­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Գ­րա­դա­րա­նի թա­մա­նեա­նա­կան մաս­նա­շէն­քին մէջ բա­ցո­ւած է գրատ­պու­թեան թան­գա­րան, որ կը ներ­կա­յաց­նէ հայ տպագ­րու­թեան ան­ցած ճա­նա­պար­հը,- կը հա­ղոր­դէ «­Մե­դիա­մաքս»:
­Թան­գա­րան հիմ­նե­լու գա­ղա­փա­րը ծնած էր դեռ 2012ին, երբ կը նշո­ւէր հայ­կա­կան գրատ­պու­թեան 500ա­մեա­կը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ Ե­րե­ւա­նը հռչա­կած էր «գիր­քի հա­մաշ­խար­հա­յին մայ­րա­քա­ղաք»:
­Թան­գա­րա­նի բաց­ման ներ­կայ գտնո­ւած է մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան:
­Վեց ցու­ցաս­րահ­նե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած են նա­խագ­րա­յին շրջա­նէն մին­չեւ ժա­մա­նա­կա­կից տպագ­րու­թիւն հա­յոց ու­ղին: ­Մեծ ցու­ցաս­րահ յատ­կա­ցո­ւած է հայ գրատ­պու­թեան «ա­ռաջ­նեկ­նե­րուն». այ­ցե­լու­նե­րը կրնան տես­նել 1512 թո­ւա­կա­նին ­Վե­նե­տի­կի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած հա­յա­տառ ա­ռա­ջին գիր­քը` «Ուր­բա­թա­գիրք»ը, ա­ռա­ջին Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը` լոյս տե­սած 1666ին Ամսթեր­տա­մի մէջ, ա­ռա­ջին ամ­սա­գի­րը` ­Մադ­րա­սի մէջ տպագ­րո­ւած «Ազ­դա­րար»ը: ­Ներ­կա­յա­ցո­ւած է նաեւ ամ­բող­ջու­թեամբ հա­յա­տառ ա­ռա­ջին քար­տէ­սը` «­Հա­մա­տա­րած աշ­խար­հա­ցոյց»ը:
­Թան­գա­րա­նին մէջ կը նե­ր­կայ­ացո­ւին հայ­կա­կան գրատ­պու­թեան խո­շոր կեդ­րոն­նե­րը:
Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու, Անդր­կով­կա­սի, ա­րե­ւել­քի, պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ տպա­րան­ներ կը բա­ցո­ւէին, հա­յե­րէն տա­ռեր կը ձու­լո­ւէին ու գիր­քեր կը հրա­տա­րա­կո­ւէին:
«­Կա­րե­ւոր ցու­ցան­մոյշ­ներ ու­նինք: 1848 թո­ւա­կա­նին ­Շա­մա­խի` ներ­կա­յիս Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քին, ե­րեք հայ ըն­կեր­ներ տպա­րան հիմ­նած են: Ա­ռա­ջին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը չու­նինք, բայց կայ 1851 թո­ւա­կա­նին տպագ­րո­ւած «­Գի­տու­թիւն շնոր­հաց»ը: Այդ տպա­րա­նին մէջ բա­ւա­կան շատ հա­յե­րէն գիր­քեր տպագ­րո­ւած են»,- ը­սած է Ազ­գա­յին Գ­րա­դա­րա­նի փոխ-տնօ­րէն ­Հայ­կա­նոյշ ­Ղա­զա­րեան:
Ս­րահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած են գրահ­րա­տա­րակ­չա­կան ար­հես­տա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րու զար­գաց­ման փու­լե­րը` տպագ­րա­կան հաս­տոց­նե­րէն մին­չեւ ժա­մա­նա­կա­կից կրիչ սար­քե­րը:
«Տ­պագ­րա­կան եր­կու ե­զա­կի մե­քե­նա­ներ ու­նինք, մօտ 100 տա­րե­կան են` մէ­կը ար­տադ­րո­ւած է ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան մէջ, միւ­սը՝ գեր­մա­նա­կան է: ­Մեր տպա­րան­նե­րէն ձեռք բե­րած ենք, հա­զիւ կրցած ենք փրկել. որ­պէս մե­տա­ղի ջար­դօն կ­՛օգ­տա­գոր­ծեն»,- ը­սած է Ազ­գա­յին Գ­րա­դա­րա­նի տնօ­րէն ­Տիգ­րան ­Զար­գա­րեան:
­Թան­գա­րա­նին մէջ ցու­ցադ­րո­ւած են նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մա­մու­լի ե­զա­կի նմոյշ­ներ, ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տպագ­րո­ւող մա­մու­լի օ­րի­նակ­ներ:
­Ցու­ցան­մոյշ­նե­րու հիմ­նա­կան մա­սը վեր­ցո­ւած է հա­յա­տառ տպա­գիր նիւ­թի ա­մե­նա­մեծ պա­հո­ցի` Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն: