Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեան (1887-1965).

Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեան (1887-1965). ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած սե­րուն­դին ա­ւան­դա­պահ պատ­գա­մա­բե­րը Ն.

0
1085

31 ­Յու­նո­ւա­րին, 53 տա­րի ա­ռաջ, ­Փա­րի­զի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան տա­ղան­դա­ւոր դէմ­քե­րէն բա­նաս­տեղծ Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեան, որ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կը հան­դի­սա­նայ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած սե­րուն­դին ա­ւան­դա­պահ պատ­գա­մա­բե­րը։
«Ե­րե­ւոյթ» է Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեան հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ։
­Կար­ծես գրեց ինքն ի­րեն հա­մար։ Գ­րե­լու ու­շագ­րաւ ձիրք ու­նէր՝ մշա­կո­ւած լե­զու, ինք­նա­տիպ ոճ եւ խո­հուն յու­զաշ­խարհ։ ­Բայց բնաւ չբա­ցո­ւե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հան­րա­յին խռո­վա­յոյզ կեան­քին ու ե­ռե­ւե­փող աշ­խար­հին, այլ՝ իր տե­սած, ապ­րած ու զգա­ցած ա­մէն ին­չը, բնու­թեան թէ մարդ­կա­յին կե­ցու­թեան հետ կա­պո­ւած, լե­ցուց իր հո­գիին խո­րը եւ վեր­ծա­նեց… բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ։
Այդ պատ­ճա­ռով ալ, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր կեան­քին սփիւռ­քեան եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեան ոչ միայն մեծ «մոռ­ցո­ւած» մը եւ «ան­ծա­նօթ» մը ե­ղաւ աշ­խար­հաց­րիւ հայ ըն­թեր­ցող լայն հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար, այ­լեւ՝ ինք­զինք հե­ռու պա­հեց սփիւռ­քա­հայ գրող­նե­րու եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կեն­սու­նակ բե­մա­հար­թակ­նե­րէն ու աղմ­կոտ հրա­պա­րակ­նե­րէն։
­Մե­նա­կեա­ցու­թեան ու ինք­նամ­փոփ­ման եր­գի­չը հան­դի­սա­ցաւ ­Տա­տու­րեան եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, «ներ­կա­յու­թիւն» դար­ձաւ յետ-ե­ղեռ­նեան հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ։
­Հան­դի­սա­ցաւ ա­րեւմ­տա­հայ, այ­լեւ պոլ­սա­հայ գրա­կա­նու­թեան պատ­գա­մա­բե­րը սփիւռ­քեան նոր ստեղ­ծո­ւող բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ։
­Պար­տի­զակ ծնած 1887ին՝ Ա­հա­րոն իր ու­սու­մը ստա­ցաւ նախ ­Պոլ­սոյ, ա­պա՝ ­Վե­նե­տի­կի Մ­խի­թա­րեան­նե­րուն մօտ։ ­Վե­նե­տի­կեան տա­րի­նե­րուն, դա­սըն­կերն ու մտե­րիմն էր ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի, ո­րուն հետ կա­պո­ւած էր նաեւ գրա­կան աշ­խար­հա­յեաց­քով ու հե­տա­գա­յին դար­ձաւ ­Վա­րու­ժա­նեան դպրո­ցին ար­ժա­նա­ւոր ժա­ռան­գորդն ու շա­րու­նա­կո­ղը։
­Լե­զո­ւա­կան իր ճկու­նու­թիւ­նը եւ ո­ճա­կան շքե­ղու­թիւ­նը ա­ռաւ Մ­խի­թա­րեան­նե­րէն, իսկ ­Պար­տի­զա­կի կեն­սու­նակ բար­բա­ռին ներ­գոր­ծու­թեամբ՝ կրցաւ հե­ռու մնալ Մ­խի­թա­րեան­նե­րու հա­յե­րէ­նին գրքու­նակ ու կա­ղա­պա­րո­ւած կաշ­կան­դում­նե­րէն։
Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք ­Պո­լիս վե­րա­դար­ձաւ, ու­սուց­չու­թեան նո­ւի­րուե­ցաւ եւ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ այդ տա­րի­նե­րու գրա­կան մեծ զար­թօն­քին։
­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի «Ազ­դակ» շա­բա­թա­թեր­թին, Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի գրա­կան հան­դէ­սին եւ Հ.Յ.Դ. Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թեան «Եր­կունք» պար­բե­րա­կա­նի է­ջե­րուն լոյս տե­սան իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս սի­րո­ւե­ցան ըն­թեր­ցո­ղին կող­մէ եւ ար­ժա­նա­ցան ա­տե­նի գրա­կան քննա­դատ­նե­րու խրա­խու­սան­քին։
Երբ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը բռնկե­ցաւ, Ա­հա­րոն սպայ էր օս­մա­նեան բա­նա­կին մէջ եւ, այդ պատ­ճա­ռով, չեն­թար­կո­ւե­ցաւ ­Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան 24 Ապ­րի­լի զան­գո­ւա­ծա­յին աք­սո­րին ու սպան­դին։ ­Բայց փա­խուստ տո­ւաւ բա­նա­կէն, ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի օ­րի­նա­կով եր­կար ա­միս­ներ թագս­տոց­նե­րու մէջ ապ­րե­ցաւ եւ, ի վեր­ջոյ, կեղծ ան­ցագ­րով ան­ցաւ ­Պուլ­կա­րիա։
­Զի­նա­դա­դա­րէն ետք, 1919ին, իր կար­գին վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս եւ վերս­տին լծո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան եւ գրա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Բայց թրքա­կան երկ­րորդ հա­րո­ւա­ծը չու­շա­ցաւ եւ, քե­մա­լա­կան­նե­րու իշ­խա­նու­թեան ամ­րապն­դու­մով, հա­լա­ծան­քի ու խստաց­ման ա­լի­քը դար­ձեալ մղեց ­Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, որ­պէս­զի հե­ռա­նան ի­րենց ծննդա­վայ­րէն։
Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեան 1922ին վերջ­նա­կա­նա­պէս բաժ­նո­ւե­ցաւ ­Պո­լի­սէն։ Շր­ջան մը մնաց ­Պուլ­կա­րիա, ա­պա՝ ան­ցաւ Փ­րա­կա, ուր ամ­բող­ջա­ցուց հա­մալսա­րա­նա­կան իր ու­սու­մը։ 1929ին վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, շրջան մը ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ ­Քէ­լէ­կեան որ­բա­նո­ցին մէջ եւ, Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տէն սկսեալ, նիւ­թա­կան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մատ­նո­ւած, հայ կեան­քի հրա­պա­րա­կէն լրիւ քա­շո­ւե­ցաւ եւ մե­նա­կեաց ու ինք­նամ­փոփ կեան­քին անձ­նա­տուր ե­ղաւ…
1939ին մեծ հա­տո­րի մը մէջ հա­ւա­քեց եւ հրա­տա­րա­կու­թեան յանձ­նեց ­Պոլ­սոյ մէջ ապ­րած տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ «­Մա­գա­ղաթ­ներ» ա­նու­նով։ 1940ին լոյս ըն­ծա­յեց Փ­րա­կա­յի մէջ իր գրած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը՝ «­Պո­հե­մա­կանք» հա­տո­րով։ Իսկ 1949ին լոյս ըն­ծա­յեց «­Սօ­սեաց Ան­տառ»ը, որ կը մէկ­տե­ղէ փա­րի­զեան տա­րի­նե­րու իր գոր­ծե­րը։ ­Յետ մա­հու, 1971ին, լոյս տե­սան Ա­հա­րո­նի «­Վեր­ջին ­Կա­թիլ­ներ» եւ «­Հին ­Քեր­թո­ւած­ներ» հա­տոր­նե­րը։

…Ես ըս­փինքսն եմ, ա­նա­պա­տի սի­րա­հար,
­Սէրս ինձ բա­ւիղ տօ­թա­կէզ։
Ես իմ դի­մաց նըս­տած լու­ծել չեմ կըր­նար.
­Սիրտս, ա­փե­րուս մէջ, ծաղ­կա­ման շան­թա­հար.
­Խա­րոյկ եւ կամ մու­թի դէզ,
­Կը յառ­նիմ՝ լուռ եւ ան­տես։

Ա­հա այդ­պէ՛ս, սփինք­սի մը պէս, ինք­նամ­փոփ ու մե­նա­կեաց բա­նաս­տեղ­ծա­կան իր եր­կունքն ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ա­րա­րում­նե­րը շնչա­ւո­րեց հայ գրա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ւոր այս դէմ­քը։
­Հի­մա ար­դէն դժո­ւար չէ տես­նել, որ Ա­հա­րոն այդ­պի­սին դար­ձաւ իր տե­սած ու ապ­րած՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­հա­ւոր գող­գո­թա­յին հե­տե­ւան­քով։ Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քի յա­ճա­խան­քէն բնաւ չձեր­բա­զա­տո­ւե­ցաւ ու չվե­րա­կանգ­նե­ցաւ Ա­հա­րոն՝ իբ­րեւ կեն­սու­րախ բա­նաս­տեղծ։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ աս­տի­ճա­նա­բար խրե­ցաւ իր ներ­քին վիշ­տին ու ան­հուն տրտմու­թեան մէջ։
Իր «­Հին ­Կա­րօտ»ը խօ­սուն վկա­յու­թիւնն է Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեա­նի այդ մեծ տա­ռա­պան­քին.

— Օ­տար բո­լոր ճամ­բա­նե­րէն քա­լե­ցի,
­Չը­հար­ցու­ցի թէ ո՛ւր կու գան, ո՛ւր կ­’եր­թան,
­Յա­ճախ փու­շեր, եր­բեմն ալ վարդ քա­ղե­ցի,
­Բայց չը­գը­տայ դեռ քու ճամ­բադ ­Հա­յաս­տան։

Օ­տար բո­լոր վիշ­տերն ինձ մօտ ըզ­գա­ցի,
­Չը­հար­ցու­ցի թէ մերթ ին­չո՞ւ կը կոտ­տան,
­Մոռ­ցայ զա­նոնք, կամ մէկ օր լոկ սը­գա­ցի,
­Բայց չը­մոռ­ցայ քու վիշտն, ան­գի՜ն ­Հա­յաս­տան։

­Հա­յաս­տա­նը ա­մէ­նուր փնտռող եւ, տա­րագ­րու­թեան մէջ, իր մտքին ու հո­գիին խո­րե­րը ­Հա­յաս­տան մը ստեղ­ծող բա­նաս­տեղծն է Ա­հա­րոն, ո­րուն մա­հուան 53րդ ­տա­րե­լի­ցը կը լրա­նայ ­Յու­նո­ւար 31ի այս օ­րը։ Ի­րա­ւամբ սփիւռ­քա­հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած սե­րուն­դին մե­նա­կեաց, այ­լեւ ա­ւան­դա­պահ պատ­գա­մա­բե­րը ե­ղաւ Ա­հա­րոն, որ իր ա­մէ­նէն տրտում եւ դառն պա­հուն ան­գամ՝ միշտ վառ պա­հեց հա­յու իր լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը եւ պատ­գա­մեց.-

­Չա­րը հե­ռուն կ­’ա­ղօ­տա­նայ, կ­’առ­կայ­ծի,
Եւ աշ­խար­հը երգ մըն է կար­ծես, ե՜րգ յա­րու­թեան։

Ինչ­պէս ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան դի­տել կու տայ, Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեան ստեղ­ծա­գոր­ծեց՝ միշտ մտեր­մու­թեան մէջ ըլ­լա­լով «մեր բո­լոր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, մեր բո­լոր հին ու նոր հա­ւատք­նե­րուն, մարդ­կա­յին բո­լոր վիշ­տե­րուն եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն­նե­րուն, ա­մէ­նէն խո­նարհ ու փար­թամ վա­յելք­նե­րուն, հին ու նոր աս­տո­ւած­նե­րուն եւ ա­նոնց­մով խորհր­դան­շո­ւող կեան­քի հան­գա­նակ­նե­րուն,- զորս կը քննէ ստո­յի­կեան մար­դու հա­յեաց­քով, հաս­նե­լու հա­մար հան­դարտ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու»։
­Մարդ­կա­յին հո­գիի գաղտ­նիք­նե­րուն եւ խոր­հուրդ­նե­րուն սե­ւե­ռած բա­նաս­տեղծն է Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեան։ Ա­հա՛ վկա­յու­թիւն մը.

­Նա­խեր­գանք XXX

­Թո՛յլ տուր հի­մա, որ մըր­մըն­ջեմ, սի­րե­լի՛ս,
­Դուն բա­ղե­ղի նը­ման հիւ­սո­ւած գի­շե­րին,
­Թո՛ղ որ հըծ­ծեմ ա­կան­ջիդ, գլու­խըդ կուրծ­քիս,
­Թէ, խօ՛լ աղ­ջիկ, լոյ­սերն ի՜նչ շուտ կը մա­րին։

­Թո՛յլ տուր հի­մա, որ մըր­մըն­ջեմ, Ար­տե­մի՛ս,
­Կո՛յս վի­րա­ւոր, վէր­քովն հա­տու սու­սե­րին,
թէ երբ կա­խարդ ե­րա­զէն վերջ կը տըրտ­միս,
Այդ թա­խի­ծով բի­բերդ ի՜նչ մութ կը վա­ռին։

Եւ մինչ ա­րիւն ու կաթ տա­լով ցայ­գե­րուն,
Կ­՛անց­նիս կ­՛եր­թաս ճամ­բա­նե­րէն աշ­խար­հի,
­Մեր ծոցն ես յար, մե՜րկ վիշտ, դո­ղով քու սարսռուն։

­Ցայ­գե­րէն վերջ, միշտ մե­զի հետ այ­գե­րուն,
­Կաս ու չե­կաս, փլած մե­հեան ո՛վ ­Դի­ցու­հի,
­Կաս ու չե­կաս, թաց աչ­քե­րով դե­գե­րուն։