Քա­նի մը հա­րիւր ու­սա­նող­ներ եւ ա­նոնց սա­տա­րող քա­ղա­քա­ցի­ներ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ ­Նո­յեմ­բեր 8ին, դա­սա­դու­լի դի­մե­ցին՝ պա­հան­ջե­լով պահ­պա­նել տար­կէտ­ման ի­րա­ւուն­քը, որ ըստ «­Զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան մա­սին» նոր օ­րէն­քին՝ պի­տի վեր­ցո­ւի: Ու­սա­նող­նե­րը ա­ռա­ւօ­տեան հա­ւա­քո­ւե­ցան Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի (Ե.Պ.Հ.) բա­կը: Շր­ջե­լով հա­մալ­սա­րա­նի բա­ժան­մունք­նե­րուն կող­քով՝ ա­նոնք քա­լե­ցին դէ­պի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն, ուր ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խում­բով հան­դի­պում ու­նե­ցան կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մկրտ­չեա­նի հետ: Նա­խա­րա­րը ըն­դու­նեց դա­սա­դուլ յայ­տա­րա­րած ու­սա­նող­նե­րը:
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին եր­կար քննար­կում տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­րա­րին եւ ու­սա­նող­նե­րուն մի­ջեւ՝ տար­կէտ­ման ի­րա­ւուն­քի վե­րաց­ման վե­րա­բե­րեալ: Ու­սա­նող­նե­րը նա­խա­րա­րին յայտ­նե­ցին ի­րենց մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք բազ­մա­թիւ էին: Ա­նոնք յայտ­նե­ցին, որ տար­կէտ­ման ի­րա­ւուն­քին ջնջու­մը չի նպաս­տեր հար­ցի լուծ­ման:
­Նա­խա­րա­րը ու­սա­նող­նե­րուն բա­ցատ­րեց օ­րէն­քին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Ան նշեց, որ օ­րէն­քը չի վնա­սեր գի­տու­թեան զար­գաց­ման:
­Հան­դի­պու­մը ո­րե­ւէ ար­դիւն­քի չյան­գե­ցաւ. ու­սա­նող­նե­րը ո­րո­շե­ցին ի­րենց բո­ղո­քը շա­րու­նա­կել ցոյ­ցով: