Ս­փիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան լրագ­րող­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ­Սեպ­տեմ­բեր 18-20ին Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի կա­յա­նայ «­Փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւն, միաս­նա­կա­նու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն» խո­րա­գի­րով ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք 6րդ ­հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը:
«­Հա­մա­ժո­ղո­վը նա­խա­տե­սո­ւած է ի­րա­կա­նաց­նել ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­կան հե­րո­սա­մարտ­նե­րու եւ ­Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 100ա­մեա­կին, ինչ­պէս նաեւ Է­րե­բու­նի-Ե­րե­ւա­նի 2800ա­մեա­կի նա­խա­շե­մին»,- «Եր­կիր»ի փո­խանց­մամբ՝ ը­սած է նա­խա­րա­րը:
­Նա­խա­րա­րին խօս­քով` այս պա­հուն 70 երկ­րէ 1400 սփիւռ­քա­հայ հաս­տա­տած է իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­մա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տան­քե­րուն: ­Յա­կո­բեան նշած է, որ մօտ 20 եր­կիր, ո­րոնց մէջ` ­Մեան­մա­րը, ­Սին­կա­փու­րը, Ե­թով­պիան, ­Մա­րո­քը, ­Թայ­լան­տը, ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի մաս­նակ­ցին:
Ըստ նա­խա­րա­րին` հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն 70%ը տղա­մար­դիկ են, 30%ը` կա­նայք: «Հ­րա­ւի­րո­ւած է 600 հո­գի` հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, հո­գե­ւոր, կրթամ­շա­կու­թա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, ան­հատ­ներ»,- ը­սած է ան, ա­պա՝ ա­ւել­ցու­ցած, որ սփիւռ­քէն 92 լրագ­րող եւ խմբա­գիր հաս­տա­տած են ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը:
­Նա­խա­րա­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ե­րեք լիա­գու­մար նիս­տեր: «Ա­ռա­ջին լիա­գու­մար նիս­տին ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նան Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս, Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րը: Երկ­րորդ լիա­գու­մար նիս­տին ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նայ Հ.Հ. վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան, իսկ ա­հա եր­րոր­դին` Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­րա ­Բաբ­լո­յեան»,- յայտ­նած է ան:
Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ հա­մա­ժո­ղո­վի ծի­րէն ներս պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւին նաեւ շարք մը մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ:
Ի դէպ, ըստ ա­նոր, 6րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վը տար­բեր պի­տի ըլ­լայ նա­խորդ­նե­րէն նաեւ ա­նով, որ բա­ցի ե­րեք լիա­գու­մար նիս­տե­րէն 4 ուղ­ղու­թիւն­նե­րով նա­խա­տե­սո­ւած են 16 ըստ նիւ­թի նիս­տեր: «Այդ նիս­տե­րուն, բա­ցի սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն, պի­տի մաս­նա­կին նաեւ Հ.Հ. մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մարկ­ման եւ բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը»,- ը­սած է նա­խա­րա­րը:
«­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ զե­կու­ցում­ներ «Ազգ-բա­նակ» հա­ւա­քա­կան նե­րու­ժի զար­գաց­ման օ­րի­նա­կին, ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան, ազ­գա­յին նե­րու­ժը բա­նա­կա­շի­նու­թեան ո­լոր­տին մէջ հա­մախմ­բե­լու վե­րա­բե­րեալ, անդ­րա­դարձ պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի թե­մա­յին, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, խորհր­դա­րա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան առն­չո­ւող հար­ցե­րուն»,- տե­ղե­կա­ցու­ցած է ­Յա­կո­բեան: