե­րու, յու­շե­րու, նա­մակ­նե­րու, յօ­դո­ւած­նե­րու կամ գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց, այ­լեւ իր օ­րե­րու ե­րի­տա­սարդ հե­ղի­նակ­նե­րու տա­ղան­դա­ւոր գոր­ծե­րուն։
Այս­պէս, ­Թէո­դի­կի տա­րե­ցոյց­նե­րուն մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­տա­րա­կո­ւած են դա­րաս­կիզ­բի ա­րեւմ­տա­հայ ա­կա­նա­ւոր բա­նաս­տեղծ­նե­րու եւ ար­ձա­կա­գիր­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­րե­ւե­լա­հայ եւ սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու գրչին պատ­կա­նող ա­ռան­ձին գոր­ծեր։ ­Հայ ստեղ­ծա­գործ միտ­քի այս­պի­սի՛ հա­մախմ­բու­մը չա­փա­զանց կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր: ­Թէո­դիկ ա­մու­սին­նե­րը անձ­նա­կան լայն գրագ­րու­թիւն ու­նէին գա­ւա­ռի եւ ար­տա­սահ­մա­նի հայ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու եւ հե­ղի­նակ­նե­րու հետ, ո­րոնց կը յոր­դո­րէին ա­ւե­լի աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել յա­նուն հայ ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քի վե­րել­քի։ ­Հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն ու ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րէն շատ-շա­տե­րու կեն­սագ­րա­կան­ներն ու պատ­կեր­նե­րը հրա­պա­րա­կո­ւած են «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց»ի է­ջե­րուն, ան­կախ ա­նոնց քա­ղա­քա­կան պատ­կա­նե­լու­թե­նէն։ ­Հա­յա­գի­տու­թեան հետ ա­ղերս ու­նե­ցող այս ա­մէն նիւ­թե­րու ամ­փո­փու­մը տա­րե­ցոյ­ցի հա­տոր­նե­րուն մէջ թե­րեւս ստո­ւե­րէր ­Թէո­դի­կի հրա­տա­րա­կու­թեանց մար­տա­կան նպա­տա­կաս­լա­ցու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի պայ­ման­նե­րէն մեկ­նե­լով, ե­թէ նկա­տի չառ­նենք ա­նոր հրա­տա­րա­կու­թեան հան­րա­գի­տա­րա­նա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը եւ այն մեծ, լու­սա­ւո­րա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը, որ «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց»նե­րը ու­նե­ցան հայ ըն­թեր­ցո­ղի ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակց­ման եւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան մտքի հա­մախմբ­ման գոր­ծին մէջ։ Ա­ռանց ազ­գա­յին ո­րե­ւէ կու­սակ­ցու­թեան պատ­կա­նե­լու, ­Թէո­դիկ, ինչ­պէս ին­քը կը վկա­յէ, հե­տա­մուտ էր հայ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան կեան­քի աշ­խու­ժա­ցու­մին։ «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց»ի հան­րա­գի­տակ եւ ի­մաս­տուն մտա­ւո­րա­կա­նին՝ ­Թէո­դի­կի գա­ղա­փար­նե­րու աշ­խար­հով վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու ա­ռի­թը կ­’ըն­ծա­յէ ա­նոր ցի­րու­ցան մտքե­րէն կազ­մո­ւած հե­տա­գայ ծաղ­կա­քա­ղը.-
