­Շա­բաթ՝ 13 ­Յու­նո­ւար 2018ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գտնո­ւող ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան ­Ծաղ­կոց» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի 2018 տա­րո­ւան գա­թա­յի կտրու­մը, ներ­կա­յու­թեամբ՝ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մին, ծնո­ղա­կան միու­թեան, Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եւ Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րուն։
Դպ­րո­ցի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Զա­պէլ ­Գալ­ֆա­յեան կտրեց գա­թան՝ մաղ­թե­լով ա­ռող­ջու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն։ ­Գա­թա­յի կտրման ժա­մա­նակ, մե­տա­ղադ­րա­մը յայտ­նո­ւե­ցաւ դպրո­ցի ծնո­ղա­կան միու­թեան գան­ձա­պա­հու­հի տիկ. ­Տիան­նա ­Պա­յա­զէ­թեա­նի մօտ. Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հիին կող­մէ նո­ւէ­րը յանձ­նո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան բախ­տա­ւո­րին։
Դպ­րո­ցի մեծ ըն­տա­նի­քը սրտանց շնոր­հա­ւո­րեց տիկ. ­Պա­յա­զէ­թեա­նը՝ ա­նոր մաղ­թե­լով ա­ռող­ջու­թեամբ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով լե­ցուն տա­րի մը եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում, ինչ­պէս նաեւ՝ ծնո­ղա­կան միու­թեան ճամ­բով բա­րի ա­ռա­քե­լու­թիւն եւ ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տանք։
­Տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։