— ­Հայ նշա­նա­ւոր ճար­տա­րա­պետ­նե­րու ե­րեք հա­րիւ­րա­մեայ գեր­դաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րից մէ­կը՝ ­Յա­կոբ ­Պա­լեա­նը (1838 -1874) սո­վո­րու­թիւն ու­նէր շա­բա­թա­կան ա­ւելց­նե­լու ռո­ճիկն իր այն գոր­ծա­ւո­րին, որն իր հետ խօ­սած ա­տեն յա­ջո­ղէր օ­տար բա­ռեր չգոր­ծա­ծել։ («Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց», 1921 թո­ւա­կան, էջ 262)։
— ­Գա­ղա­փար­նե­րը ո­լո­րո­ւած մա­գա­ղաթ­ներ են. խօ­սակ­ցու­թիւնն է, որ կը բա­նայ զա­նոնք:
— ­Գա­ղա­փար­ներ ստա­նա­լը կը նմա­նի ծա­ղիկ­ներ քա­ղե­լուն, իսկ խոր­հի­լը՝ ծաղ­կե­փունջ կազ­մե­լուն:
— Ուր որ տես­նէք կար­գա­պա­հու­թիւն՝ ա­ռանց վիշ­տի, խա­ղա­ղու­թիւն՝ ա­ռանց գե­րու­թեան եւ լիու­թիւն՝ ա­ռանց շռայ­լու­թեան, գիտ­ցէք, որ հոն եր­ջա­նիկ էակ մըն է, որ կը կա­ռա­վա­րէ:
— ­Պե­տու­թիւն մը որ­քան ա­պա­կա­նո­ւի՝ այն­քան օ­րէնք­նե­րը կը շատ­նան:
— ­Զի­նո­ւոր­նե­րու դիակ­նե­րը գե­րա­գոյն պա­տո­ւան­շան­ներ են, զորս մայ­րեր, քոյ­րեր, այ­րի­ներ և­ որ­բեր ար­ցուն­քով կը կա­խեն ի­րենց ­Հայ­րե­նի­քին կուրծ­քէն՝ Ա­նոր մշտնջե­նա­ւոր փառ­քին հա­մար:
— ­Վախ­կո­տը վտան­գէն ա­ռաջ կը վախ­նայ, վատ մար­դը՝ վտան­գի ժա­մա­նակ, իսկ քա­ջը՝ վտան­գէն յե­տոյ:
— ­Գայ­լե­րուն պա­տե­րազ­մը գառ­նուկ­նե­րուն խա­ղա­ղու­թիւնն է:
— Դ­րա­մին ի՛նչ ըլ­լա­լը ե­թէ գիտ­նալ կ­’ու­զես՝ աշ­խա­տէ փոխ առ­նել:
— ­Շա­հը բա­րե­կա­մու­թեան գե­րեզ­մանն է:
— Երբ խնդի­րը շա­հու վրայ է՝ կո­վերն ան­գամ ար­ծիւ­ներ կը դառ­նան:
— ­Վա­յել­քը եր­ջան­կու­թեան թշո­ւա­ռու­թիւնն է, իսկ յոյ­սը՝ թշո­ւա­ռու­թեան եր­ջան­կու­թիւ­նը:
— ­Հա­ճոյ­քը յի­մար­նե­րու եր­ջան­կու­թիւնն է, իսկ եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ ի­մաս­տուն­նե­րու հա­ճոյ­քը:
— Կ’ու­զե՞ս յաղ­թել մո­լուցք­նե­րուդ. մի՛ կռո­ւիր ա­նոնց հետ, փախ­չի՛ր:
— ­Հան­ճա­րը ստեղ­ծողն է, իսկ ռա­մի­կը՝ ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղը:
— ­Վիշ­տե­րը կտակ­նե­րու նման են՝ ա­մե­նա­վեր­ջի­նը կ­’ոչնչաց­նէ նա­խորդ­նե­րը:
— Ան­թե­րի գե­ղեց­կու­թիւ­նը զտո­ւած ջուր մըն է, որ… համ չու­նի:
— Մր­ջիւ­նի բնա­կա­րա­նին մէջ ջրհե­ղեղ է ցո­ղը:
— ­Ժա­մա­ցույ­ցը կեան­քի խար­տոցն է:
— Աս­տո­ւած ե­թէ ագ­ռա­ւի ձայ­նին լսէր՝ վար­դա­վա­ռին ձիւն կու գար:
— ­Ծեր մար­դոց խրատ տա­լը տար­բե­րու­թիւն չու­նի սեւ հա­գուս­տի վրայ լու փնտռե­լէն:
— ­Հա­յը ձի հեծ­նայ՝ Աս­տո­ւած կը մոռ­նայ, ձիէն իջ­նայ՝ ձին կը մոռ­նայ: